ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղ. Ծերերու Կաղանդ Պապուկի Հաւաքոյթ
ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի աւանդութիւն դարձած ծերերու Կաղանդ պապուկ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին Արագածի ժողովրդային Տան «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ:
140 կարիքաւորներ համախմբուելով մտերմաբար` մասնաճիւղի վարչութեան ներկայութեամբ հաճելի մթնոլորտով ուրախ ժամեր անցուցին:
Վարչականները` շրջանի ԼՕԽ-ականներուն կատարած սրտաբուխ օժանդակութեանց շնորհիւ կարողացած էին համադամ ուտեստեղէններ սպասարկել ծերերուն: Ձեռնարկի ընթացքին Կաղանդ պապուկին այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց անոնց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ նաեւ նուէրի ծրար մը:
Ձեռնարկին աւարտին բոլորն ալ մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:
CATEGORIES Գաղութային

