«Ռուբինա» Մասնաճիւղի Հաւաք
ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած առաջին ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 նոյեմբեր 2013-ին, «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ: Ներկայ էին 80 հրաւիրեալներ եւ ԼՕԽ-ականներ: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան արտասանեց բացման խօսքը: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը` Սիրուն Վարդապետեանը, որ օգտակար գիտելիքներ փոխանցեց ներկաներուն` սահիկներու ցուցադրութեամբ, նիւթ ունենալով «Արկածներու կանխարգիլումը տարեցներու մօտ»: Ան բացատրեց արկածներու անմիջական օգնութեան եւ նախազգուշութեան ձեւերուն մասին: Շինիչ դասախօսութեան յաջորդեց նախաճաշի հիւրասիրութիւն:
CATEGORIES Գաղութային

