ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է
ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆԻ
«ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՉՔԵՐՈՎ ՕՏԱՐԱԿԱՆԸ»
ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՎԷՊԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Վերջերս Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսահայ գրագէտ Մովսէս Պչաքճեանի «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» խորագիրով վէպին շնորհահանդէսը:

Հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան նշած է. «Մովսէս Պչաքճեան կրցած է պահել սփիւռքահայ եւ մասնաւորաբար արեւմտահայ գրականութիւնը 1990-ական թուականներուն դժուար շրջանին, երբ բոլորը կը խօսէին արեւմտահայ գրականութեան անկումին մասին»: Գրողներու միութեան նախագահը շարունակած է` ըսելով, որ «այս ստեղծագործութեամբ Մովսէս Պչաքճեան ապացուցած է, որ արժանիօրէն կը նկատուի սփիւռքի լաւագոյն արձակագիրներէն մէկը»: Լ. Անանեան իր խօսքը եզրափակած է մէջբերելով գիրքին ամենաբնորոշ տողերէն մէկը` «Երեւանին քիչ մը Փարիզ կը պակսի, իսկ Փարիզին ամբողջ Երեւանը»:

Նշենք, որ Մովսէս Պչաքճեան «Լուսաւոր աչքերով օտարականը» խորագիրով վէպին մէջ ներկայացուցած է` մարդոց հոգեկան բարդ ապրումները:

ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻԻ ԳՈՂՑՈՒԱԾ ԿՏԱՒԸ
ԻՐ ՏԵՂԸ ԳՏԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Վերջերս Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Ազգային պատկերասրահին յանձնեց աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Փոթորիկ ժայռոտ ափին» անուան ստեղծագործութիւնը` (1875 թուական, կտաւ իւղաներկ, 73×102 սանթիմեթր): Անիկա 21 տարի առաջ գողցուած էր Երեւանի արտասահմանեան երկիրներու հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապերու ընկերութենէն (ԱՕԿՍ): Եւ ահա տարբեր հաւաքորդներու կողմէ քանի մը անգամ վերագտնուած այս յայտնի կտաւը, Մոսկուայէն կտաւի սեփականատէր, ռուս ծերակուտական Յովհաննէս Օհանեանի, մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած օրէնսդրութեան կատարման վերահսկողութեան դաշնային ծառայութեան ղեկավար Վիքթոր Պետրակովի, նոյն բաժինի վերադարձման պատասխանատու Օլեգ Դերեվյանկոյի, արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի ուղեկցութեամբ «Փոթորիկ ժայռոտ ափին» գործը երկար դեգերումներէ ետք տեղափոխուեցաւ Երեւան եւ հանդիսաւորութեամբ յանձնուեցաւ Ազգային պատկերասրահին:

Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ջերմ շնորհակալական խօսքեր յղեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են մեր ազգային արժէքին յայտնաբերման: Հայաստանի ազգային պատկերասրահին պահոցներուն մէջ գտնուող Այվազովսկիի մօտաւորապէս 200 աշխատանքները, որոնցմէ 65-ը գեղանկար են, բոլորն ալ նուիրատուութիւն են, եւ այսպիսով անոնց շարքը կ՛աւելնայ այս արժէքաւոր ստեղծագործութիւնը` Յովհաննէս Օհանեանի կողմէ տրամադրուած: Երբ ծրարուած կտաւը բացուած է` ուղեկցողներուն եւ լրագրողներուն կողմէ հնչած է բուռն ծափահարութիւն:

