ՀՕՄ-ը Պիտի Շարունակէ Օժանդակել Սուրիահայերուն Եւ Արցախին

1221vickyՀայ օգնութեան միութեան գլխաւոր մարտահրաւէրը դժուար կացութեան դէմ յանդիման գտնուող սուրիահայերուն օգնելն է: 2013-ին 102-ամեայ կենսագրութիւն ունեցող բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը Սուրիոյ մէջ գործադրեց օժանդակութեան չորս տարբեր ծրագիր:

«Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան յայտնեց, որ այդ ծրագիրները պիտի շարունակուին նաեւ 2014-ին:

«Պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ մեր կազմակերպութիւնը եղաւ առաջիններէն, որ օժանդակութիւն ուղարկեց Սուրիա: Մեր առաջին ծրագիրը դպրոցականներուն կրթաթոշակներուն օժանդակելն է: Երկրորդը` «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրն է` կարիքաւոր ընտանիքներուն համար», յայտնեց Մարաշլեան: Անոր համաձայն, սկզբնական շրջանին «Տաք ճաշ»-ի ծրագիրը նախատեսուած էր իրականացնել շաբաթական միայն մէկ անգամ, սակայն այժմ անիկա կը գործադրուի շաբաթական երեք անգամ` սուրիահայերուն կարելիութիւն տալով «Փեթակ» ճաշարանին մէջ օգտուելու տաք եւ համեղ սնունդէն:

«Մեր միւս ծրագիրը կը վերաբերի նորածին երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն օգնութեան. ՀՕՄ-ի Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը արդէն օգնութիւն տրամադրած է 25 ընտանիքի, իսկ Միջին Արեւելքի կառոյցներուն միջոցով` նկատի առնելով ցուրտ եղանակային պայմանները, գործադրուած է չորրորդ ծրագիրը` Սուրիոյ մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն վառելանիւթով ապահովելը: Վերջին ծրագիրին օժանդակութիւն ցուցաբերած են 27 երկիրներէ», յայտնեց Մարաշլեան:

Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ ամէն օր վիճակը կը փոխուի, միութիւնը կը սերտէ սուրիահայերուն կարիքները եւ անոր համաձայն կը ճշդէ օժանդակութիւնը: Մարաշլեան հաստատեց, որ սուրիահայութեան օգնութեան ծրագիրներ պիտի գործադրուին նաեւ յառաջիկայ տարի:

Ընդհանուր առմամբ, 2013-ին ՀՕՄ-ը սուրիահայութեան յատկացուցած է շուրջ 300 հազար տոլար: Օժանդակութիւն յատկացուած է նաեւ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն` մասնաւորապէս բնակարան ձեռք բերելու եւ առողջապահական ծառայութիւններէ օգտուելու նպատակին:

Միութիւնը ընկերային, առողջապահական, կրթական բնագաւառներուն մէջ աշխուժ աշխատանք կը տանի սփիւռքի, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ: Միայն Ջաւախքի մէջ ՀՕՄ-ը կեանքի կոչած է քանի մը ընկերային-կրթական ծրագիրներ:

«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան մէջ ՀՕՄ-ը մնայուն աջակցութիւն ցուցաբերած է: «Այժմ մեր սիրիահայ ընկերուհիները, ովքեր գտնւում են Հայաստանում, անդամակցում են մեր մասնաճիւղերին: Այս կիրակի օրը տեղի ունեցաւ մեր ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Սիրիահայ մեր ՀՕՄ-ուհիների ձեռքի աշխատանքների վաճառքից ստացուած հասոյթը ուղղուելու է Հայաստանի երկկողմանի ծնողազուրկ երեխաներին, որոշ մասն էլ Սիրիայի մեր հայրենակիցներին աջակցելուն», բացատրեց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստեանը:

Անոր համաձայն, իրենք, առանց վայրկեան մը վարանելու, ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրներու ղեկավարին առաջարկով իրենց Չարենցի 20 հասցէին վրայ գտնուող տարածքը վեց ամսուան համար անվճար կերպով տրամադրած են սուրիահայերուն օգնելու նպատակով:

Ինչ կը վերաբերի Արցախին, ՀՕՄ-ը հոն ունի եօթը մանկապարտէզ: Միութիւնը կը նախատեսէ Ստեփանակերտի մանկապարտէզին օժանդակել եւ նոր ծրագիր իրականացնել երիտասարդ եւ աշխատող մայրերուն օգնելու համար: ՀՕՄ-ը նպատակ ունի նաեւ ճամբար-երիտասարդական կեդրոն բանալ Արցախի մէջ: ՀՕՄ-ը աշխուժ կերպով մասնակցած է նաեւ «Դէպի Արցախ» խորագիրով «Հեռուստամարաթոն 2013»-ին` տրամադրելով 40 հազար տոլար:

Share this Article
CATEGORIES