Աւանդական Ամանորի Հանդիպում
Նոր տարուան սեմին աւանդութիւն դարձած է, որ ԼՕԽ-ականներ միասնաբար ուրախ մթնոլորտի մէջ դիմաւորեն գալիք տարին, որպէսզի ունենան բեղուն գործունէութիւն տարուան ընթացքին: ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Մար Մխայէլ) մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր աւանդական իր ամանորի հանդիպումը, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին սրահին մէջ` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի նախկին թէ ներկայ վարչականներու, ԼՕԽ-ականներու, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ հայուհիներու:
Վարչութեան ատենապետ Վրէժուհի Փափազեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց ներկայութեամբ զօրավիգ կը կանգնին վարչութեան, որպէսզի կարենայ հասնիլ ժողովուրդին կարիքներուն` իր սահմաններուն մէջ: Ան շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով առողջ եւ բախտաբեր օրեր:
Արդէն հեռուէն լսուեցաւ զանգակին ձայնը: Կաղանդ պապան էր, որ յոգնած ժամանեց` մեծ տոպրակը ուսին: Ան Կաղանդի յատուկ երգերով եւ ներկաներու ծափողջոյններով պարեց` խանդավառելով մթնոլորտը: Իր մաղթանքները փոխանցեց եւ նուէրները բաժնելէ ետք ան մեկնեցաւ` այցելելու համար ուրիշ վայրեր:
Ներկայ էր նաեւ Նժդեհ Պոտրումեան, որ իր հաճելի ձայնով մեկնաբանեց Սայաթ Նովայէն աշուղական երգերու գոհարներ:
Կատարուեցաւ նուիրատուութիւն, ինչպէս նաեւ վիճակաձգութիւն եւ նուէրներու բաշխում:

