ԱԲԿ-Ի ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ. ԷՐՏՈՂԱՆ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ՉԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անցեալ կիրակի տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեամբ երրորդ անգամ պաշտօնավարելու, կառավարութիւն կազմելու իրաւունքը շահեցաւ: Բայց իր ճշդած թիրախին ամբողջովին չհասաւ: Էրտողան կը ձգտէր երկու երրորդ մեծամասնութեան, որուն շնորհիւ պիտի կարենար միակողմանիօրէն փոխել սահմանադրութիւնը: Վարչապետին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ) նեղ կացութեան, դժուարութեան մատնուեցաւ քուէարկութեան քիւրտերու եւ ծայրայեղ ազգայնականներու մեծաթիւ մասնակցութեան պատճառով:
Ընտրութիւն մը քուէներու շուրջ 50 առ հարիւր համեմատութեամբ շահիլը վստահաբար տպաւորիչ արդիւնք է: Բայց հաշուի առնելով այն ակնկալութիւնները, զորս Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրահրած էր նախընտրական արշաւին ընթացքին, յաղթանակը գրեթէ պարտութիւն կը թուի:
Ամբողջ երկրին մէջ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին Էրտողան յայտարարած էր, որ իր թիրախը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ երկու երրորդ մեծամասնութիւն ստանալն է. 550 աթոռներէն 367-ն: Փոխարէնը` Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը միայն 326 աթոռ շահեցաւ, քիչ մը նուազ պաշտօնաթող խորհրդարանին մէջ ունեցած իր աթոռներէն` 331: Ասիկա անշուշտ կայուն եւ բացարձակ մեծամասնութիւն է, բայց քիչ մը նուազ է «գերակշիռ մեծամասնութենէն», որուն շնորհիւ ԱԲԿ-ն կրնար միակողմանիօրէն փոխել Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը: Էրտողան այժմ իբրեւ վարչապետ պիտի պաշտօնավարէ երրորդ նստաշրջանի մը համար:
Էրտողանի յայտարարած նպատակը, թիրախն էր ընտրութենէն անմիջապէս ետք նախաձեռնել նոր սահմանադրութեան վերաբերեալ քննարկումներու, բանավէճերու: Ան կ՛ուզէր գոյութիւն ունեցող թրքական խորհրդարանական դրութիւնը փոխարկել նախագահական դրութեան, հիմնուած ֆրանսական նախատիպին վրայ, ինք իբրեւ նախագահ:
Որպէսզի կարենայ իր գաղափարներուն վրայ հիմնուած նոր սահմանադրութիւն մը յաջողցնել, Էրտողան առնուազն 330 աթոռի պէտք ունէր: Ատոր միջոցով ԱԲԿ-ն իբրեւ առաջին քայլ խորհրդարանին մէջ պիտի վաւերացնէր նոր սահմանադրութիւնը, որ ապա հանրաքուէի պիտի դրուէր:
Էրտողան այսպիսի հանրաքուէ մը հաւանաբար պիտի շահէր: 367 աթոռներու գերակշիռ մեծամասնութեան մը շնորհիւ` կառավարութիւնը կրնար փոխել սահմանադրութիւնը` առանց հանրաքուէի:
Վարչապետը այժմ ստիպուած է սահմանադրութեան իր ծրագիրին շուրջը համագործակցելու միւս կուսակցութիւններէն առնուազն մէկուն հետ:
Արդարեւ, յստակ չէ, թէ ԱԲԿ-ի այս յուսախաբութիւն պատճառող արդիւնքներուն լոյսին տակ Էրտողան նոր սահմանադրութեան հարցը պիտի հետապնդէ՞:
«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՄԵԶԻ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ՏՈՒԱՒ»
Կիրակի գիշեր խօսք առնելով` Էրտողան ըսաւ, որ ժողովուրդը իր կուսակցութեան ոչ միայն կառավարելու նոր նստաշրջան տուած է, այլեւ` նոր սահմանադրութիւն մշակելու պարտականութիւն. «Ժողովուրդը մեզի տուաւ պատգամ մը` կերտելու նոր սահմանադրութիւնը, բանակցութիւններու եւ համաձայնութիւններու միջոցով», ըսաւ ան: Ան աւելցուց, որ ԱԲԿ-ն նոր սահմանադրութիւնը պիտի քննարկէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ խորհրդարանէն դուրս գտնուող կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական աղբիւրներու հետ ուղղակի բանակցութիւններով:
ԱԲԿ-ին հետ խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացուին` կեդրոն-ձախ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը (ՃՀՓ) եւ ծայրայեղ աջ, արմատական-ազգայնական Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (ՄՀՓ): Նաեւ պիտի ըլլան խորհրդարանի 36 անկախ անդամներ, որոնք կը ներկայանան յանուն քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ՊՏՓ), եւ որոնք այժմ պիտի կազմեն խորհրդարանական համախմբում մը (յատկանշական շահ մը` 20 աթոռներու վրայ, զորս քիւրտերը ունէին պաշտօնավարութեան ժամկէտը աւարտած խորհրդարանին մէջ): ՊՏՓ-ն առաջադրած էր անկախ թեկնածուներ, որպէսզի յաղթահարէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուելու 10 առ հարիւրի արգելքը: Կ՛ըսուի, թէ ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը աւելի քան 84 առ հարիւր էր:
Ընտրութեան վրայ ստուեր ձգեց հարաւարեւելեան Թուրքիոյ Սիրնաք նահանգին մէջ կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցած ականահարումը, որ վիրաւորեց 11 անձեր, 6-ը` ծանրօրէն: Զոհերը քիւրտ թեկնածուներու յաղթանակը կը տօնէին: Յստակ չեղաւ, թէ ո՛վ էր յարձակումը իրականացնողը:
ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԵՒ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ` ԲԱՐՁՐ
Էրտողանը յուսախաբ ընող արդիւնքը գլխաւորաբար քիւրտերու եւ ծայրայեղ աջ ՄՀՓ-ի քուէարկութեան մասնակցութեան բարձր համեմատութեան պատճառով է: Քիւրտերը իրենց 36 երեսփոխաններով սահմանադրութեան փոփոխութեան ապագայ բանավէճերուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան, իսկ կը թուի, թէ քրտական հարցը քաղաքական օրակարգի գլխաւոր կէտերէն պիտի ըլլայ:
ԱԲԿ-ի արդիւնքը սահմանելու, ճշդելու մէջ վճռորոշ եղաւ քուէներու 13 առ հարիւրին տիրացումը ծայրայեղ աջ ՄՀՓ-ի կողմէ: Նախընտրական շրջանին կուսակցութիւնը տագնապներու մատնուեցաւ սեռային յարաբերութիւններու տեսերիզներու հրապարակումով, որուն իբրեւ հետեւանք` կուսակցութեան բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնատարներ հրաժարեցան: Նախընտրական շրջանին կազմակերպուած հարցախոյզերու արդիւնքը ցոյց տուած էր, թէ ՄՀՓ մօտ է վճռորոշ 10 առ հարիւրին: Եթէ կուսակցութիւնը ձախողէր խորհրդարան մտնել, աթոռներու բաժանումը տարբեր պիտի ըլլար, եւ Էրտողան 330 աթոռ պիտի ստանար:
Կեդրոն-ձախ ՃՀՓ-ն, Քեմալ Քըլըճտարօղլուի նախագահութեամբ, չկրցաւ սպասուած արդիւնքը նուաճել` շահելով քուէներու նուազ քան 26 առ հարիւրը: Բազմաթիւ դէտեր կը սպասէին, որ կուսակցութիւնը քուէներու 30 առ հարիւրը ստանայ` նկատի ունենալով անոր յանձնառու նախընտրական քարոզարշաւը:
Բաղդատելով 2010 թուականի տեղական ընդհանուր ընտրութիւններուն հետ` ՃՀՓ նաեւ կորսնցուց իր բանալի ամրոցներու, շրջաններու զօրակցութիւնը: Անոնք ԱԲԿ-ին զիջեցան միջերկրականեան Անթալիա քաղաքը եւ միայն մէկ մեծ քաղաք շահեցան Զմիւռնիա (Իզմիր):
ԱՏԻԿԱ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ Է
Քըլըճտարօղլու թէեւ լաւ տպաւորութիւն ձգեց, սակայն ան չի կրնար մրցիլ ԱԲԿ-ի վազքուղիի մրցանիշին հետ` տնտեսութեան եւ Էրտողանի ժողովրդային արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող:
Միջազգային բեմին վրայ վարչապետին ինքնագոհ տեսքը, զոր ե՛ւ ներքին, ե՛ւ արտաքին քննադատներ իբրեւ մեծամոլութիւն յաճախ կը ձաղկեն, լաւ թուեցաւ թուրք ընտրողներուն, ներառեալ` այն անձերուն, որոնք ԱԲԿ-ի կողմնակիցները չէին: Էրտողան ժողովրդականութիւն շահեցաւ Արեւմուտքին հանդէպ իր հաստատ կեցուածքին եւ պաղեստինեան դատին իր յանձնառութեան ընդմէջէն:
Բայց ԱԲԿ-ի յաղթանակին մէջ վճռորոշ ազդակը հաւանաբար կանգուն մնացած տնտեսական բարգաւաճումն է, վերջին 9 տարիներուն, որուն համար ԱԲԿ-ն եւ Էրտողան վարկ, բարենիշ ստացած են:
Կը թուի, թէ բազմաթիւ քուէարկողներ համոզուած են Էրտողանի նախընտրական այն խոստումին, թէ յառաջիկայ տարիներուն դարձեալ պիտի կրկնապատկէ ժողովուրդին անհատական եկամուտը:
ԵՈՒՐԿԸՆ ԿՈՉԼԻԽ
http://www.spiegel.de/fotostrecke/fotostrecke-69149.html
«Տեր Շփիկըլ»







