ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը Տօնեց Ամանորը


Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 2013-ին, «Արագած» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի ձեռնարկ` ներկայութեամբ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներու, յանձնախումբի անդամներու, հիւրերու, ծնողներու եւ 120 մանուկներու:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց գրադարանի պատասխանատու Արփի Շարլագեան եւ շնորհաւորեց ներկաները` մաղթելով, որ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը առողջ եւ ուրախ օրեր բերեն բոլորին:
Ապա խօսք առաւ յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան, որ անդրադարձաւ գրադարանին նկատմամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութեան եւ գուրգուրանքին, դիտել տալով, որ օրուան ձեռնարկը գրադարանի 20-ամեակին առթիւ նուէր է Շրջանային վարչութեան կողմէ` բոլոր ներկայ փոքրիկներուն: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ապա անդրադարձաւ գրադարանի գործունէութեան ու հոն տարուած աշխատանքին:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինը սկսաւ յանձնախումբի անդամներուն կողմէ պատրաստուած ճոխ խաղերով, երբ իւրաքանչիւր փոքրիկ մասնակցեցաւ անխտիր եւ յաղթողը շահեցաւ իրեն յարմար նուէրը: Փոքրիկները երգեցին, պարեցին, խաղցան` մինչեւ Կաղանդ պապուկին ժամանումը: Ձեռնարկի ընթացքին Կաղանդի եւ Ս. Ծննդեան երգերով հիւրաբար ելոյթ ունեցաւ Նշան Հանէշեան, որ ճոխացուց մթնոլորտը:
Բոլորը ստացան իրենց նուէրները Կաղանդ պապուկէն եւ լաւագոյն մաղթանքներով բաժնուեցան սրահէն:

