Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Արամ Յակոբեան Կը Գրաւէ Առաջին Դիրքը
Իր աւարտին կը հասնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութիւնը:
9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է Արամ Յակոբեան, որ 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ:
18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ 7 կէտ ապահովելով, 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Յովհաննէս Կապուզեան:
Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Շանթ Սարգսեան (12 տարեկանէն վար) եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Բաւական լաւ արդիւնք արձանագրող Անի Յարութիւնեան (16 տարեկանէն վար) 9-րդ հանգրուանին կրեց իր առաջին պարտութիւնը եւ մնաց 6,5 կէտով:
6,5-ական կէտ ունին նաեւ Ռոպերթ Մուրատեան (8 տարեկանէն վար) եւ Մամիկոն Ղարիպեան (10 տարեկանէն վար):
Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչներուն կէտերը կը տարուբերին 3-էն 6-ի միջեւ:

