Թէյասեղան. «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ

A-papazianՀինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով, «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը ազնիւ գաղափարը ունեցած էր մասնաճիւղի անդամները հրաւիրելու թէյասեղանի մը շուրջ` ստեղծելով տօնական մթնոլորտ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս անդամներու խմբային երգեցողութենէն ետք, խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ 2013 տարին իր աւարտին հասնելով իրեն հետ տանի նաեւ մեր բոլոր յուսախաբութիւնները, ու 2014 տարին առաջնորդէ մեզ երկնային ու աստուածային շնորհներու` պարգեւելով բոլորին առողջութիւն, յաջողութիւն ու բարեբեր կեանք:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ըլլալով` ան յոյս յայտնեց, որ 2014-ին հայ ժողովուրդը հասնի արդար դատի ճանաչման ու հատուցման: Ուստի` վճռական կեցուածք ճշդե՛նք, աշխատի՛նք, խղճի` ահազանգ հնչեցնող, պապերու արեան կանչին արդար իրաւունքին ձեռքբերման, որ ան չմնայ յիշողութիւն ու պատրանք, կոչ ուղղեց ան:

Ապա խնդրեց Կաղանդ պապուկէն, որ իր մոգական գաւազանով խաղաղութիւն պարգեւէ ամբողջ աշխարհին, մասնաւորաբար` Սուրիոյ եւ Լիբանանին:

«Մենք` ԼՕԽ-ականներս, կը խոստանանք մեր ծառայութիւններով, զոհողութիւններով ու գործունէութեամբ արտացոլացնել հայուն ձգտումները` շարունակելով մեր երթը հաւատքով ու վճռակամութեամբ ի խնդիր Հայ դատի արեւաշող արշալոյսին», դիտել տուաւ Ա. Գըլըճեան:

Իր խօսքի աւարտին` ան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ներկաներուն` շնորհաւորելով բոլորին Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:

Հանդիպումը առիթ ստեղծեց, որ ընկերուհիները իրարու հետ քանի մը ուրախ ժամեր անցընեն` մոռնալով հեւքոտ առօրեայի պարտաւորութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES