Հայաստանի Երկրորդ Մեծագոյն Քաղաքը Կ՛ամայանայ
Արմթայմզ կայքէջին համաձայն, գիւմրեցիները սարսափով կ՛ահազանգեն, որ քաղաքը դատարկուած է այն աստիճան, որ պարզ աչքով տեսանելի է նոյնիսկ փողոցներուն մէջ: Կ՛ըսեն, որ ժամերով կեդրոնական փողոցներէն մարդ չ՛անցնիր, հատուկենտ ինքնաշարժեր կը նկատուին: Գիւմրիի մէջ վերջին 3 տարուան ընթացքին մեծ թափով շարունակուող արտագաղթը դատարկած է քաղաքն ու մինչեւ իսկ քաղաքի այն հատուածները, որոնք պէտք էր եռուն ըլլային:
Փաստօրէն, երկրաշարժէն 25 տարի ետք, քաղաքին նոր մարտահրաւէր նետած է արտագաղթը: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պաշտօնական տուեալները, բնականաբար, քիչ մը մեղմ, սակայն խօսուն են: Մասնաւորաբար, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 1 յուլիս 2012-ի դրութեամբ Գիւմրիի մէջ կը բնակէր 145,700 մարդ, իսկ 2013-ին 120,700, այսինքն` մէկ տարուան մէջ 25,000 գիւմրեցի լքած է քաղաքը: