Հայկական Ձեռագործներուն Նուիրուած Հաւաքոյթ
ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութիւնը, 21 նոյեմբեր 2013-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին կազմակերպեց նախաճաշ մը` ակումբին վերանորոգուած «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչը եւ հրաւիրեալներ: Բարի գալուստի խօսքը փոխանցելէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան ըսաւ, թէ նկատի ունենալով, որ ձեռնարկի կայացման թուականը մօտ է ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին, վարչութիւնը յարմար նկատեց հրաւիրել հայկական ձեռագործներու հմուտ մասնագէտներէն Սեդա Մեսրոպեանը եւ Սիրուն Սէֆէրեանը, որպէսզի ներկաներուն փոխանցեն հայկական ձեռագործներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ:
Օրուան դասախօսներէն Սիրուն Սէֆէրեանը շատ հետաքրքրական ձեւով բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործածենք եւ լաւ ձեւով պահենք ձեռագործները. օրինակ` տարիներու ընթացքին ինչպէս պահպանել կամ ինչպէս լուալ ու յատուկ ձեւերով ծալել, ինչպէս արդուկել միշտ մաքուր ձեռքերով բռնել եւ այլն: Ան շեշտեց նաեւ, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ ձեռագործները գործածել փոխանակ տարիներ շարունակ մէկ կողմ դրուին անոնք` ծալուած վիճակի մէջ, որովհետեւ այդպէս ե՛ւս կը վնասուին ձեռագործները:
Այս շինիչ դասախօսութիւնը աւելի հետաքրքրական ձեւով ներկայացնելու համար հիւր դասախօսները իրենց հետ բերած էին շատ նուրբ կերպով աշխատցուած հայկական զանազան տեսակի ձեռագործներ, ինչպէս` Այնթապի, Ուրֆայի, Մարաշի եւ այլ նուրբ նաշխուած ձեռագործներ, որոնք հիացուցին բոլորը: Ներկաներէն ոմանք փափաք յայտնեցին յառաջիկային ձեռագործներու դասընթացքներու հետեւելու եւ սորվելու այս իւրայատուկ արուեստը: Այս ընկերային եւ հաճելի մթնոլորտէն խանդավառուած եղաւ կարգ մը նուիրատուութիւններ:

