Հայաստանի Բնակչութիւնը Նուազած Է 7,5 Առ Հարիւրով

migration-1Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան նոյեմբեր 19-ին հրապարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերը եւ Երեւան քաղաքը թիւերով» հերթական զեկուցումին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու բնակչութեան թիւը: Մարզերուն մէջ բնակչութիւնը 1 տարուան ընթացքին նուազած է 13-17 առ հարիւրով:

Արագածոտնի մարզի բնակչութիւնը այս մէկ տարուան ընթացքին նուազած է 10 հազարով կամ` 6,9 առ հարիւրով, Արարատինը` 20 հազարով, կամ` 7,2 առ հարիւրով, Արմաւիրինը` 20,3 հազարով, կամ` 7 առ հարիւրով, Գեղարքունիքինը` 7,5 հազարով, կամ` 3 առ հարիւրով, Լոռիի մարզինը` 47,5 հազարով, կամ` 17 առ հարիւրով, Կոտայքինը` 28 հազարով, կամ` 10 առ հարիւրով, Շիրակինը` 31 հազարով, կամ` 11 առ հարիւրով, Սիւնիքինը` 11 հազարով, կամ` 7,3 առ հարիւրով, Վայոց Ձորինը` 4 հազարով, կամ` 6,9 առ հարիւրով, Տաւուշինը` 6,5 հազարով, կամ` 5 առ հարիւրով:

Երեւանի բնակչութիւնը այդ ընթացքին նուազած է 61 հազարով, կամ` 5,4 առ հարիւրով: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բնակչութիւնը, ըստ Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան հրապարակած պաշտօնական այդ տեղեկատուութեան, նուազած է 247 հազարով, կամ` 7,5 առ հարիւրով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )