Տարածեցէ՛ք Մեծ Խորհուրդը

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

jesus-born-537778– Խնդրեմ, վայրկեան մը սպասեցէք, զաւակներս արթնցնեմ…

Իրարանցումի մէջ եղող կինը պահ մը անհետացաւ մեր տեսադաշտէն, սակայն շատ արագ վերադարձաւ.

– Նախորդ տարի շատ նեղուեցան, որովհետեւ մեղքնալով չէի արթնցուցած զիրենք` մտածելով, որ մնան տաք անկողինին մէջ եւ  հոնկէ լսեն ձեր երգը, սակայն ամբողջ տարին անոնք յաճախ յիշեցուցին, որ զիրենք զրկած էի այս ուրախութենէն, վայրկեան մը, հիմա կու գանք…

Տանտիրոջ բացակայութենէն օգտուելով շատ յոգնածները բազկաթոռի մը մէջ ինկան, ուրիշներ գետին նստան, ոմանք երկխօսութեան սկսան իրենց կողքինին հետ` խիստ պատասխանատուին արդէն մեղմացած նայուածքներուն տակ:

Արդէն 6 յունուարին առաջին ժամերը կ՛ապրէինք, «վկայած էինք» Յիսուս մանուկի ծնունդը եւ «Խորհուրդ մեծ»-ն ու Աւետիսը կը փոխանցէինք ժողովուրդին:

Բոլորս կրկին մեզի վայել դիրքի մէջ փորձեցինք ըլլալ, երբ երիտասարդ կինը կրկին երեւցաւ դրան սեմին` այս անգամ գիրկը ունենալով շուրջ երկու տարեկան մանուկ մը, գիշերանոցին փէշերուն կառչած 3 տարեկան տղեկ մը, ետին` քիչ մը աւելի մեծահասակ աղջնակ մը: Ժպտուն դէմքով կինը կրկին դիմեց մեզի.

– Շնորհակալ եմ սպասելնուդ, սակայն մեծ մայրս ալ այսօր մեզի մնաց, որպէսզի ձեր աւետումը վայելէ, ամուսինս զինք կ՛արթնցնէ…

Մեր մէջ եղող փոքրերը կրկին կը պատրաստուէին գետին հասնելու, սակայն կնոջ ետեւէն երեւցաւ մարդ մը, որ անուաւոր աթոռով,  սպիտակահեր, հրեշտակի նման պայծառ ու շողացող դէմքով կին մը կ՛առաջնորդէր:

Բոլորս լռեցինք` սպասելով երգեցողութեան սկսելու հրահանգին:

Հազիւ այդ հրահանգը պիտի տրուէր, դռնէն ներս մտաւ նաեւ երէց զոյգ մը, որ, ժպիտով բարեւելէ ետք, անցաւ ծերունիին ետին:

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`
Տան աւետիս աշխարհի»…

Թնդաց Յիսուսի ծննդեան աւետիսը տուող մեր երգը, խորունկ շունչ մը առնելով ընթացք տուինք «Այսօր տօնն է Ս. Ծննդեան, Աւետիս»-ին` Աւետիս բառին վրայ յատուկ շեշտադրում մը կատարելով:

Կը մասնակցէի երգին, բառերն ու եղանակը կը միաձուլուէին կոկորդիս մէջ եւ կը միանային սենեակը լեցնող հաւաքական ձայներուն, սակայն միտքս եւ ուշադրութիւնս ալեհեր մամիկին վրայ էին:

Երգին առաջին բառերը հազիւ լսած ըլլալու է ան, որովհետեւ առաջին շարականին երկրորդ տունը հասած էինք, երբ նկատեցի, թէ անոր նայուածքը հեռացած էր մեզմէ եւ ուղղուած էր աւելի հեռուները, պատուհանէն դուրս, կարծես բանի մը ականատես կ՛ըլլար ու թեթեւ ժպիտ եւ գոհունակութիւն մը կը գեղեցկացնէին դէմքը:

Անթարթ աչքերուն ուղղելով նայուածքս` կը փորձէի պեղել հոն թաքնուածը, հաւանաբար հայրենի տան կարօտն էր, անոր ծխնելոյզ բարձրացող մուխը` հայրենի անտառներէն բերուած ծառերու կոճղերէն ծնունդ առնող… Հոն հայկական եկեղեցւոյ զանգերուն երգը վստահաբար տարբեր կը հնչէր, հոն հայրենի հող էր, հարազատ օդ էր: «Խորհուրդ մեծ»-ին խորհուրդն ու մեծութիւնը վստահաբար տարբեր էին պապենական տան կտուրին տակ, ուր այցելութեան կու գային եւ Յիսուսի ծննդեան աւետիսը կը գովերգէին հայ դպիրները` հայկական երգով ու երաժշտութեամբ ողողելով հայոց աշխարհը…

Մեր առաքելութիւնը լիուլի կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ կը պատրաստուէինք դուրս ելլել, մինչ տանտիկինը կը հիւրասիրէր դռնէն դուրս ելլողները, տեղս անշարժ կեցած կը դիտէի մամիկը` ես ալ իրեն հետ դուրս ելած տան նեղ սահմաններէն: Արցունքի կաթիլները զայն կրկին Լիբանան բերին, նայեցաւ շուրջը, ապա ինծի ու սկսաւ հեկեկալ: Խումբին մնացեալ անդամները անակնկալի եկան` ի տարբերութիւն ինծի, որ կարծէք կը գիտակցէի, թէ դիպաշարին աւարտը վիճակուած էր այդ ըլլալու: Բոլորը քարացան ու նայեցան մամիկին, մեր պատասխանատուն փորձեց ճշդել, եթէ դպիրներէն մէկը սխալ արարքով մը վիրաւորած էր ալեհեր մամիկը: Կ՛ուզէի մօտենալ, գրկել, համբուրել տարիներու տողանցքը ցոլացնող ձեռքերը, սակայն արձանի մը նման կը շարունակէի դիտորդի վիճակին մէջ մնալ:

Երիտասարդ կինն ու ամուսինը կը փորձէին հանդարտեցնել մեծ մամիկը, իսկ երէց ամոլը միացած էր անոր լացին ու կը փորձէին աննշմարելի դարձնել իրենց հոսող արցունքները եւ խեղդել` զիրենք մատնել սպառնացող հեծկլտուքը: Տակաւին տան մէջ մնացած դպիրները, մեծամասնութեամբ չափահասներ, շփոթի մատնուած էին` երթա՞լ, թէ՞ փորձել օժանդակել: Բացայայտ էր, որ տան անդամները անակնկալի չէին եկած, պարզապէս կը փորձէին կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել` առանց իրարանցումի:

Փայլփլուն աչքերը անսպասելիօրէն ինծի ուղղելով` մամիկը շշնջաց.

– Ապրի՛ք, հազար ապրի՛ք, ապրիք հայ, ապրիք հպարտ… Գացէ՛ք, աւետեցէք Յիսուսի ծնունդը, Կոմիտասի հոգիին թող հանգչի լսելով ձեր հայերէն շարականները, նահատակներուն աճիւնները թող հանգիստ ննջեն` ի տես ձեր հասակներուն եւ ձեր բերնէն հնչող հայոց ոսկեղինիկին, աւետեցէք աշխարհին, որ հայը վերապրեցաւ, յաղթահարեց նախ եաթաղանը, ապա Տէր Զօրը ու կրկին կերտեց, կրկին սերունդ ծնաւ, պահեց լեզուն, մշակոյթը, սովորութիւնները… Գացէ՛ք ու աւետեցէ՛ք, Յիսուսի ծննդեան մեծ խորհուրդին կողքին տարածեցէ՛ք հայութեան գոյութեան խորհուրդն ու տօնը… Օրհնեալ ըլլաք… Օրհնեալ…

Ու մարեցաւ ձայնը, նայուածքը կրկին պատուհանէն դուրս էր, հեռուներէն ուժ կը հաւաքէր, որպէսզի զայն փոխանցէր մեզի:

Մօտեցայ, համբուրեցի ճակատը, նայեցաւ աչքերուս.

– Տարածեցէ՛ք հայութեան վերապրումը, հայօրէն ապրեցէք,- փսփսաց` ձեռքս սեղմելով իրեն յատուկ զօրութեամբ:

 

Կրկին փողոցն էինք, մէկ մասը փաթթուած էր վերարկուին ու կը փորձէր շունչով ձեռքերը ջերմացնել, պատասխանատուները մեր այցելելիք յառաջիկայ տան ուղղութիւնը կը ճշդէին, փոքրերը հրամցուած տուրմերը բերանին կը նետէին կամ կը փոխանակուէին, երէցները աւելի ետեւ մնացած էին, ուրիշներ կը շաղակրատէին…

Միշտ ալ այդ գիշերուան ունեցած զգացումս եղած է իւրայատուկ, գիշերուան խաւարը ճեղքելով Յիսուսի ծննդեան լոյսն ու յոյսը հասցնել մարդոց, տեսնել անոնց դէմքերուն վրայի լայն ու գոհունակ ժպիտը, զգալ խթման գիշերուան մեր աւանդական դարձած հայկական տուներու այցելութեան խորքն ու իմաստը:

 

Սակայն այդ գիշեր տարբեր բան մը ունէր իր խորհուրդով, լուսաշող մամիկին արցունքներն ու դողդղացող ձայնը տարբեր խորհուրդ մը կը փոխանցէին, տարբեր աւետիս մըն էր` անմոռանալի ու մեծ խորհուրդով…

 

 

Share this Article
CATEGORIES