Ծերերու Կաղանդի Հաւաք
ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2013-ին` կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 180 ծերունիներու Ամանորի ձեռնարկ:
Ծերունիները հրաւիրուած էին միասնաբար ճաշելու եւ ուրախ ժամեր անցընելու. անոնք այն պարագաներն են, որոնք խոհանոցէն շաբաթը երկու անգամ կը ստանան տաք ճաշ:
Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, բարերարներ եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ:
Սրբազան հօր աղօթքով սկսաւ ձեռնարկը. ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց ներկաներուն` մաղթելով առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրի յաջողութեան սատարող բոլոր անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նկատեց գեղեցիկ պահ մը տարեց սերունդի մայրիկներուն ու հայրիկներուն հետ ըլլալը, որովհետեւ անոնք անկասկած կը մնան մեր գուրգուրանքին եւ սիրոյն առարկան:
Անոր համաձայն, ամբողջական սէրը եւ գուրգուրանքը կը տրուի բոլորին` ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին կողմէ, որ որեւէ ատեն չէ զլացած իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ձեռք երկարելու եւ զօրավիգ կանգնելու բոլորին:
Նոր տարուան սեմին առաջնորդը բոլորին մաղթեց առողջութիւն եւ յարատեւութիւն կեանքի մէջ: Իսկ ԼՕԽ-ին` յառաջդիմութիւն, գործերու ամբողջական յաջողութիւն եւ վերելք` յուսալով, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ բոլորին համար բարեբեր:
Գեղարուեստական յայտագիրով մթնոլորտը խանդավառեց եւ տօնական տրամադրութիւն սփռեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ծերունիները:
Ուրախ եւ մտերիմ ժամեր անցընելէ ետք իւրաքանչիւրը ստացաւ Կաղանդի իր նուէրը եւ հեռացաւ սրահէն բարձր տրամադրութեամբ` իր աղօթքն ու օրհնութիւնը փոխանցելով բոլորին:

