«Արեւելեան Գորգերու Զարդանախշային Գանձարանը Կը Կազմէ Հայկական Ինքնութեան Մէկ Մասը, Եւ Այդպէս Ալ Պէտք Է Ըմբռնուի». Վ. ԿԱՆՑՀՈՐՆ
Վերջապէս…
21 նոյեմբեր 2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Մովսէս Խորենացjի բարձրագոյն մետալով պատուեց «Արեւելեան քրիստոնեայ գորգը»-ի հեղինակ, գերմանացի գիտնական, դոկտ. Վոլքմար Կանցհորնը, որ 1987-ին ուսումնասիրած էր հայկական գորգը եւ ներկայացուցած զայն իբրեւ իր դոկտորական թէզը` Գերմանիոյ Թիւպինկըն քաղաքի համալսարանի «Մշակոյթներու ուսումնասիրութիւն» բաժնին մէջ: Նոյն տարին ան հրատարակած է իր թէզը` «Արեւելեան քրիստոնեայ գորգը», նախ գերմաներէն, ապա` ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Երբ մեր ձեռքին տակ ունեցանք 2003-ին, Փարիզի մէջ` սոյն աշխատութեան ֆրանսերէն հրատարակութիւնը, գրախօսական մը գրեցինք հետեւեալ խորագրով. «Վոլքմար Կանցհորնի գիրքը հայկական գորգաշինութեան բերած նպաստին մասին»: Կը զարմանայինք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը արձագանգ չէր տար` հեղինակը Հայաստան հրաւիրելով եւ պատուելով արժանացնել Հայաստանի բարձրագոյն մրցանակով:
Իր պարգեւատրման առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գերմանացի արուեստաբանը ըսաւ, որ հայկական գորգարուեստի ուսումնասիրութեան ընթացքին քննած է հայկական գորգարուեստի 2,5 հազար տարուան հարուստ պատմութիւնը: «Իմ գիրքս նուիրուած է հայկական զարդարուեստին: Ազնիւ պէտք է ըլլամ ու ըսեմ, որ գիրքի պատրաստութիւնը պատահականութեան արդիւնք էր: Ես արուեստի պատմութեան մասնագէտ եմ, տարիներ առաջ ինծի տուած էին գորգ մը, որուն ծագումը պէտք է բացայայտէի», ըսաւ ան: Կանցհորն դիտել տուաւ, թէ ինչ որ գրականութիւն մը գրուած է անպայման ճիշդ չէ: «Կ՛ենթադրէի, որ այս գորգը իսլամական ծագում ունի, սակայն հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ գորգը հայկական է», հաստատեց ան:
Ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ թուրքերուն հետ երբեմն հարցեր ունեցած է, թէեւ ունի մեծ թիւով թուրք գիտնական ընկերներ:
Նշենք, որ Վոլքման Կանցհորնը Հայաստան կը գտնուէր «Հայկական հանգոյց. գորգարուեստի աւանդութիւնները» խորագիրով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովին մասնակցելու, ինչպէս նաեւ իր աշխատութեան հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսին առիթով: Գիրքը, որուն խորագիրն է «Քրիստոնեայ-արեւելեան գորգը. ակունքներից մինչեւ 18 դարն ընկած պատկերագրական եւ պատկերագիտական զարգացման ուրուագիծ», շնորհահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցաւ Հայաստանի պատմութեան տնօրէն Անելկա Գրիգորեանի կողմէ: Ան հաստատեց, որ հանրագիտարանային բնոյթ ունեցող այդ ծաւալուն (534 էջ) աշխատութիւնը աննախընթաց պատկերներու վրայ հիմնուելով շատ մեծ արժէք կը ներկայացնէ: Գրիգորեանի համաձայն, անոր հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակուիլը մշակութային իրադարձութիւն է, գորգագիտութեան իւրայատուկ ձեռնարկ, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի տարբեր խնդիրներու առաջադրման ու մեկնութեան իւրայատուկ հրաւէր մերօրեայ եւ ապագայ գիտնականներուն:
Ստորեւ գրախօսականը` գրուած 2003-ին, տպուած «Դիտանկիւնէս» հատորին մէջ:
Վոլքմար Կանցհորնի Գիրքը`
Հայկական Գորգաշինութեան Բերած
Նպաստին Մասին
Հայ ժողովուրդի բարեկամներու ցանկին վրայ կ՛աւելնայ նոր անուն մը` Վոլքմար Կանցհորն (Volkmar Ganthorn) գերմանացի աշխարհահռչակ արուեստաբան, որ իր դոկտորական թէզին համար ընտրած է հայկական գորգարուեստը եւ զայն ներկայացուցած Թիւպինկըն քաղաքի համալսարանի «Մշակոյթներու ուսումնասիրութիւն» բաժնին մէջ, 1987-ին:
Նոյն տարին ան հրատարակած է իր թէզը` «Արեւելեան քրիստոնեայ գորգը», նախ գերմաներէն, ապա ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով:
Եթէ դոկտոր Լեփսիւս արեւմտեան աշխարհին ծանօթացուցած է թուրքերուն կողմէ գործուող Ցեղասպանութիւնը, եթէ Արմին Վեկներ լուսանկարած է սովամահ երեխաներն ու մայրերը` օր մը զանոնք աշխարհի խղճին ներկայացնելու, եթէ Մարի Ճեքըպսըն հաւաքած ու փրկած է հազարաւոր հայ որբեր եւ Նանսէն տուած է` անապատէն փրկուածներուն, պատկանելիութիւն, ապա Վոլքմար Կանցհորն, մշակութային գետնի վրայ, նոյնքան կարեւոր գործ մը կատարած է` յայտնելով աշխարհին, թէ գորգաշինութիւնը ծագում առած է Հայաստա՛նի մէջ, զարգացած եւ ճառագայթած աշխարհի չորս ծագերը:
Իսկ այս ըսածը փաստելու համար աշխարհի տարածքին գտնուող բոլոր թանգարաններու եւ անձնական հաւաքածոներու գործերը քննութենէ անցընելէ ետք գիտականօրէն, սելճուքներու եւ թուրքերու վերագրուած գորգերը կը վերադարձնէ անոնց բո՛ւն տիրոջ` հայ ժողովուրդին:
Հայկական գորգերը եւ անոնց ազդեցութեամբ հիւսուած գորգերը կը բաժնէ 12 խումբերու, ըստ իրենց իւրայատուկ խաչամոթիվներուն:
Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ ան իր գիրքի յառաջաբանին մէջ. «Հեղինակին նպատակը ոչ միայն ցոյց տալ է, թէ արեւելեան գորգը շինուած չէ գետին փռուելու եւ կոխկռտուելու «բարբարոս» եւրոպացիներուն կողմէ, որոնք եղած են առաջիններէն` իրենց կօշիկներով զայն փճացնող: Կը յուսայ, որ մարդիկ կը գիտակցին ի վերջոյ, թէ հաւատացեալ քրիստոնեաներու համար անոնք եղած են սրբանկարներ` ոչ պատկերաւոր, պաշտամունքի առարկաներ արեւելեան քրիստոնեայ եկեղեցիներուն մէջ: Ուրիշ այլ հիւսուածեղէններու կողքին, գորգաշինութիւնը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին մեծագոյն նպաստը ամբողջ աշխարհի արուեստի պատմութեան: Այս իրողութիւնը թող նկատուի պզտիկ սրբագրութիւն մը ժողովուրդի մը նկատմամբ, որ իր պատմութեան աւելի քան 2000-ամեայ շրջանին տառապած է, աւելի քան որեւէ ժողովուրդ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով, որովհետեւ անիկա կը գտնուի արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ: Ան բազմաթիւ անգամներ եղած է բաժան բաժան, շահագործուած, կողոպտուած, հարկադրուած գաղթելու, հալածուած, անարգուած ու սպաննուած: Յարձակողները նոյնիսկ տիրացած են իր արուեստի գործերուն: Այս գործերը վերագրուած են բռնագրաւողներուն, ըլլայ ծանօթութեան պակասէն, ըլլայ զեղծարարութեամբ:
«Արեւելեան գորգերու մոթիվներու հայկական պատկանելիութիւնը կարեւոր տարր մըն է հայկական ինքնութեան համար, եւ պէտք է ընդունուի որպէս այդպիսին»:
Նոր հատորը` յաւելուած եւ վերամշակուած, հրատարակուած է ֆրանսերէն լեզուով, 1998-ին Գերմանիա, «Թաշըն» հրատարակչութեան կողմէ, «Արեւելեան գորգը» խորագիրով, «Գորգաշինութիւնը եւ իր հոլովոյթը սկիզբէն մինչեւ 18-րդ դար»: Կը պարունակէ 1000 գորգերու, գծագրուած մոթիվներու, մանրանկարներու, խաչքարերու լուսանկարներ, 600-ը` գունաւոր, 400ը` սեւ-ճերմակ:

Աշխարհի ամէնէն նշանաւոր արուեստագէտներու գործերուն մէջ երեւցող հայկական գորգեր
Գիրքի «շնորհակալութիւններ» բաժնին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Արեւելեան քրիստոնեայ գորգը արդիւնքն է հիմնական փնտռտուքներու, որոնք տեւեցին բազմաթիւ տասնեակ տարիներ: Սկիզբը ոչ մէկ ծանօթութիւն գոյութիւն ունէր, ոչ իսկ կասկած մը, որ կրնար մտածել տալ անոր քրիստոնէական ծագումին մասին: Վերջացնելէ առաջ այս գիրքին ձեռագիր խմբագրութիւնը, հեղինակը նոյնպէս նպատակ ունէր ներկայացնել իսլամական արեւելեան գորգը: Սակայն, դժբախտաբար, շատ քիչ գորգեր` հիւսուած մինչեւ 19-րդ դար, կրնան նկատուիլ վստահօրէն, իսլամական գործածութեան մէջ: Կարեւորագոյնները անոնցմէ` այս գիրքին մէջ տեղ գտած են` բաղդատութեան նպատակով միայն»:
Գիրքին մէջ կարելի է տեսնել բազմաթիւ նշանաւոր նկարիչներու իւղանկարներ, որոնց մէջ կան հայկական գորգեր: Յիշենք անոնցմէ` Հոլպէյնը, Մեմլինկը եւ Ճիոթթոն:
Տրուած են Հայաստանի 4 քարտէսներ, զանազան ժամանակաշրջաններու սահմաններով եւ քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ հայերու գաղթօճախները` Ասիայէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, մինչեւ Հնդկաստան եւ Չինաստան մէկ կողմէ, Ֆրանսա, Անգլիա, Սպանիա, Պոլոնիա` միւս կողմէ: Տուեալ երկիրներու մէջ, ինչպէս Եգիպտոս, Թուրքիա, Պարսկաստան, Արեւելեան Եւրոպա եւ Ռուսիա, հայերը իրենց հետ տարած են գորգագործութեան արհեստը եւ զարգացուցած զայն:
Պատմական խորապատկերի վրայ, Վոլքմար Կանցհորն փաստեր կը բերէ Խեթական եւ Ուրարտական թագաւորներու հագուստներու զարդանախշերէն, Բազիրիկ գորգէն, որ կը պատկանի Վանի հայկական թագաւորութեան (Ուրարտու) շրջանին, եւ որ ունի նոյն խաչաձեւ մոթիվը եւ նոյն գործուածքի ձեւը, որ հանգուցաւոր ձեւն է, ինչ որ 1000 տարի յետոյ գործուած գորգը: Մեծ արուեստաբանը կը յիշատակէ Մարքօ Փօլոյի այցելութիւնը Կիլիկիա եւ հայ թագաւորներու պալատներուն մէջ տեսած հրաշալի գորգերը: Նաեւ կը յիշատակէ մէկ առ մէկ արաբ պատմիչներու տուած տեղեկութիւնները հայկական գորգերու մասին: Չի մոռնար յիշելու հայոց` արաբներուն տուած տուրքերու շարքը, հայկական մետաքսէ եւ բուրդէ հիւսուած գորգերը:
