ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆ. «ԱՐԻ ՏՈ՞ՒՆ»…

– «Արի Տուն» սիրելի՛ սփիւռքահայ բարեկամներ…

– «Արի Տո՞ւն»…

Սփիւռքի մէջ կը դաստիարակուինք հայեցի կրթութեամբ, կ՛երգենք գովերգական փառաբանութիւններով, կ՛ասմունքենք դիւցազնական ոգիով եւ կ՛երազենք հայրենիք շօշափելու յոյսով: Մեծ հրաշքով մը մեր պատմութեան ընթացքին կրցանք խուժան ազգերու ձեռքէն գէթ փրկել Արեւելահայաստանը: Հայուն համար անհաւատալի բան էր ունենալ հայրենիք մը, ուր պիտի կերտէր իր ազգային բանակը, թռիչք պիտի տար իր մշակոյթին եւ ազատօրէն պիտի շնչէր իր հարազատ երկինքին տակ…:

Սակայն այդ երազող լիբանանահայը այսօր տարբեր պատկեր կը պարզէ: Լիբանանահայ գաղութին մէջ սկսած է անկում մը արձանագրուիլ, որովհետեւ հայը թրքական արտադրութիւններուն եւ ծանուցումներուն գերին սկսած է դառնալ: Միտքերը աւելի Թուրքիա սկսան  ուղղուիլ, քան` Հայաստան: Մեղադրելի չէ՞… Ինչո՞ւ ականջ չեն տար մեր հայրենի նախարարներուն ու բարեկամներուն, որոնք «Արի Տուն» ըսելով կը հրաւիրեն մեզ ՄԵՐ ՏՈՒՆ…

Պատճա՞ռը… «Արի Տուն» կ՛ըսուի, բայց դէպի Հայաստան տոմսերու գիները հետզհետէ կը սղին` երեւակայական չափով: Ո՞վ չի փափաքիր իր մայր հայրենիքը տեսնել, անոր զուլալ ջուրով ամրապնդել հայկականութիւնը, իր աչքերով տեսնել մեր մէջ յաւերժ ներկայ Արարատը, բայց ովքե՞ր կրնան այդքան մեծ գումար վճարել իրենց հարազատ տունը տեսնելու համար: Մանաւանդ ուսանող մը, որ հազիւ իր կրթական ծախսերը կը հոգայ, ինչպէ՞ս կրնայ փափաքիլ շօշափել իր սրբազան հողը:

Թուրքիա երթալ ծրագրող հայերը աւելի շատ են: Ինչո՞ւ… Պատասխանը յստակ ու ամօթալի է նոյն ատեն:

Վստահաբար Հայաստան գացողներուն թիւը տասնեակներով աւելի պիտի ըլլար եթէ տրամաբանական գինով կարելի ըլլար մեր հայրենիքը հասնիլ: Ինչո՞ւ չի մտածուիր այս մասին, մանաւանդ որ ասիկա համայն լիբանանահայութեան ցաւն է: Դիւրին է կանչել ՏՈՒՆ, բայց իրողութեան մէջ մեր տունը մտնելու համար հսկայական գումար մը կը պահանջուի, այդ ալ` միայն հոս հասնելու համար:

Այս պայմաններուն մէջ կարգ մը լիբանանահայեր, նաեւ քաղաքացի իրենց եղբայրներուն հայրենիքը տեսնել փափաքող լիբանանցիներ կրնան այլ նախընտրութիւններ ունենալ եւ կամ ընդհանրապէս հրաժարիլ Հայաստան երթալու երազի իրականացումէն:

Ուրախ ենք, որ ՏՈՒՆ կը հրաւիրուինք, սակայն շատ տխուր ենք, որ ՏՈՒՆ երթալու տրամաբանական գիներ չեն ճշդուիր մեզ հայրենիք տանող օդանաւերուն փոխադրածախսերուն:

ԱՅՐՈՒՁԻ

Share this Article
CATEGORIES