ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ԳԱՀԸ (*) ՁՕՆ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 16-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անթիլիասի արխիւատան թէ թանգարանին մէջ ի պահ դրուած պատմական լուսանկարներու մէկ մասին վրայ ակնարկ նետելով, անոնցմէ ոմանց անկրկնելի ու եզակի ըլլալը բացայայտ դարձաւ: Լուսանկարներ, որոնք թէ՛ հնութեամբ եւ թէ՛ իրենց ներկայացուցած պատկերին բովանդակութեամբ արժէքաւոր են:

Տակաւին ամբողջութեամբ չցանկագրուած լուսանկարներուն մէջէն մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի մայրավանքի Ս. Սոփիա Մայր տաճարի հայրապետական գահին պատկերը, որուն մասին աղօտ ու հարեւանցի ծանօթութիւններ կան հոս ու հոն ցրուած: Սոյն պատկերին իսկական օրինակներէն մէկն ալ զետեղուած է Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի առաջին յարկին վրայ:

Սիսի Ս. Սոփիա Մայր Տաճարի Հայրապետական Գահը

Այս Աթոռին պատմութիւնը մենք նկատի ունեցանք ո՛չ միայն Սիսի Ս. Սոփիա Մայր տաճարին մէջ եղած ու 1915-ին թրքական բարբարոսութեան զոհ գացած գահին իբրեւ պատմութիւն, այլ` անոր շարունակութիւնը եղող Անթիլիասի նոր կայքին մէջ յարմարեցուած Սրբոց Թարգմանչաց թիթեղածածկ փայտաշէն եկեղեցւոյ համար պատրաստուած եւ երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին ձօնուած հայրապետական գահին իբրեւ ուսումնասիրութիւն, եւ ի վերջոյ կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ գտնուող մարմարակերտ աթոռին շինութեան պատմութիւն: Երեքը մէկ ամբողջութիւն նկատի ունենալով կատարուած է սոյն ուսումնասիրութիւնը:

Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան պարագային, ընդհանրապէս տուեալ հոգեւոր կեդրոն կը ճանչցուի նաեւ «Աթոռ» բառով, նշելու համար այս կամ այն նուիրապետական կեդրոնը եկեղեցւոյ:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն» կոչումը, սոսկ նուիրապետական աթոռի նշանակութիւն չունի հայոց պատմութեան մէջ, այլ «Կիլիկիոյ Տան»` Կիլիկիոյ արքայական աթոռանիստին յիշատակը իր մէջ ունեցող պատուանուն է անիկա, զոր շարունակուեցաւ տրուիլ Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն (1375) ետք մանաւանդ, Կիլիկիա նստող հայրապետներուն, որոնք այնուհետեւ ո՛չ միայն եկեղեցւոյ պետեր, այլ նաեւ ազգապետներ նկատուեցան Կիլիկիոյ հայութեան:

Մեր նպատակէն դուրս ըլլալով հայոց պատմութեան մանրամասնութիւնները քննել, նախ պիտի կեդրոնանանք այն գահին վրայ, որ մինչեւ 1915 կը գտնուէր Սիսի Սուրբ Սոփիա Մայր տաճարին մէջ:

Սիսի Ս. Սոփիա Մայր Տաճարին Խաչկալը

Սիսեցիներու առաջին աքսորէն ետք` 1915-ին, Ս. Սոփիան կը վերածուի մզկիթի: Այսքանով պիտի չբաւարարուէին սակայն զայն բռնագրաւողները: Կէօյ Ֆագը անունով թուրքը աղերսագիր կը յղէ տեղւոյն կառավարատունը, որպէսզի տաճարին խաչկալը վար առնուի` պատճառաբանելով, թէ ետեւի պատուհաններէն ներս մտնող արեւուն լոյսը կը խափանէ: Կաթողիկոսական փոխանորդ Եղիշէ արք. Կարոյեանի բանաւոր յուշերէն վերցուցած է հաւանաբար այս անձին անունը Սիս-Մատեանը կազմող Միսաք Քէլէշեան, որովհետեւ յականէ յանուանէ ճանչնալով զայն, սրբազանը անոր դէմ դատ բացած է հետագային` զինադադարէն ետք: Դժբախտաբար մեզի չէ հասած խաչկալին արձանագրութիւնը, սակայն ըստ «Սիս-Մատեան»ի փոխանցած տեղեկութեան, ատիկա նուէր էր ատանացի Պուլտուգեան գերդաստանէն, հաւանաբար 1790-ին շինուած: Խնդրագիրը կառավարիչին հաւանութեան կ՛արժանանայ, եւ գիւղացի թուրքերէ կազմուած խումբը հրահանգ կը ստանայ կացիններով քանդել ու փշրել ոսկեզօծ հոյակապ խաչկալին վարի մասերը: Ապա, վերի բարձրադիր մասերէն պարաններ կապելով զայն կը տապալեն ամբողջութեամբ: Հսկայ խաչկալին աջակողմը` Մովսէս, իսկ ձախակողմը` Եղիա մարգարէներու տպաւորիչ իւղանկարները եղած են, իսկ Մայր խորանի ինը աստիճաններով հսկայ խորանը, Սուրբ Երրորդութեան խորհրդաւոր իւղանկարը ունեցած է, ինչպէս կ՛երեւի պատմական լուսանկարին մէջ: Նոյն միջոցին, միեւնոյն ճակատագրին կ՛արժանանայ նաեւ հայրապետական գահը, որուն բեկորներուն հետ խաչկալին մնացորդացը եւս վանքին ախոռը կը տանին, ուր հայ գործաւորներուն կը ստիպեն իրենց մուրճերով փշրել ու մանրել դարերու հարստութիւնը…:

Զինադադարին, երբ հայութեան մէկ մասը դարձեալ կը վերադառնայ Սիս ու ֆրանսացիներու հաստատած իշխանութեան տակ իր ապահով կեանքը վերստին կը ծաղկեցնէ, Եղիշէ արք. Կարոյեան պատժելու համար թուրք հրոսակները, որոնք յաջողած էին այդ վանտալութիւնը գործադրել, դատ կը բանայ կառավարութեան դէմ եւ 50 հազար օսմանեան ոսկիի գումար կը պահանջէ իբրեւ վնասուց հատուցում: Տեղական դատարանին մէջ, Կէօյ Ֆագը, որ բուն ծրագրաւորողն էր այդ կործանարար արարքը, կառավարական արտօնագիրը ցոյց տալով դատաւորին, ազատ կ՛արձակուի եւ կառավարութիւնը կը բռնադատուի վճարել վերոյիշեալ գումարը: Ըստ թրքական աղբիւրի, որ Սիսի պատմութիւնը կը ներկայացնէ, կը յիշուին պետական երեք անձերու անուններ, որոնց դէմ կը բացուի այս դատը. տնօրէն Իպրահիմ, հաշուապահ Րակըպ Գոչ եւ վերաքննիչ Իսմայիլ Հագգը: Դարձեալ նոյն աղբիւրին համաձայն, դատարանը միայն կոտրած կաթողիկոսական գահին իբրեւ վնասուց հատուցում կը վճռէ մէկ միլիոն ոսկի: Գործը ձգձգելու համար, Ատանայի վերաքննիչ ատեանին կը դիմէ տեղւոյն իշխանութիւնը: Սակայն ժամանակը հայութեան դէմ կը գործէր…: Ֆրանսական զօրքին հեռացումով եւ ուստի Կիլիկիոյ վերջնական հայաթափումով, դատական հարցն ալ «յաւիտենական քուն» կը մտնէ` սպասելով մարդկային իրաւանց ռահվիրայ պետութիւններէ գալիք արդարութեան…:

Իրենց պատմութեան արմատները հին ժողովուրդներու պատմութեան մէջ փնտռող թուրքերը, իրենց թանգարաններուն մէջ ի պահ դրուելիք թանկագին հնութիւններ կործանած եղան վրէժխնդրութեան ու նախատինքի զգացումներով առաջնորդուած, երբ քանդեցին հայ ժողովուրդի նուիրական սրբութիւններէն հանդիսացող Սիսի հայրապետական գահն ու Մայր խորանին հոյակապ խաչկալը: Իսկ Սուրբ Սոփիա Մայր տաճարը իր ամբողջութեան մէջ զերծ չմնաց քանդումէ: Անոր հսկայ ու տիրական հովանաւորութիւնը ամբողջ քաղաքին վրայ, նոյնիսկ մզկիթի վերածուելէ ետք, հաճելի աչքով չէ դիտուած տեղւոյն թուրք բնակչութենէն եւ վրէժխնդրութեան նոյն անզսպելի զգացումով անոնք հիմնայատակ կործանած են նաեւ Մայր տաճարը:

2010 յունիս 8-ին Սիս տուած մեր այցելութեան ընթացքին, տեղացի թուրքերէ իմացանք, որ Սուրբ Սոփիա Մայր տաճարը հիմնայատակ կործանած էին 1940-ական թուականներուն: Այս տեղեկութիւնը մեզի փոխանցող 90-ամեայ ծերունի կինը` Սապահաթ Օքան, յայտնեց նաեւ, որ այդ օրերուն ինք ցաւ զգացած է, որ «թարիհի պիր պինա» (պատմական շէնք մը) կը կործանեն: «Իսկ հիմա կ՛իմանամ, որ կ՛ուզեն վերականգնել զայն», ըսաւ ան:

Հակիրճ ներկայացնելով Սուրբ Սոփիա տաճարին պատմական արժէքը, պարզապէս կ՛ուզենք ցոյց տալ միաժամանակ այն յարկը, ուր կը գտնուէր հայրապետական անգին գահը:

1810 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կիրակոս Ա. կաթողիկոս, Մայրավանքը տեղափոխելով առաջուան տեղէն ոտքով քառորդ ժամ հեռաւորութեամբ այլ տեղ` նախկին արքայական ապարանքին տեղը կը հաստատէ, արքայական շրջանէն մնացած երկու աշտարակներու աւերակներուն մօտ: Ամբողջ Մայրավանքը եռանկիւնաձեւ կը պարսպապատէ, հակառակ անոր զառիվեր դիրք ունենալուն: Իսկ Ս. Սոփիա տաճարը ամբողջովին կը վերանորոգէ:

Վիքթոր Լանկլուա, որ Սիս այցելած է 1852-ին, «Կիրակոսի վանք» կը կոչէ այս նոր Աթոռանիստը, որուն շինութեան համար Կիրակոս կաթողիկոս օգտագործել տուած է Ռուբինեանց պալատներուն քարերը: Ամփիթատրոնի ձեւով կառուցուածք ունի, եւ իւրաքանչիւր աստիճանի վրայ շէնքեր եղած են: Փայտակերտ շէնքը եղած է կաթողիկոսին բնակարանը, որ նշանաւոր էր ամբողջ քաղաքին վրայ նայող պատշգամով, իսկ անկէ վեր խաչաձեւ շինուածքը` «խաչ օտա»ն, եղած է վեհարանը կամ ժողովասրահը:

Սիսի Մայրավանքը

Լանկլուայի տեղեկութեանց համաձայն, Մայր տաճարը ամէնէն աւելի խնամքով պահուած շէնքն էր: Դասի բաժինը աւելի հին է, քան մնացեալ մասերը: Վերանորոգութիւնը աւարտած է 1810 թուականին: Տաճարը առաջին անգամ կառուցողն է Հեթում Ա. (1223-1269): Սակայն, անիկա 1266-ին ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ կը դառնայ Եգիպտոսի Մեմլուքներու կատարած արշաւանքին ընթացքին:

Իր շինարար աշխատանքներով հռչակ հանած հայրապետը` Կիրակոս, որ պատմութեան «Մեծագործ» տիտղոսին արժանացաւ, կ՛ամբաստանուի սուլթանին մօտ, եւ ձերբակալուելով Պոլիս կը տարուի դատուելու համար: Կիրակոս կաթողիկոս, նախքան մեկնումը վերջին անգամ ըլլալով Սուրբ պատարագ կը մատուցէ իր վերանորոգած տաճարին մէջ եւ այնքան կը յուզուի այդ անիրաւ զրպարտութեանց պատճառով, որ ի խորոց սրտի կ՛աղերսէ առ Աստուած, արդարացնել զինք սուլթանին դիմաց: Յուզումի պահուն իր արցունքներէն մի քանի կաթիլ կ՛իյնան ոսկեզօծ սկիհին մէջ, ու արիւնի փոխուելով մնայուն հետք կը թողուն այնտեղ: Մինչեւ այսօր նոյն կարմրաւուն հետքերը ցոյց կը տրուին վերոյիշեալ սկիհին մէջ, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի «Փրկեալ գանձատունը» յարկին վրայ զետեղուած կիրառական արուեստի նմուշներու բաժնին մէջ, զոր պարզ աչքով կարելի է տեսնել: Սկիհը 47×22.5×14 սմ, թիւ 2 համարակալուած է: Արձանագրութիւնը կ՛ըսէ. «Յիշատակ է սուրբ սկիհս ի սուրբ գահին Կիլիկիոյ վասն հանգուցեալ լուսահոգին մ[ա]հ[տե]ս[ի]. Վարդուհւոյն ձեռամբ որդւոյն Մաշկերտցի Տիրացու Ստեփանին, որ յիշատակէ Տէր ընկալցի թվին ՌՄԺԸ [1769]»:

Այն սկիհը որուն մէջ Կիրակոս Ա. Կաթողիկոսի արցունքը արիւնի փոխուած է ու անջնջելի հետք թողած (1769թ.)

Կիրակոս կաթողիկոս կ՛արդարանայ սուլթանին դիմաց եւ կը վերադառնայ իր աթոռը: Ամբաստանութիւնը այն էր, թէ` կաթողիկոսը իր բնակութեան արտաքին պարիսպները ամրացնելով ապստամբութիւն պիտի գլխաւորէ, ինքնավարութիւն հաստատելու նպատակով: Աւելի ուշ, սակայն` 1822-ին, Գօզան-Օղլու ձորապետը ապստամբելով, կը թունաւորէ Հայոց հայրապետը, ու այդպէս վերջ կու տան անոր կեանքին: Կիրակոս կաթողիկոս կը թաղուի իր իսկ վերանորոգած Ս. Սոփիա եկեղեցւոյ մէջ, դռնէն մտնելէ ետք ձախ կողմը: Մեծագործ հայրապետին անշուք տապանաքարին միակ արձանագրութիւնը եղած է «Կիրակոս» անունը:

Եգիպտացի «Իպրահիմ» փաշա իր արշաւանքներուն ընթացքին` 1840-ական թուականներուն Սիս կը հասնի, կը փափաքի տեսնել Կիրակոս Ա.ի աշխատանքները, զորս մեծ ծրագիրներու յաջողութիւն կը նկատէ: Ապա, վերոյիշեալ դամբարանին առջեւ կանգնած, փաշան կը բացագանչէ. «Ո՜վ Անատոլուի առիւծ, երանի՜ թէ ապրէիր այսօր, երբ Արապիստանի առիւծը պէտք ունի քեզի նման մեծախորհուրդ անձի մը»:

Սուրբ Սոփիա Մայր տաճարը ունեցած է երեք մասեր` աջակողմեան բաժինը` նուիրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, կեդրոնական մասը կամ բուն տաճարը, եւ ձախակողմեան բաժինը` նուիրուած Ս. Էջմիածնի: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած բաժինը առանձին մատուռ էր, որ դուրսէն իսկ նշմարելի է կաթողիկոսարանի համայնապատկերը ներկայացնող հին լուսանկարներուն մէջ: Տաճարը ինք անգմբէթ ըլլալով` դուրսէն դիտողին համար կողքի այս մատուռին գմբէթը այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ հոգեւորականը իր սաղաւարտը հանած ու կողքին դրած է…:

Այս մատրան մասին խօսելով` Էրիք Քինկ կը գրէ, թէ 1936-ին իր տուած այցելութեան ընթացքին, տակաւին կանգուն էր, եւ այդ շէնքին բնաւ վնաս հասած չէր: Ան կ՛ըսէ, թէ միակ առարկաները, որոնք կախուած մնացած էին այս մատրան պատերուն, հարեւանցի կերպով գծուած երկու պատկերներ էին, որոնցմէ մէկը Արարատ լեռը կը ներկայացնէր, իսկ միւսը` եկեղեցւոյ մը շէնքը (շատ հաւանաբար Ս. Էջմիածնի տաճարը: Ծանօթագրութիւնը մերն է, Գ.Ծ.Վ.Չ.):

Այս առիթով ան նաեւ կը թուէ այն սրբութիւնները, որոնք կը պահուէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատրան մէջ: Առաջին հերթին կը յիշէ, թէ այնտեղ կը պահուէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը: Երկրորդ, կը գրէ, թէ` այնտեղ կը գտնուէր Զմիւռնիոյ յոյն հայրապետին` Ս. Նիկողայոսի Աջ բազուկը: Երրորդ, Հռոմի 33-րդ պապին` Ս. Սեղբեստրոսի Աջը: Չորրորդ` Ս. Պարսամ ճգնաւորին Աջը: Ան կ՛ըսէ, թէ այս Աջերը արծաթ տուփերու մէջ փակուած էին: Ի վերջոյ, ան կը գրէ, թէ նոյն վայրին մէջ կը պահուէր նաեւ Յակոբ եպիսկոպոսին նուիրուած եմիփորոնը, որ իր վրայի արձանագրութեան հիմամբ, պատրաստուած էր Հալէպ քաղաքին մէջ 1234-ին: Կարմիր մետաքսով բանուած այս եմիփորոնին վրայ կան խաչեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ` Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն ու այլ սուրբերու գունաւոր դերձաններով բանուած դիմապատկերները: Իւրաքանչիւր անձի անունը ճերմակ մանր մարգրիտներով կարուած է վրան: Այսպէս, հոն բանուած են Յիսուսի, Ս. Կոյս Մարիամի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Պետրոս առաքեալի, Դիոնիսիոսի, Նիկողայոսի, Ներսէսի, Յովհաննէս Մկրտիչի, Յակոբի, Անտոնի, Գրիգորի, Սարգիսի, Բարսեղի, Կիւրեղի, Եպիփանի ու այլ եկեղեցական հայրերու պատկերները: Այս եմիփորոնը Հռոմկլայի կաթողիկոսարանէն բերուած էր Սիս, իբրեւ հայոց հայրապետներուն իշխանութեան խորհրդանիշ հարստութիւններէն մին: Արձանագրութիւնը հետեւեալն է. «Նկարեցաւ եմիփորոնս ի Հալապ, ի վայելումն Տէր Յակոբ քաջ Րաբունապետին, զոր Տէր Աստուած վայել տացէ, ամէն»:

Տաճարին տանիքը եղած է հարթ հաւասար. ան կանգնած էր չորս քառակուսի սիւներու վրայ, որոնք իրարու կապուած էին կամարներով: Եկեղեցւոյ անկիւններուն եւ ճակատին եղած են առիւծակերպ աղբերաբերաններ, Ռուբինեանց թագաւորութեան խորհրդանշանները յիշեցնող: Տաճարին մէջէն աստիճանով կարելի էր բարձրանալ զանգակատուն, անցնելով Ս. Պետրոսի ու Ս. Պօղոսի նուիրուած բարձրադիր մատուռէն: Կիլիկիոյ հայրապետական գահին պատմական լուսանկարին մէջ յստակօրէն կ՛երեւին դէպի այս մատուռը առաջնորդող աստիճանները: Տաճարին մէջ, խորաններուն վրայ եւ պատերուն շուրջ քանդակուած եղած են նաեւ «Հեթում», «Լեւոն» եւ այլ արքայական կամ ազնուական անուններ: Ս. Սոփիան ունեցած է նաեւ «կանանց վերնատուն», ուր կիները կը բարձրանային, հետեւելու համար Սուրբ պատարագին: Դարձեալ, տաճարի մուտքին մեծ գաւիթ եղած է` վրան ծածկուած:

Ս. Սոփիա Մայր Տաճարին գլխաւոր մուտքը, գաւիթը

Սիս քաղաքի համայնապատկերէն բացի, մեզի հասած այլ լուսանկար կայ: Վեց կիներ, հայկական տոհմիկ տարազներով, հինգը ոտքի կանգնած, մէկը գետին նստած, փառաւոր դուռի մուտքին են, ամէնքն ալ ուշադրութեամբ նկարողին նայելու դիրքով: Վիքթոր Լանկլուայի տուած բացատրութիւններուն վրայ հիմնուելով կրցանք այն եզրակացութեան գալ, թէ յիշուած լուսանկարը առնուած է ճիշդ այդ գաւիթին մէջ, այսինքն Ս. Սոփիա Մայր տաճարի աւագ դրան մուտքին, որուն վերեւ կ՛երեւի ոտանաւոր արձանագրութիւն:

Ներկայ արհեստագիտութեան ներկայացուցած դիւրութիւններէն օգտուելով, կրցանք բաւականաչափ խոշորացոյցի տակ առնել յատկապէս այդ դրան վրայի քանդակուած արձանագրութիւնը: Սակայն, այդպէս ալ, հնութիւն դարձած լուսանկարին անյստակութիւնը կարելի չեղաւ ուղղել, այլ միայն շուքերու ձեւին տակ կարելի եղաւ բաղդատել այդ գրութիւնը, Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի հրատարակած արձանագրութեան հետ, որ հետեւեալն է.

«Դուռն եմ մըտից ի լոյս վերին
Լուսոյ փառաց խառնարանին.
Զի աստ խառնի մաքուր գինին,
Լինի զենումն անմահ գառին
Հաստեցելոյ սեամբ շնորհին
Նոր կառուցելոյ բոլորովին.
Թէ ես թէ շէնս արդեամբ Վեհին
Հիմնեցելոյ ի բան վերին
Տէր Կիրակոս սրբազանին
Եւ հոգելից հայրապետին.
Ի թուին Հայոց ՌՄԾԹ մայիս Ժ օրն
Սուրբ շինուածոյս վերականգնի
Եւ այլ սենեակս ընդ պարսպի
Մեծաւ ջանիւ կատարողի,
Ի Հայոց գրոցն թուահաշուի.
Այսքան ամօք աշխատողի
Արիաջան փոխանորդի
Ընտիր Վեհիս Կիրակոսի
Տէր Եղիա եպիսկոպոսի
Որ է տեղեաւ Խարբեթացի
Յիշման անունն է արժանի»:

Սիս քաղաքի պատմութիւնը ներկայացնող Մէհմէտ Ճէվտէտի հեղինակած մեր յիշած պատմագիրքը կը նշէ, թէ Եղիշէ արք. Կարոյեան Սսոյ մայրավանքին 366 սենեակներուն բանալիները մէկ պարկի մէջ լեցուցած, Սիսէն գաղթական մեկնումէ առաջ երբ կը տանի գաւառապետ Իհսան Պէյին, լալագին կատարած կ՛ըլլայ հետեւեալ առաջարկը. «Մենք անվերադարձ կ՛երթանք այլեւս այստեղէն: Այս վանքը աղօթատեղ էր: Զանիկա կա՛մ դպրոցի կամ ալ հիւանդանոցի նման բարենպատակ հաստատութեան մը վերածեցէք, մեր երկրին համար շատ բարեբեր կ՛ըլլայ»: Գիրքին թուրք հեղինակը նոյն էջերուն մէջ հրատարակած է նաեւ Կարոյեան սրբազանի եւ Կիլիկիոյ հայրապետական գահուն լուսանկարները: Հեղինակը կը շարունակէ նաեւ տեղեկացնելով, որ հետագային Սիսի վանքը վերածուած է «Գօզան Րիւշտիէ»ի (այսօրուան միջնակարգ վարժարան), իսկ պուրսացի Կէօքկէօզլիւ Իպրահիմ Պէյը անոր տնօրէն նշանակուած է:

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

(Շար. 1)

(*) Սոյն յօդուածը օրաթերթ ընթերցողներուն դիւրամատչելի դարձնելու նպատակով, անկէ վերցուած են էջատակի գիտական ծանօթագրութիւնները, մասամբ միայն ներառուելով յօդուածին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES