«Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Հաւաքոյթ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, 5 դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` ներկայութեամբ աւելի քան 100 անձերու:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն մասնաճիւղի ձեռնարկները:
Գասպարեան նկատել տուաւ, որ ազգը ոտքի պահողը իր մշակոյթն է: Օրուան բանախօսն էր ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամ Սիրուն Սեֆերեան, որ ներկայացուց հայկական ձեռագործները եւ ցուցմունքներ տուաւ զանոնք մաքուր պահելու, անոնց գործածութեան եւ արժէքին մասին:
Ան նաեւ օրինակներ ցոյց տուաւ Մարաշի, Վանի, Այնթապի, Սվազի եւ այլ շրջաններու ձեռագործներու: Ներկաները բաւական հետաքրքրութեամբ հետեւեցան տրուած ցուցմունքներուն եւ մօտէն ծանօթացան իւրաքանչիւր շրջանի ձեռագործին:
Աւարտին Սիրուն Սեֆերեան տեղեկութիւն տուաւ ձեռարուեստի կեդրոնին մասին եւ յայտնեց, որ եթէ փափաքողներ կան կրնան արձանագրուիլ կեդրոն եւ սորվիլ հայկական ձեռագործ աշխատիլ:
Մթնոլորտէն խանդավառուած եղան նուիրատուութիւններ:

