Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ ԵՐԵԽԱՅ ԸԼԼԱԼ

Բարգաւաճող երկիրներու մէջ երեխայի մը խնամակալ ըլլալը բարեգործութիւն ընելու ժողովրդական, տարածուած ձեւ մըն է: Բայց երեխաները իրե՛նք ի՞նչ կը քաղեն այս համակարգէն:

«Ես անոնց գրեցի եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի, որ մինչեւ այսօր զիս խնամած են»:
Փրիսիլլա

Փրիսիլլա Ղանայի մէջ գտնուող իր գիւղէն հազարաւոր մղոններ հեռու վայրէ մը կրթաթոշակի համար օգնութիւն ստացաւ:

Տարիներ շարունակ ան նամակներ փոխանակեց բրիտանացի բարերարին հետ: Փրիսիլլա այժմ 20 տարեկան է, բարեգործական մարմինը դադրեցուցած է խնամակալութիւնն ու յարաբերութիւնը:

«Անցեալ տարի ես գրեցի անոնց` հրաժեշտ տալու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու համար», կ՛ըսէ Փրիսիլլա, որ այժմ հաշուապահութիւն կ՛ուսանի: «Երբ ես կը գրէի, արցունքներ կը հոսէին աչքերէս»:

Ան խորապէս երախտապարտ է իր խնամակալին: Բայց այս զգացողութեան տխրութիւն կը միախառնուի իրենց հաղորդակցութեանց աւարտին:

«Խնամակալը եղիր երեխայի մը» կարգադրութիւնները այդ երեխաներուն մէջ կը յառաջացնեն զգացական ելեւէջներ, որոնց անտեղեակ կ՛ըլլան բազմաթիւ նուիրատուներ»:

Փրիսիլլայի խնամակալութիւնը կարգադրուեցաւ Ուորլտ Վիժընի միջոցով: Բարեգործութիւնը բարելաւեց կենսամակարդակը Տանկմէ Ուեսթի, որ Ղանայի մայրաքաղաք Աքրայի մէջ ամէնէն զրկուած շրջաններէն էր:

Բարեգործական կազմակերպութիւններ Ուորլտ Վիժընի եւ Միջազգային ծրագիրի նման, «Խնամակալը եղիր երեխայի մը» նախատիպերը, կաղապարները կ՛օգտագործեն հիմնադրամ գոյացնելու համար:

Պատանիներ, Փրիսիլլայի նման, կը հովանաւորուին մինչեւ 15 տարի: Անոնք յաճախ նամակներ եւ նուէրներ կը ստանան: Շատեր իրենց խնամակալներուն սերտօրէն կապուած կը զգան:

Տասնչորսամեայ Օկուսթինա, որ կը յուսայ բժիշկ դառնալ, կ՛ըսէ, թէ իր խնամակալը իրեն բազմաթիւ իրեր ղրկած է. կօշիկներ, պայուսակներ, մատիտներ, գիրքեր: Ինք կը յուսայ, որ իր խնամակալը կը սիրէ զինք: Օկուսթինա կ՛ուզէ անոր այցելել Անգլիոյ մէջ:

Ոմանք նոյնիսկ իրենց խնամակալներուն ե-նամակի հասցէն կ՛ուզեն, որպէսզի իրենց նամակագրութիւնը շարունակեն, երբ մեծնան: Բայց բարեգործները ասիկա չեն քաջալերեր` վախնալով, որ նպաստ ստացողները կախեալ կը մնան խնամակալէն:

Կարգադրութիւն մըն է, որ կրնայ ե՛ւ յուսախաբութիւն բերել, ե՛ւ դրամ:

Աբրահամ ինծի ըսաւ, որ ութ տարիէ իր խնամակալէն լուր չէ ստացած եւ չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ:

Չգոհացուած, չբաւարարուած ակնկալութիւններն ու յուսախաբութիւնը երեխաներուն համար բարոյական լուրջ մտահոգութիւններ են:
Սասեքս համալսարան

Աշխարհի մէջ աւելի քան ութ միլիոն երեխայ արեւմուտքցի բարերարներու կողմէ կը հովանաւորուի: Ասիկա կը կատարուի կանոնաւոր նուիրատուութեան ձեւով, որ բարերարը կը կապէ զրկուած երեխային: Կազմակերպութիւնը նաեւ կը հետեւի, նամակներու փոխանակումին, եւ միշտ նոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ երեխային յառաջընթացին մասին:

Օգնութեան ձեւ մըն է, որ նուիրատուներուն յայտնի է, անոնց համար ընդունելի է, անոնք լաւ կը զգան, եւ ատիկա շահութաբեր է բարեգործ կազմակերպութիւններու համար` իբրեւ աղբիւր երկարատեւ, երկարաժամկէտ յատկացումներու: Ամէն տարի այս ձեւով շուրջ 2 միլիառ տոլար կը փոխանցուի ամէնէն աղքատ երեխաներու:

Երեխայ հովանաւորելու երկու մօտեցում կայ: Ամէնէն հինը տակաւին կ՛օգտագործէ աւետարանական քրիստոնէական կազմակերպութիւնը. կարեկցանք:

