«ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՑԱԾ Է ՄԵՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Վատիկան` հանդիպում մը ունենալու Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ:
Ռայի պատրիարքը ճամբեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, նախարար Նազեմ Խուրի:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը իրենց օրհնութիւնը ստացած է` նկատի ունենալով, որ անոր կազմութիւնը վաւերացուած է նախագահ Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:
Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ կառավարութիւնը արդարացնէ լիբանանցիներուն յոյսերը` աւելցնելով, որ կառավարութեան մաս կը կազմեն այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք տնտեսական, ընկերային թէ մշակութային հսկայ պատասխանատուութիւններ կրնան ստանձնել:
Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ սէրը եւ վստահութիւնը վերադարձնել լիբանանեան ընկերութեան` նկատել տալով միաժամանակ, որ ինք բոլոր ժողովուրդներուն ապահովութիւն ու խաղաղութիւն կը ցանկայ, ըլլայ Սուրիոյ թէ հիւսիսի մէջ, թէ այլուր:
«Մենք դէմ ենք բռնարարքներուն եւ զէնքին, միաժամանակ ջատագովները` երկխօսութեան եւ փոխըմբռնումին:
Մենք կոչ ուղղեցինք ՄԱԿ-ին Լիբանանի եւ պաղեստինցիներուն դէմ իր գործած բռնարարքներուն համար հաշուետուութեան կանչելու Իսրայէլը եւ լուծելու այդ բռնարարքներուն հարցը», ըսաւ ան:

