«Անի» Մասնաճիւղի Ամանոր

Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ին ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Անի» ակումբին մէջ: Երեք քայլերգներու (Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի) յոտնկայս ունկնդրելէ ետք, վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաժիքեան արտասանեց բացման խօսքը: Ան ներկայացուց վարչութեան գործունէութիւնը:

Ան ողջունեց ներկաները, որոնց շարքին էին երկու հիմնադիր անդամներ` Պայծառ Գլընճեան եւ Շուշան Արսլանեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան, յանձնախումբերու եւ այլ մասնաճիւղերէ անդամներ եւ ներկաներ:

Տիրական ներկայութիւն էր հիմնադիր Պայծառ Գլընճեանը` (տարեց), բայց առոյգ ու կորովի: Ընթերցուեցաւ անոր գրաւոր մաղթանքը` ուղղուած ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան: Ան կը խրախուսէր, որ յոյսով ու հաւատքով, կատարելութեան ձգտելու տեսլականով ու սիրով աշխատիլ` միութեան անունը բարձր պահելու համար: Ան գնահատեց վարչութեան մեղուաջան աշխատանքը ի խնդիր հայ կարիքաւորի բարօրութեան:

(Աւարտին այդ գրութիւնը):

Սովորականէն տարբեր էր Կաղանդ պապայի կողքին ներկայութիւնը նաեւ Կաղանդ մաման: Անոնք երգելով, ծափերով, զանգակի կշռոյթով, պարելով շրջեցան սեղանները, նկարուեցան, իսկ բոլոր ներկաները ստացան նուէր` Ամանորի յատուկ գեղօր մը:

Կէսօրուան ճաշը` ԼՕԽ-ի «Վ. Տէկիրմենճեան» խոհանոցէն եկած, համեղ ու այլազան էր:

Կատարուեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւնը` առատ ու այլատեսակ նուէրներով:

Ներկաները բերկրանքի ժամեր ապրեցան խորին շնորհակալութեամբ:

***

Սիրելի՛ հարազատ ընկերուհիներ, մօտեցած ենք Նոր տարուան սեմին, անկեղծ սրտով կը մաղթեմ բարեբեր տարի մը դիմաւորէք, ըլլաք միշտ ուրախ, առողջ բոլորդ ընտանիքներով:

Մեր մասնաճիւղը յաջողութեան պիտի հասնի շնորհիւ յոյսին եւ հաւատքին:

Կ՛ողջունեմ ձեզ սիրելիներ, կատարեալը գոյութիւն չունի, այլ գոյութիւն ունին կատարելութեան ձգտող եւ սիրով աշխատող ընկերուհիներ:

Եղէք խիզախ, կամքով զօրաւոր եւ ապրիք միշտ յոյսով: Ձեր կարելին ըրէք միութեան անունը բարձր պահելու:

Յաջողութեան մաղթանքներով
եւ ձեզ անկեղծ սիրող եւ աղօթող
Պայծառ Գլընճեան

Share this Article
CATEGORIES