Այս առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կտաւի սեփականատէր Յովհաննէս Օհանեան յայտնած է, որ իր հաւաքածոներուն մէջ, որոնք 100-է աւելի են, կը գտնուին` Այվազովսկիի, Շիշկինի, Լեւիտանի, Պոլենովի, Մինասի, Բաշինջաղեանի, Նալպանտեանի եւ այլոց գործերը: Ան նշած է. «Շատ ուրախ եմ, որ այս արժէքաւոր գլուխ-գործոցը յայտնուեցաւ քովս եւ կ՛երեւի ի վերուստ որոշուած էր, որ օր մը պիտի գայ այն պահը, երբ Այվազովսկիի կտաւը վերադառնայ Հայաստան: Յայտնեմ նաեւ, որ ես սրտանց կը նուիրեմ զայն Ազգային պատկերասրահին»:

Արուեստաբան Շահեն Խաչատրեան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարին, որ զինք յատուկ ուղարկած է Մոսկուա` նկարին իսկականութիւնը ճշդելու առաքելութեամբ: Ան նշած է, որ կտաւը վերականգնող մասնագէտները հմտութեամբ աշխատեցան, սակայն չվերականգնեցին կտաւին անկիւնը գտնուող նկարիչին ստորագրութեան երկու տառերը, որոնք անհետացած էին գողութեան ընթացքին: Արուեստաբանը իր խօսքի աւարտին փափաք յայտնած է, որ վերագտնուին նաեւ Այվազովսկիի միւս կտաւները, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ «Տիեզերք. աշխարհի արարումը» կտաւը, եւ որ նուիրուած եղած է Խրիմեան Հայրիկին, որովհետեւ այս կտաւն ալ ենթարկուած է գողութեան նոյն տարին, նոյն վայրէն:

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ.ԹԻ.ԷՍ.»Ի ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՏԱՆԻ ԵՐԱԺԻՇՏ ԿԱՏԱՐՈՂՆԵՐՈՒ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Հայաստանի «Նոր անուններ» ծրագիրի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պատանի երաժիշտ կատարողներու անդրանիկ միջազգային փառատօնը, որուն համար զանազան երկիրներէ Հայաստան եկած էին մինչեւ 18 տարեկան պատանիներ, որոնք միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթ փառատօներու բազմակի դափնեկիրներ, ինչպէս նաեւ տարբեր հիմնադրամներու կրթաթոշակառուներ են:

Փառատօնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. կնոջ`  Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ եւ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբերու աջակցութեամբ: Նշենք, որ փառատօնին գլխաւոր հովանաւորներն են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը եւ հարաւկովկասեան երկաթուղին:

Մշակութային կարեւոր այս նախաձեռնութիւնը երիտասարդ կատարողներուն կարելիութիւն ընձեռեց հանդէս գալու ո՛չ միայն Հայաստանի պետական սենեկային եւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբերուն հետ, այլ նաեւ իբրեւ մենակատար:

Փառատօնի ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտնած է, որ «գեղեցիկ ապրելու համար անհրաժեշտ է գեղեցիկ մտածել, ինչպէս նաեւ առաջնորդուիլ բանականութեան լոյսով եւ արուեստի ուժով: Կը կարծեմ, թէ սխալած չեմ ըլլար եթէ նշեմ, որ երաժշտութիւնը միջնորդ կը հանդիսանայ հոգիի եւ զգացումներուն միջեւ: Արուեստի այս ճիւղը կ՛օգնէ բացայայտելու կատարելութեան եւ զգալու երեւակայութեան անսահմանութիւնը», ընդգծած է Ռ. Եիրիկեան:

«ՓԱՐՈՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ
ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

8 յունիսին Երեւանի սիրահարներու այգին վերածուած է Բրիտանիոյ ազգային տօնի, թագուհիին ծննդեան օրուան իւրայատուկ եւ հանդիսաւոր տօնակատարութեան վայրի: Ամէն տարի յունիսին Բրիտանիոյ դեսպանատուները կը նշեն Բրիտանիոյ թագուհիին ծննդեան պաշտօնական օրը:

