50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 21 ՅՈՒՆԻՍ 1961 )

ԿԻՊՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

(ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ)

Հիւսիսային Յունաստանի մեր երիտասարդ ընկերներէն Կարապետ Գալֆայեան, որ Ազգային ճակատի հրաւէրով Կիպրոս կը գտնուի մօտ ամիսէ մը ի վեր, կը շարունակէ իր դասախօսութիւնները կղզիի կարեւոր կեդրոններուն մէջ, հայ եւ յոյն բազմութիւններու առջեւ:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին Կ. Գալֆայեան երկու դասախօսութիւններ տուաւ Նիկոսիա: Դասախօսութիւններու նախաձեռնութիւնը ստանձնած էին Հայ երիտասարդաց միութիւնը եւ Համազգայինը: Իր ընտրած նիւթերն էին` «Հայ մշակոյթը» եւ «Հայ յեղափոխութիւնը վերջին 75-ամեակին»:

Երկու դասախօսութիւններուն ալ խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ ՀԵՄ-ի պարտէզը: Ընկ. Գալֆայեան իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար շեշտեց մեր մշակոյթի եւ անկախութեան համար մղուած պայքարները եւ անոնց մէջ յայտնուած հայու անընկճելի ոգին, մագնիսացնելով մթնոլորտը:

Լառնաքայի մէջ եւս յարգելի դասախօսը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց իր տուած դասախօսութիւններով:

Իր առաջին դասախօսութեան նիւթ ընտրած էր «Հայ եւ յոյն մշակութային թէ զինուորական յարաբերութիւնները պատմական օրերէն ի վեր»: Դասախօսութիւնը, որ տրուեցաւ Հայ ակումբի սրահին մէջ, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց:

Կ. Գալֆայեան տուաւ նաեւ յունարէնով դասախօսութիւն մը հայ եւ յոյն ժողովուրդներու եղբայրական յարաբերութեանց մասին, Յունական մշակութային միութեանց հրաւէրով, Լառնաքայի մէջ, յունիս 14-ի գիշերը:

Ներկաներուն մէջ էր յոյն եւ հայ մտաւորականութեան ընտրանին: Հպարտանքով է, որ ներկայ եղանք նման բացառիկ երեւոյթի մը, որ երբեւիցէ տեղի ունեցած ըլլայ կիպրահայ պատմութեան մէջ:

Կիպրահայութիւնը անմոռանալի օրեր ապրեցաւ այս վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին: Նման այցելութիւններ  երիտասարդ, պատրաստուած մտաւորականներու կողմէ մեծապէս կը նպաստեն հայը հայ պահելու տեսակէտէ, եւ փափաքելի է, որ նման ձեռնարկներ յաճախ կազմակերպուին:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
ՆՈՐ ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ

(ՅԱՊԱՂԱԾ)

ՀՅ Դաշնակցութեան «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի կազմակերպած` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 43-րդ տարեդարձին յիշատակը տօնակատարուեցաւ շրջանի Աբգարեան Ազգային երկրորդական վարժարանի բացօթեայ սրահին մէջ:

Հանդիսութեանց ներկայ եղան պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ մեթր Վարդգէս Շամլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Լութֆիկ Նարկիզեան եւ քաղաքապետարանի հայ անդամները, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութեամբ` շրջանի հայութիւնը:

Կոմիտէի կողմէն Յովհաննէս Փայլունի խնամուած յայտագիր մը գործադրեց բարձրախօսին առջեւ:

Ան հանդէսը բացուած յայտարարելէ ետք բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Գառնիկ Բանեանը, որ պատմականօրէն  վերլուծեց այն քաղաքական պայմանները, որոնք ծնունդ տուին 1918-ի մայիս 28-ի Մեծ Աքթին, որ հիմը դրաւ Արարատի փէշերուն, հայ ժողովուրդի դարեր շարունակ երազը եւ պայքարի նպատակը եղող ազատ եւ անկախ հայրենիքի մը:

Խոր ապրումով արտասանեցին` Յակոբ Կիւլոյեան եւ Թաթուլ Այնեճեան, ինչպէս նաեւ` պատանի Սարգիս Կէօվպաշեան: Մեներգեցին եւ զուգերգեցին` Յասմիկ Յովսէփեան, Գէորգ Պուրսալեան եւ Արմենուհի Այնեճեան:

Գեղարուեստական բաժինէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան միակ բանախօսը` Յակոբ Իսկենտերեան, որ իր անհատական ապրումներուն ընդմէջէն աշխատեցաւ բացատրել մայիս 28-ի խորհուրդը:

Իր փակման խօսքին մէջ նախագահը խրախուսեց ժողովուրդը եւ յորդորեց կառչած մնալ մայիս 28-ին:

Յովհաննէս Փայլունիի շնորհակալական խօսքերէն ետք սկսաւ հանդէսի խրախճանքի բաժինը, որ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:

Ե. Ք.

Share this Article
CATEGORIES