Գիրքին մէջ տպուած են բազմաթիւ հայկական մանրանկարչական գործեր, խաչքարեր, զարդաքանդակներ, որոնց մոթիվները զուգահեռաբար կ՛ընթանան հայկական գորգերու մոթիվներուն հետ:
Վոլքմար Կանցհորն բացատրութիւններ կու տայ հայկական գորգերուն վրայ գտնուող հայերէն տառերու մասին, ինչպէս Տ:Տէր, Է:Էութիւն եւ այլն:
Բազմաթիւ հին գորգերու նմուշներ, որոնք ցուցադրուած են Պոլսոյ կամ Անգարայի թանգարաններուն մէջ, «Թրքական եւ իսլամական հնութիւններ» վերագրումով, քննութեան առնուած են եւ հաստատուած, որ հայկական են:
Պիտի չզարմանանք եթէ օր մը Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիներն ալ ներկայացուին իբրեւ «Թրքական եւ իսլամական հնութիւններ»:
Գիրքը կը փակուի 1041 թուի գեղեցիկ խաչքարով մը (Եղէգնաձոր) եւ հայերէն տառերու աղիւսակով մը:
Ոեւէ հայ պէտք է ունենայ այս գիրքը իր տան մէջ, ինչպէս պիտի ունենար «Խաչքարերու» կամ «Եկեղեցիներու» գիրքերը:
Գերմանացի արուեստաբանը աւելի բան գիտէ հայոց պատմութեան եւ հայ արուեստին մասին, քան հայերս:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Փարիզ-Պէյրութ
28 ապրիլ 2003
ՏՈՂԱՏԱԿ
1.- Վոլքմար Կանցհորն, երբ պիտի հրատարակէր իր թէզը, երկար մտածելէ ետք, ընտրեց «Արեւելեան քրիստոնեայ գորգը» վերնագիրը, որովհետեւ թուրքերը կրնային հրատարակուած բոլոր գիրքերը` տպարանէն դուրս չելած, գնել եւ փճացնել, քանի Անգարայի եւ Պոլսոյ թանգարաններուն մէջ գորգի կտորներ ներկայացուած էին որպէս իսլամական-թրքական գորգաշինութեան նմուշներ: Կանցհորն առանձին առանձին ուսումնասիրելով այդ նմուշներու մոթիվները, զանոնք կը վերադարձնէր իրենց տէրերուն` հայերուն:
2.- 1955-ին Վ. Ս. Թեմուրճեան, գիրքը Հայկական ՍՍՌ գիտութիւնների. Ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտի կողմէ հրատարակուած էր «Գորգաշինութիւնը Հայաստանում» վերնագրուած:
Այդ` «պատմա-ազգագրական ուսումնասիրութիւնը» միակ գիրքն է, աշխարհի բոլոր լեզուներով տպուած, հայկական գորգին նուիրուած գիրքերուն մէջ, ուր հանգամանօրէն ուսումնասիրուած է հայկական գորգաշինութեան պատմութիւնը եւ ստացած իր արժանի տեղը. թէ «գորգաշինութիւնը ծագում առած է Հայաստանի մէջ ու տարածուած աշխարհով մէկ, շնորհիւ հայերու գաղթերուն»: «Գորգաշինութիւնը ըլլալով ազգային արհեստ, հայերը իրենց հետ տարած են ու սորվեցուցած զայն այլոց»:
Հեղինակը` Վ. Ս. Թեմուրճեան, տրուած ըլլալով, որ չէր կրնար բացայայտօրէն ըսել, թէ «գորգը ծնած է Հայաստանի մէջ, այդ մէկը կրնար ազգամոլութիւն սեպուիլ խորհրդային գաղափարախօսութեան կողմէ, տուրք տուած է, խօսելով նաեւ ազրպէյճանական գորգերու մասին, որոնք ընդօրինակութիւններ են հայկական գորգերէ», ինչպէս գրած է Վոլքմար Կանցհորն: