Կաղանդի Հայկական Աւանդական Պազար
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի Տիկնանց համախմբումը 6-7-8 դեկտեմբերին ունեցաւ հայկական աւանդական կաղանդի պազարը` յաջորդական երեսուներորդ տարին ըլլալով:
Լիբանանի 2013-ի Գեղեցկութեան թագուհի Գարըն Ղըրաուի պազարին բացումը կատարեց:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց համախմբումի ատենապետ Գալին Եավէրեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց միութեան նպատակն ու տարած աշխարհացրիւ գործունէութիւնները: Համախմբումին կողմէ Գարըն Ղըրաուիին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը` ՀԲԸՄ-ի Էջմիածնի Հայորդաց տան ուսանողներուն կողմէ պատրաստուած հայկական գորգ մը: Գարըն Ղըրաուի շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տրուած առիթին ու վստահեցուց, թէ իր մէկ տարուան առաքելութեան ընթացքին պիտի գործակցի համախմբումին հետ` իր պաշտպանած «Կանանց բռնութեան դէմ» թէզին գործունէութեանց ընդմէջէն:
Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Նորա Եղիայեանի, ներկաներուն հրամցուց ամանորեան գեղեցիկ երգեր:
Օրուան հիւրը ապա շրջագայեցաւ միութեան տիկնանց մասնաճիւղերու վարչութիւններուն կողմէ պատրաստուած հայկական աւանդական ճաշերու եւ անուշեղէններու, ինչպէս նաեւ ամանորեայ յարդարանքներու սեղանները: Ցուցադրուած էին նաեւ հայկական ձեռարուեստի գործեր ու հայկական մրգեղէն, տուրմեղէն, ինչպէս նաեւ ամանորեայ տնային յարդարանքներ, գեղանկարչական եւ ձեռային աշխատանքներ, կանացի հագուստեղէն ու զարդեղէններ:
Ուրբաթ 6, շաբաթ 7 եւ կիրակի 8 դեկտեմբեր 2013-ին եւս կար հետաքրքրական յայտագիր:
Կիրակի օրը Կաղանդ պապան այցելեց պազար, նկարուեցաւ փոքրիկներուն հետ. կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Զանի Մեսրոպեան իր գիրքերէն պատմութիւններ ընթերցեց անոնց: Հասաւ ձիրքերու ներկայացման ժամը, ուր ճոխ յայտագիրով ներկայացան աղջիկներ եւ տղաք` երգով, դաշնակի ու ջութակի վրայ նուագելով, պարելով եւ արտասանելով ելոյթ ունեցան ու բուռն ծափահարութեանց արժանացան:
Տիկնանց համախմբումին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան յայտագիրին մասնակիցներուն:

