ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Այցելութիւնը Պէյրութի Ազգային Թանգարան
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը նախանձախնդիր է իր առաքելութեան, օգտակարը եւ շահեկանը իրար միացնելով կը կազմակերպէ ձեռնարկներ:
Այս ծիրին մէջ երեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր, 2013-ին յանձնախումբը կազմակերպած էր այցելութիւն մը` Պէյրութի ազգային թանգարան:
Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, աւելի քան հարիւր ԼՕԽ-ականներ երեք փոխադրակառքերով ուղղուեցան թանգարան, ԼՕԽ-ականներ եկան նոյնիսկ հեռաւոր Այնճարէն: Անոնց կ՛ընկերանային Շրջանային վարչութենէն Ազատուհի Սարգիսեան եւ Սանդուխտ Հերկելեան:
Մուտքին ԼՕԽ-ականները դիմաւորուեցան պատասխանատու առաջնորդի մը կողմէ, որ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն` արաբերէն լեզուով:
Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան արդէն թանգարանին պատմականը պատրաստած էր` բաժնելով հետեւեալ գլուխներու.- Ծագում – Հիմնադրութիւն – Փակում եւ Աւերում – Վերաբացում եւ Նորոգութիւն: Ապա հաւաքածոներու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ:
Գէորգեան տուաւ թանգարանին պատմականը` ըսելով, որ հաւաքածոն սկսած է Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, անոր պաշտօնական բացումը կատարուած է 1924-ին: «Ռեյմոնտ Ուէլ» անունով սպայ մը իր հաւաքածոն կը ցուցադրէ Kaiserswerth Deaconesses շէնքին մէջ: Ապա գեղարուեստի սպասարկութիւն մը սկսած է հաւաքել հնութիւններ եւ բազմացնել հաւաքածոն: 1923-ին կը կազմուի մարմին մը՝ Պշարա Խուրիի գլխաւորութեամբ, որուն նպատակն էր դրամահաւաք կատարել Ազգային թանգարանի մը շինութեան համար: Շինութիւնը կ՛աւարտի 1937-ին: Բացումը տեղի կ՛ունենայ 1942-ին: Սակայն 1975-ին քաղաքագիտական պատերազմի բերումով կը փակուի թանգարանը: 1992-ին կը վերաբացուի, բազմաթիւ գողցուած իրեր կը վերադարձուին:
Այս շինիչ տեղեկութիւններէ ետք ԼՕԽ-ականներուն առիթ տրուեցաւ շրջելու թանգարանին առաջին եւ երկրորդ յարկերը: Անոնց մտքերուն մէջ գծագրուեցան հնագոյն ժամանակներէ գործածուած իրեր եւ զարդեղէններ, պատերու մոզայիքներ, քարերով շինուած դամբաններ:
Վերադարձին ներկաներուն բաժնուեցաւ այս առիթով պատրաստուած թերթերէն մէկական օրինակ: Բոլոր ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան` իրենց մտքին մէջ պատկերացնելով հին աւագանիներու գործածած իրերուն եւ կենցաղին մասին:

