ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Կաղանդի Պազարը

Դեկտեմբեր ամիսը յատուկ իմաստ մը ունի հայութեան համար: 7 դեկտեմբերի աղէտալի երկրաշարժին պատճառած սուգին ու կսկիծին առընթեր, այս ամսուան ընթացքին կը նշենք նաեւ հայ ժողովուրդի սուրբերէն Սուրբ Յակոբի տօնը: Ան նաեւ առիթ մըն է` Քրիստոսի ժամանումը աւետող օրհնաբեր նախաձեռնութեանց կազմակերպումին համար: Այս իմաստով,  համայն աշխարհին ու յատկապէս քրիստոնեաներուն եւ հայութեան կողմէ կը կազմակերպուին Կաղանդի յատուկ ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկներ:

Նման ձեռնարկ մը կազմակերպեց ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղը (Անթիլիասի, Նաքքաշի եւ Տըպպայէի շրջաններ) «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց սրահին մէջ, ուրբաթ, 6 եւ շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2013-ին: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելած այս ձեռնարկին մասնակցեցան շրջանի ԼՕԽ-ուհիները` իրենց պատրաստած համեղ ուտեստեղէնները, անուշեղէններն ու զարդեղէնները սիրայօժար վաճառքի դնելով զարդարուած սեղաններուն վրայ: Նմանապէս, ցուցահանդէս-վաճառքը կ՛ընդգրկէր Կաղանդի յատուկ զարդեղէններ, խմիչք, տուրմեր ու շաքարեղէն, անուշեղէններ եւ հայկական  աւանդական յաւուր  պատշաճի ձեռագործներ:

Երկօրեայ այս ցուցահանդէս-վաճառքի պազարը այցելեցին շրջանի թէ մերձակայքի ԼՕԽ-ականներ ու այլ հիւրեր` դիտելով, գնելով ու երբեմն ալ նուիրատուութիւն կատարելով: Նշենք, որ այս ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի մասնաճիւղի ընդգրկած շրջաններու կարիքաւոր տարեցներուն թէ աշակերտներուն, իբրեւ օգնութիւն եւ կրթանպաստ:

Share this Article
CATEGORIES