Արտագաղթը Կը Շարունակուի Շիրակի Եւ Լոռիի Մարզերէն. «Կոլոս Ռոսիի. Մինչեւ 2040 Թուական Հայաստանը Կրնայ Մնալ Առանց Հայերու»
Ռուսիոյ պետական տեղեկատուական գործակալութեան «Կոլոս Ռոսիի» ռատիոկայանը նոյեմբեր 27-ին Հայաստանի մասին ընդարձակ հաղորդում մը սփռած է հետաքրքրական վերնագրով` «Մինչև 2040 թուական Հայաստանը կրնայ մնալ առանց հայերու»:
Հաղորդման հեղինակները կեդրոնացած են արտագաղթի նիւթին վրայ` տեղեկութիւններ հաղորդելով, որ միայն վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Հայաստանէն հեռացած է մօտ 250 հազար քաղաքացի:
78 Հազար 500 Քաղաքացի
Արտագաղթած Է
Շիրակի Եւ Լոռիի Մարզերէն
Հայաստանի նոր վիճակագրութեանց տուեալներով, անցնող մէկ տարուան ընթացքին Շիրակի-Լոռիի մարզի բնակչութիւնը նուազած է 78 հազար 500 քաղաքացիով, որուն 47 հազար 500-ը` Լոռիի մարզէն:
CATEGORIES Հայ Դատ