Այս տարուան տօնակատարութեան շրջանակներուն մէջ համերգային յատուկ ծրագիրով հանդէս եկաւ «Փարոս» սենեկային երգչախումբը, որ հիմնուած է 1993-ին: «Փարոս» երգչախումբին հիմնադրուած թուականէն մինչեւ 2008 գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավարը եղած է Վաչագան Նաւասարդեան, իսկ 2009-ի սկիզբը «Փարոս» սենեկային երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարի եւ խմբավարի պաշտօնը տրուած է Րաֆֆի Միքայէլեանի:

«Փարոս»ը աշխարհի մէջ միակ երգչախումբն է, որուն անդամներուն գերակշռող մեծամասնութիւնը կը կազմեն սայլակ օգտագործող հաշմանդամներ: «Փարոս» սենեկային երգչախումբը բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Երեւանի, Հայաստանի զանազան շրջաններու եւ արտերկրի մէջ: Մասնաւորաբար նշենք, որ «Փարոս»ը Հայաստանի երկրաշարժի 10-ամեակին` 1998-ին հրաւիրուած է Վրաստանի նախկին նախագահ Է. Շեւարտնածէի կողմէ եւ ելոյթ ունեցած է Թիֆլիսի մէջ: Հիւրախաղերով հանդէս եկած է Լիբանանի մէջ 1997-ին եւ Ֆրանսայի` 2005-ին, ինչպէս նաեւ յաջողութեամբ մասնակցած է միջազգային մրցոյթ-փառատօներու Բրիտանիոյ մէջ 2000-ին, իսկ Իտալիոյ` 2003-ին: Նշենք, որ հրապարակուած են «Փարոս»ի երկու ձայնասկաւառակներ, որոնք «Փարոս»ի ելոյթներուն կողքին արժանացած են հայ եւ օտար յառաջատար մասնագէտներու բարձր գնահատանքին:

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ
ՄՐՑՈՅԹ-ՓԱՌԱՏՕՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է մանկապատանեկան երգչախումբերու միջեւ մրցոյթ-փառատօն, որուն բացի արուեստի եւ երաժշտական դպրոցներէն մասնակցած են նաեւ Արցախի հանրակրթական դպրոցներու խումբերը: Փառատօնին մասնակցած են 18 երգչախումբեր, որոնք ներկայացած են երկու կարգով եւ բոլորն ալ մեկնաբանած են Արցախի քայլերգը: Առաջին հանգրուանով արուեստի եւ երաժշտական դպրոցներու երգչախումբերը քայլերգը մեկնաբանած են երկձայն, իսկ երկրորդին` հանրակրթական դպրոցներու ինքնագործ խումբերը քայլերգը մեկնաբանած են միաձայն:

Փառատօնին առաջին բաժինով լաւագոյն երգչախումբեր հռչակուած են Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի, Հադրութի շրջանի Տող գիւղի եւ Ստեփանակերտի Յակոբ Կիւրճեանի անուան արուեստի դպրոցները, իսկ երկրորդ կարգին մէջ ընտրուած են Մարտունիի թիւ 1 դպրոցի եւ Ստեփանակերտի թիւ 11 աւագ դպրոցի երգչախումբերը: Նշուած լաւագոյն երգչախումբերը Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ ստացած են 100 հազար դրամ, իսկ մրցոյթ փառատօնին մասնակից միւս բոլոր երգչախումբերը ստացած են պատուոյ գիրեր:

Փառատօնը աւարտէն ետք դատական կազմի անդամ, Արցախի սենեկային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ երգահան Գէորգ Մուրատեան յայտնած է, որ մրցոյթը նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակման 20-ամեակին: Գ. Մուրատեան նշած է, թէ փառատօնը ունի նաեւ քարոզչական նշանակութիւն, որովհետեւ բոլոր երգչախումբերուն յանձնարարուած էր մեկնաբանել Արցախի քայլերգը, իսկ այս քայլը կը նպատակադրէր նոր սերունդին մէջ սերմանել պետականութեան հանդէպ յարգանք:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ «ԷՅՉ. ԷՍ. ՊԻ. ՍԻ.»
ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՆՇԵՑ ԻՐ 15-ԱՄԵԱԿԸ

