Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց Անհատական Ախոյեանութիւնը` Երեւանի Մէջ

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ 2-15 մարտ 2014-ին Երեւան պիտի հիւրընկալէ Եւրոպայի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը:

11 հանգրուան ունեցող այս մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ` 160 հազար եւրօ: Ախոյեանը պիտի ստանայ 20 հազար եւրօ, երկրորդ հանդիսացողը` 16 հազար եւրօ, իսկ երրորդ դիրքը գրաւողը` 14 հազար եւրօ:

Այս մրցաշարքին վարկանշային կէտեր պիտի շնորհուին ճատրակ խաղացողներուն` աշխարհի բաժակի յաջորդ մրցաշարքին մասնակցելու համար:

Share this Article
CATEGORIES