ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆԸ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Մանճեան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց պետական նախարար Փանոս Մանճեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն` նախագահ Սլէյման շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ երկրին ընկերային եւ տնտեսական հարցերը լուծել:

Նախագահ Սլէյման դրուատեց բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական միջոցառումները եւ ցաւ յայտնեց զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն ու վիրաւորներուն համար:

Share this Article
CATEGORIES