Վերջերս Հայաստանի պատմամշակութային կոթող հանդիսացող Զուարթնոց տաճարին մէջ մեծ տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի մէջ «Էյչ. Էս. Պի. Սի.» դրամատան 15-ամեակը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան անդամներ, յաճախորդներ, ինչպէս նաեւ «Էյչ. Էս. Պի. Սի.» խումբի բարձրաստիճան ղեկավարներ եւ Հայաստանի դրամատան աշխատողներ:

Հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ դժուար է գերագնահատել 1990-ականներու կէսերուն հայաստանեան շուկայ մտած «Էյչ. Էս. Պի. Սի.»ի համարձակ եւ կարեւոր քայլը, որ ըստ անոր, երկրին ապագային նկատմամբ մեծ վստահութիւն ներշնչած է բոլորին եւ ներգրաւած է այլ ներդրողներ: «Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի կատարէ ամէն ինչ, որպէսզի օտար ներդրողները Հայաստանի մէջ իրենք զիրենք բարենպաստ միջավայրի մէջ զգան, իսկ «Էյչ. Էս. Պի. Սի.»ն պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ ի շահ հայ ժողովուրդին եւ իր բաժնետէրերուն», հաղորդած է վարչապետը:

«Էյչ. Էս. Պի. Սի.» խումբի Եւրոպայի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Փիթըր Պոյլզ նշած է, որ «Էյչ. Էս. Պի. Սի.» Հայաստանը վառ օրինակն է այն երեւոյթին, որ ինչպէս կարելի է բնական ճանապարհով եւ շատ կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին կայուն եւ ամուր աշխատանք կառուցել: «Կը հաւաստիացնեմ Հայաստանի կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան, ինչպէս նաեւ մեր յաճախորդներուն, որ «Էյչ. Էս. Պի. Սի.»ն պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանին: Մեր նոր նախաձեռնութիւններէն ու նպատակներէն մէկը ամբողջ աշխարհի հայութիւնը «Էյչ. Էս. Պի. Սի.»ի հայաստանեան մասնաճիւղին կապելն է», շեշտած է Փիթըր Պոյլզ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՐՍԱՓԱԶԴՈՒ
ԺԱՊԱՒԷՆԸ «ՑԱՍՈՒՄ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ

10 յունիսին «Մոսկուա» պատկերասրահին մէջ ցուցադրուեցաւ սարսափազդու ժապաւէններու կարգին դասուող առաջին հայկական երկարատեւ գեղարուեստական ժապաւէնը, որ կը կրէ «Ցասում» խորագիրը: Ժապաւէնը իրագործուեցաւ «Նիու սթար» եւ «Ազդ փրոտաքշըն» ընկերութիւններու միացեալ ջանքերով:

105 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը կը ներկայացնէ երեք գլխաւոր հերոսներու շուրջ զարգացող արտասովոր եւ զարմանալի իրադարձութիւններ:

Ըստ ժապաւէնի հեղինակին, գլխաւոր հերոսները` Յասմիկը եւ Ժաքը իրենց մեղրալուսնային ամիսը կ՛անցընեն Դիլիջանի մէջ գտնուող իրենց պապենական տան մէջ, սակայն աղջկան նախկին երկրպագուն` Գոռը, որ հոգեբուժարանի մէջ կը գտնուէր իր սիրած էակին կորուստին չդիմանալուն պատճառով, կը վերածուի ուրուականի եւ հանգիստ չի ձգեր նորապսակները:

Ժապաւէնին մէջ կիրառուած են յատուկ ոճեր եւ էֆեքթներ, սակայն անոնք գերակշռող չեն: Այնպէս մը կատարուած է, որ շեշտը դրուի դերասանութեան վրայ, եւ ժապաւէնը ըլլայ իրականութեան աւելի մօտ եւ այսպիսով գրաւէ հանդիսատեսը:

«Ցասում»ը առաջին անգամ ցուցադրուած է Երեւանի մէջ: Ցուցադրութիւններ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ եւս, ապա Ազատ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներուն, Միացեալ Նահանգներուն եւ Քանատայի մէջ: Հետագային ժապաւէնը պիտի վաճառուի նաեւ տի.վի.տի.ներով:

Ըստ ժապաւէնի արտադրիչներուն, ժապաւէնի «սարսափ» տեսակին մէջ` «Ցասում»ին գեղարուեստական նկարահանումները դժուար եղած են, սակայն անոնք կը յայտնեն, որ հայկական ժապաւէնի արտադրութիւնը պէտք է իր խօսքը ըսէ շարժապատկերի արուեստի բոլոր ճիւղերուն մէջ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՇՐՋԱԿԱՅ
ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԵՒ
ԱՆՏԱՌՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է նկարչուհի Մարինա Մամեանի «Հայկական մոթիֆներ» խորագիրով ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան եւ Անտառներու միջազգային տարուան:

Ըստ Մարինա Մամեանի, ցուցահանդէսին նպատակը եղած է բարձրացնել շրջակայ միջավայրին մասին հանրային իրազեկման մակարդակը, ինչպէս նաեւ սեւեռել իշխանութիւններու ուշադրութիւնն ու գործողութիւնները շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան վրայ: «Բազմիցս համագործակցած եմ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենեակին հետ եւ կը գնահատեմ անոնց աջակցութիւնը հայկական արուեստի զարգացման համար», նշած է Մ. Մամեան: Ան աւելցուցած է, որ նման քայլ մը կը խրախուսէ եւ կը քաջալերէ նկարիչները` ստեղծելու աւելի մեծ թիւով արուեստի գործեր, որոնց ճամբով կարելի է խթանել ՄԱԿ-ի այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են` խաղաղութիւնը, հանդուրժողականութիւնն ու երկխօսութիւնը:

Հայաստանի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մնայուն համակարգող Դաֆինա Գերչեւան նշած է, որ Հայաստան հարուստ երկիր է ո՛չ միայն իր մշակութային, այլ նաեւ կենդանաբանական եւ բուսական աշխարհի բազմազանութեամբ: «Ես կոչ կ՛ուղղեմ մեզմէ իւրաքանչիւրին` գիտակցելու, որ մեր պարտականութիւնն է պահպանել այս գեղեցիկ երկրին անտառներն ու բնութիւնը», յայտնած է Դ. Գերչեւան:

Յիշեցնենք, որ Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրը կը նշուի 1972-էն ի վեր եւ դարձած է այն կարեւորագոյն շարժիչ ուժը, որուն միջոցով ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները, որոնց մաս կը կազմէ Հայաստանը, կը նպաստեն շրջակայ միջավայրի մասին հանրային իրազեկման մակարդակին բարձրացման եւ իշխանութիւններու յաւելեալ ուշադրութեան կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ կը դնէ: Այս տարուան Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան նիւթը եղած է` «Անտառներ. բնութիւնը քո ծառայութեան տակ» խորագիրով:

Անհրաժեշտ է ամէն մարդ գիտակցի, որ անտառները կը ծածկեն երկրի ցամաքին մէկ երրորդը եւ կարեւոր աշխատանք եւ ծառայութիւններ կը կատարեն ամբողջ աշխարհին եւ այսպիսով նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռեն մեր մոլորակին: Հարկ է նշել, որ 1,6 միլիառ մարդու կեանք կախեալ է անտառներէն: Անտառները նաեւ առանցքային դեր կը խաղան կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարին մէջ` կլանելով ածխաթթու կազը եւ մթնոլորտը թթուածինով հարստացնելով:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES