Քրիստոսը` Մարդկութեան Մեծագոյն Յեղափոխականը

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

che-liberationԲեթղեհէմի աննշան ախոռներէն մէկուն մէջ աւելի քան 2000 տարի առաջ կոյսէ մը ծնած մանուկը եւ ողբերգական պայմաններու մէջ սպաննուած կրօնական ու ընկերային բարեկարգիչը` Յիսուս Քրիստոս, իրօք որ մարդկութեան մեծագոյն յեղափոխականն է: Ան սկզբնաւորողն է յեղափոխութեան մը, որ տակաւին մինչեւ օրս կը ներգործէ մարդոց կեանքին մէջ, կը փոխէ անոնց աշխարհահայեացքը կեանքի զանազան երեւոյթներուն նկատմամբ, մտածել կու տայ, թէ որքա՛ն խաբուսիկ են մեր առօրեայի, նիւթականացած առօրեայի բոլոր դրսեւորումները:

Յիսուս իր յեղափոխութեան ընդմէջէն մարդկութեան եկաւ ըսելու, որ անցողակի են բոլոր նիւթական մտահոգութիւնները: Եկաւ շեշտը դնելու գաղափարին վրայ, հոգեւոր կեանքին վրայ: Հոսկէ ալ` քրիստոնէական առաջին համայնքներէն մնացած այն հասկացողութիւնը, որ ի սկզբանէ էր Բանը` գլխագիր ԽՕՍՔ-ը, որ մարմնացաւ նոյնինքն մարդուն համար, մարդուն հասարակաց օգուտին համար: Ինքն էր, որ ըսաւ` այո՛, նիւթական հացով կ՛ապրի մարդ, բայց նոյնքան նաեւ կարեւոր է հոգեւոր հացը` մարդուն հոգին ապրեցնելու համար: Ան կոչ ուղղեց մարդոց` հարստութիւն չդիզելու երկրի վրայ, ուր այդ հարստութիւնը դատապարտուած է ոչնչացման, այլ` գանձեր դիզելու, հոգեւոր հարստութիւն դիզելու երկինքին մէջ, այլ խօսքով` ինքնամաքրուելու այն ներքին փտածութենէն, որ մեզի կը պարտադրուի աշխարհին կողմէ:

Այս սկզբունքները, որոնց մասին խօսեցաւ Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, եղան գաղափարական բաժանման կէտեր հրէական կրօնական նուիրապետութեան քարացած սկզբունքներուն հետ: Նազարէթէն համեստ ատաղձագործի մը որդեգրած այս հոգեզաւակը իր տարածած բարեկարգչական գաղափարներով թէեւ կը միտէր բարենորոգել հրէական կրօնական հասկացողութիւնները եւ ինք անձամբ կ՛ըսէր, թէ չէ եկած ջնջելու Օրէնքը, այլ եկած է լրացնելու զայն, սակայն այս գաղափարները արմատական այլընտրանքները դարձան գոյութիւն ունեցող տիրական հասկացողութիւններուն:

Ասով իսկ, Յիսուս Քրիստոսի եւ իր աշակերտներուն տարածած վարդապետութիւնը կոչուած չէր մնալու սոսկ կրօնական բարեկարգումի պարունակին մէջ, այլ դառնալու յեղափոխութեան գործօն ընկերային մակարդակի վրայ: Մենք չենք ակնարկեր միայն այն արմատական յեղաշրջումին, որ ներմուծուեցաւ կրօնական քարացած հասկացողութիւններուն մէջ, օրինակ` Աստուծոյ Որդւոյն եւ անոր միջոցով բոլոր մարդիկը իբրեւ Աստուծոյ որդիներ նկատելու գաղափարը, «Աստուած սէր է»-ի սկզբունքը եւ այլն, այլեւ այն ժամանակներու ընկերային հպարգելքները քանդելու երեւոյթին, ինչպէս` մաքսաւորներուն հետ ուտել-խմելը, անոնց հետ ընկերութիւն ընելը, ընկերութենէն մեկուսացուածները բժշկելը, մէկէ աւելի անգամներ, թէ՛ առակ պատմելու ընթացքին, թէ՛ ալ ուղղակի շփման միջոցով ցոյց տալը, որ ինք եկած է ո՛չ թէ «Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդ»-ին` հրեաներու «ազատագրման» համար, այլ նաեւ ոչ հրեաներու` սամարացիներու, քանանացիներու եւ հռոմէացիներու փրկութեան համար, փրկութիւն` ե՛ւ մարմնական, ե՛ւ մանաւանդ հոգեւոր ախտերէն, ինչ որ յստակօրէն կ՛երեւի Նոր կտակարանի զանազան հատուածներուն մէջ ներկայացուած Յիսուսի գործունէութեան ընդմէջէն:

Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութեան յեղափոխական նկարագիրը ի յայտ կու գայ Աւետարաններու զանազան դրուագներէն: Այդ դրուագներուն մէջ կ՛արտացոլայ ընկերային պայքարը` այն ժամանակներու իր ընդհանուր պարունակին մէջ: Ընկերային-դասակարգային պայքարի նմանօրինակ դրսեւորում մենք կը տեսնենք այն ժամանակ, երբ Յիսուս կրաւորական ուժի գործածութեան դիմեց` Աստուծոյ տաճարը մաքրելու ամէն տեսակի վաճառականներէն, Աստուծոյ տունը պահելու  իբրեւ հոգեւոր ծառայութեան կեդրոնատեղի: Ըսինք` «կրաւորական ուժի գործածութիւն». ասիկա Աւետարանին մէջ նախադէպներէն մէկն էր, երբ Յիսուս բարկացած ուժի կը դիմէր, բայց այդ ուժը կիրարկուեցաւ ոչ թէ մարդոց ուղղակի մարմնական վնաս հասցնելու համար, այլ որոշակի պատգամ մը փոխանցելու համար, եւ հոսկէ ալ` մեր գործածած «կրաւորական ուժ» հասկացողութիւնը: Այլապէս Աւետարանին մէջ կարմիր գիծի նման կ՛ընթանայ չարիքին բռնութեամբ չդիմադրելու գաղափարը, որ ինքնին հիմքն է հետագային ի յայտ եկած ոչ բիրտ դիմադրութեան եւ ազատագրութեան շարժումներուն:

Իր յեղափոխական նկարագիրով կ՛առանձնանայ նաեւ «Բարի սամարացի»-ի դրուագը: Այս դրուագով ստեղծուեցաւ այն ջրբաժանը, ուր քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ տեղ չէին  կրնար ունենալ այլեւս ազգային, դաւանական կամ դասակարգային խտրական մօտեցումները: Ասիկա այն դրուագն է, որուն ընդմէջէն Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ եթէ անոնք կարեկցանք արտայայտեն եւ օգնեն իրաւազուրկ եւ իրենցմէ աւելի տկար մարդոց, անկախ իրենց գոյնէն, դաւանանքէն եւ ազգութենէն, ապա այդ օգնութիւնը իրեն ըրած կ՛ըլլան:

Ծնաւ անշուք, համեստ մսուրի մէջ եւ մահացաւ անարգ մահով, գողերու, աւազակներու եւ ոճրագործներու յարիր մահով: Դարձաւ պատմութեան մեծագոյն նահատակը` յանուն գերագոյն ճշմարտութեան, եւ անով իսկ` վերածուեցաւ մարդկութեան մեծագոյն յեղափոխականին, որուն վարդապետութեան ցարդ ոչ մէկ յեղափոխական տեսաբանի գաղափարական ուսմունք գերազանցած է: Ասով իսկ Յիսուս կենդանի կը մնայ մեր մէջ: Կենդանի կը մնայ մեր ներաշխարհին մէջ` իբրեւ ամէնօրեայ փոփոխութեան խթան հանդիսացող տիպար: Կը մնայ ու պիտի մնայ իբրեւ այդ մանուկը, որուն երկրպագելու համար եկան աշխարհի զանազան ժողովուրդները ներկայացնող մոգերը: Կը մնայ եւ պիտի մնայ իբրեւ այն յեղափոխականը, որ կը վերանորոգէ ամբողջ մարդկութիւնը, կ՛ազատագրէ եւ կը փրկէ զայն չարիքի ու իրաւազրկումի աշխարհէն:

Share this Article
CATEGORIES