Աքրայի մօտ աղքատ արդիւնաբերական Քփոնէ շրջանին մէջ, խնամակալներու կանոնաւոր նուիրատուութիւններու շնորհիւ, երեխաները ստացան անվճար ուսում, առողջապահական խնամք եւ շաբաթօրեայ յաւելեալ դասընթացք` կենսական հմտութիւններու (առողջապահութիւն, համակարգիչ) վերաբերեալ:

Խնամակալները կը քաջալերուին գրել եւ յաճախ շատ անձնական կապեր կ՛ունենան իրենց հովանաւորած երեխային հետ, նոյնիսկ` անոնց հոգեւոր դաստիարակը ըլլալու աստիճան:

«Ես զարմացած եմ, որ անձ մը, զոր նոյնիսկ չեմ ճանչնար, զիս այս ձեւով կը սիրէ»:
Ճենիֆըր, 12 տարեկան

«Ես անոնց մասին կը մտածեմ` իբրեւ մօտիկ ազգականի», կ՛ըսէ, 12-ամեայ Մէրի: Ինք կը կարծէ, թէ շատ լաւ է, որ այլ երկրի մէջ անձ մը տեսած է իր նկարը եւ ընտրած է իր ընկերը ըլլալ:

Երբ ինք առանձին կը զգայ, կը դիտէ իր խնամակալին ընտանիքէն ստացած նամակներն ու նկարները:

Կարեկցանք կազմակերպութիւնը հպարտ է իր քրիստոնէական կենցաղով, բարքով:

Հովանաւորուած երեխաները կ՛ընտրուին տեղական եկեղեցիներուն կողմէ, բայց բարեգործական կազմակերպութիւնը կ՛ըսէ, թէ որեւէ դաւանանքի պատկանող ընտանիքներ կրնան օգտուիլ:

Մենք կ՛այցելենք իսլամ ընտանիքի մը, որ կը բնակի մութ, կծկուած մէկ սենեակնոց տան մը մէջ:

Իրենք կը յուսան, որ խնամակալութիւնը պիտի օգնէ իրենց 11-ամեայ տղուն` ի վերջոյ գտնելու աշխատանք մը, որպէսզի փրկուին աղքատութենէ:

Արդեօ՞ք ինք մտահոգ է, որ ասիկա կրնայ նշանակել, թէ քրիստոնէական կրթութիւն պիտի ստանայ:

«Ես կը զգամ, որ Ալլահ եւ Աստուած նոյնն են, Աստուածաշունչը եւ Քուրանը` նոյնպէս», կ՛ըսէ ան: Մայրը կը համաձայնի:

ԲԱՅՑ ԱՐԴԵՕ՞Ք ԱՍԻԿԱ ԱՐԴԱՐ Է

Որոշ նուիրատուներ, իրենց խնամակալութեան վճարումին կողքին, դրամական նուէրներ կ՛ընեն:

Այլ ընտանիք մը, որուն մենք այցելեցինք, վերջերս փոխադրուեցաւ բնակութեան նոր վայր մը` շնորհիւ Միացեալ Նահանգներէն նուիրատուի մը յատկացուցած յաւելեալ մէկ գումարին:

Տասներկուամեայ Ճենիֆըր ցոյց կու տայ իր նոր կրաձոյլ տունը. «Ես կը զարմանամ, որ այսքան հեռու գտնուող անձ մը, զոր նոյնիսկ չեմ ճանչնար, զիս այս ձեւով կը սիրէ», կ՛ըսէ Ճենիֆըր:

Մինչ Կարեկցանք կազմակերպութեան խնամակալութեան ենթակայ երեխաները գործնականին մէջ վիճակահանութիւնը շահած են, օժանդակութեան որոշ մասնագէտներ կը պնդեն, թէ այս մօտեցումը անարդար եւ բաժանարար է:

Բազմաթիւ մեծ բարեգործութիւններ խնամակալներուն դրամը այժմ կը յատկացնեն հանրային բարգաւաճման ծրագիրներու` փոխանակ կեդրոնանալու անհատ երեխաներու վրայ:

Այսպիսի ծրագիրով կը գործէ Ուորլտ վիժընը` Փրիսիլլայի եւ այլոց համար, Տանկմէի մէջ:

Միջազգային ծրագիր կազմակերպութիւնը եւս կ՛օգտագործէ հանրային բարգաւաճման մօտեցումը: Քանի մը տարի առաջ անոնց յանձնարարականով Սասեքս համալսարանը ուսումնասիրութիւն մը պատրաստեց իրենց գործունէութեան ազդեցութեան, արդիւնքին վերաբերեալ:

2008 թուականի տեղեկագիրը յայտնաբերած է, որ «անձկութիւն, նախանձ եւ յուսախաբութիւն կայ այն երեխաներուն եւ ընտանիքներուն մէջ, որոնք նամակներ կամ նուէրներ չեն ստանար»:

Եւ, հակառակ յաջողութիւններուն, «շատ աւելի մեծ չափի չգոհացուած, չբաւարարուած ակնկալութիւնները եւ զգացական յուսախաբութիւնը երեխաներուն համար բարոյագիտական լուրջ մտահոգութիւն եւ մարտահրաւէր մըն է»:

 

ԷՄԻԼԻ ՊՈՒՔԷՆԸՆ

Share this Article
CATEGORIES