Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

horoscope1-saidaonlineԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր ասպարէզին յատուկ կազմաւորում մը ձեր դիմաց պիտի բանայ նոր դուռեր: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` ըստ սովորականի, կը գնահատուիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր ծախսին, առած-տուածին: Կրնաք շուտով անդրադառնալ ասոր, հետեւաբար զսպեցէք սանձարձակ գնումները:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուշադիր եղէք ձեր հագուածքին, մարդիկ ձեզ կը գնահատեն ձեր արտաքին տեսքով: Դուք ալ կրնաք հմայել ձեր շուրջինները` վայելուչ հագուածքով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ծրագիր մը ունիք, զոր կ՛ուզէք իրագործել անպայման: Եթէ արգելքներ պատահին, քիչ մը այլ դասաւորում ըրէք յաջողելու համար:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքները լաւ դասաւորեցէք, բարեկամութիւն եւ աշխատանք պէտք է հաշտ ըլլան իրարու: Այս կը նշանակէ ըլլալ արդար եւ անկեղծ` գործելակերպի մէջ, առանց կողմնակալ տրամադրութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ոմանք կ՛ուզեն ձեզ յուսալքել, շուտով մի՛ ազդուիք այդպիսիներէ: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` առանց վհատելու: Հետեւեցէք ձեր սկզբունքին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը սիրէք ընթերցանութիւնը, սակայն ըրէք այնպէս, որ ձեր ընթերցանութենէն օգուտ քաղէ ձեր աշխատանքը, ձեր ասպարէզը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք վճարումներ, մասնավճարներ, հետեւեցէք ձեր այս պարտականութեան ամենայն հաւատարմութեամբ, որպէսզի անհոգ մնաք, բարդութիւն չունենաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի դժուար օր մը: Ուշադիր եղէք ձեր ընելիքին, ոչինչ ձգեցէք վաղուան, որպէսզի դիտողութիւն չլսէք ձեր մեծերէն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր դիրքին եւ ձեր գործին վրայ հաստատ կեցէք: Մեծ փոփոխութիւն մը չունիք այսօր աշխատանքի վերաբերեալ, շարունակեցէք օրը այնպէս, ինչպէս որ է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մարզանք կատարելը մի՛ մոռնաք, շատ կարեւոր է ձեր առողջութեան եւ բարեձեւութեան համար: Քալեցէք, եթէ ժամանակ ունիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դրամական հարց ունիք, շատ կը ծախսէք: Ձեր շահածէն աւելի ծախսելը սխալ է, պարտական կը մնաք: Խոհեմութեամբ պահեցէք ձեր գումարները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )