Թմրամոլութեան Վերաբերող Դասախօսական Հաւաքներ

Այլ մոլութիւններու կողքին, ինչպէս` ծխախոտի, ոգելիցի չարաչար օգտագործումը, մարդկային  ընկերութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի այլ վտանգաւոր երեւոյթի մը` թմրամոլութեան, որ վարակիչ ախտի մը նման հետզհետէ մուտք կը գործէ ամէն միջավայրի մէջ:

Նման երեւոյթներու դէմ պայքարիլն ու մատնանշումները կատարելը կարեւոր է. համապատասխան լուծումներ գտնելու ու այս մոլութեան առաջքը առնելու մտահոգութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը դասախօսութեանց ճամբով կը միտին հանրութիւնը իրազեկ դարձնել թմրամոլութեան նիւթով:

Առողջ միտք, առողջ մարմին եւ հոգեվիճակ ունենալը մեր բոլորին իրաւասութիւնն է, ուրեմն հարկ է միասնաբար գտնել բոլոր ախտերուն համապատասխան դարմանումները:

ARAKADZ1– Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը Արագածի Ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին քոյր մասնաճիւղերէ, միութիւններէ հրաւիրեալներ, Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ եւ ԼՕԽ-ի բարեկամուհիներ: Վարչութեան ատենապետ Մելինէ Մարգարեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկներուն:

Նկատի ունենալով, որ թմրամոլութեան ախտը մտահոգիչ երեւոյթ մը դարձած է, վարչութիւնը այդ նիւթով դասախօսութեան մը ձեռնարկած էր: Նիւթը ներկայացուց բժշկուհի Սիրուն Վարդապետեան: Ան ներկաներուն փոխանցեց, թէ ասիկա ընկերային, առողջապահական եւ հոգեբանական լուրջ հարց մըն է: Ըսաւ, թէ թմրամոլութիւնը առնչուած է շատ մը հիւանդութիւններու, արկածներու, ոճիրներու, անձնասպանութիւններու, բռնաբարութիւններու, ընտանեկան քայքայումներու եւ մինչեւ իսկ մահացութեան հետ:

Անոր համաձայն, ներկայիս թմրամոլութիւնը սպիտակ ջարդի դրօշակը պարզած կը հարուածէ մեր երիտասարդութիւնը: Ապա թուեց բոլոր պատճառները, որոնք կը մղեն թմրամոլութեան, ինչպէս` գիտելիքի պակասը, ընկերային շրջանակը, տկար անհատականութիւնը, կեանքի հեւքոտ ընթացքը, ճնշուածութիւնը, անքնութիւնը, ցաւերը եւ այլն:

Սահիկներու ցուցադրութեամբ ան ներկայացուց քիմիական նիւթերու տեսակները եւ իւրաքանչիւրին մասին բացատրութիւն տուաւ օրինակներով` նշելով օգտագործման եղանակը եւ պատճառած վնասները: Ան նաեւ շեշտը դրաւ ալքոլի եւ ծխախոտի չարաշահման վրայ:

Եզրափակելով` Ս. Վարդապետեան ըսաւ, թէ թմրամոլութիւնը հիւանդութիւն մըն է, կարելի է կանխարգիլել եւ բուժել` համագործակցաբար երիտասարդութեան, դպրոցներուն, ակումբներուն, ընտանիքներու եւ պետութեան:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաներուն բաշխուեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած վերոյիշեալ նիւթով պրակներ:

Դասախօսութենէն ետք յայտագիրը շարունակուեցաւ, մթնոլորտը ճոխացուց ձայնի հաղորդավար Գէորգ Պաղտասարեան:

Վարչութիւնն ու ներկաները միասնաբար պարեցին հայկական շուրջպարը, որմէ ետք անխուսափելի էր աւանդութիւն դարձած վիճակահանութիւնը:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները:

Araz– ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի Ամանորի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2013-ին, շրջանի ակումբի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ:

Վարչութեան ատենապետ Արշօ Քիլեճեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը եւ Նոր տարուան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց ներկաներուն. ապա թուեց հայկական աւանդական Ամանորի կարգ մը սովորութիւններ, ինչպէս հայկական լաւաշի, ղափամայի եւ հարիսայի պատրաստութիւնը:

Վարչութիւնը աւանդութիւն դարձած ձեռնարկին ընդմէջէն անդրադարձաւ նաեւ ներկայ օրերու երիտասարդութեան մօտ աւեր գործող մոլութիւնները: Այս մասին ներկաներուն խօսեցաւ Վերժին Խորշիտեան, ուր մանրամասնօրէն բացատրեց մոլութիւններու մասին` լուսարձակի տակ առնելով անոնց վնասներն ու հետեւանքները:

Մտերմիկ մթնոլորտով եւ հայկական ճաշերու, եւ անուշեղէններու հիւրասիրութենէ ետք, ներկաները բաժնուեցան ուրախ տրամադրութեամբ:

– Հինգշաբթի, 19 դեկտեմբերին Ռաուտայի Ժողովրդային տան մէջ ԼՕԽ-ի «Հ. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր Նոր տարուան ձեռնարկ:

Վարչութեան ատենապետ Սօսի Յակոբեան անդրադառնալով սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարին ու ծանր պայմաններուն եւ հայութեան միակամ կեցուածքին` շեշտեց, որ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու այս հանդիպումները կարելիութիւնը կը ստեղծեն աւելի եւս օգտակար դառնալու գաղթած հայորդիներուն: Ան մաղթեց, որ 2014-ը ըլլայ խաղաղ եւ բարեբեր ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ հայ ազգի զաւակներուն համար:

Իր խօսքի աւարտին ան փոխանցեց, թէ ԼՕԽ-ը չի մոռնար նաեւ միջավայրի մտահոգութիւնը դարձած մոլութիւնները:

Այս մասին ներկաներուն խօսեցաւ, տեղեկութիւններ եւ ուղղութիւններ տուաւ Վերժին Խորշիտեան:

Ձեռնարկի աւարտին ժամանեց սիրելի Կաղանդ պապուկը` իր նուէրներով:

Share this Article
CATEGORIES