Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Ծնողք Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

parent-&-KidՊատասխանեցէք ստորեւ տրուած 5 հարցումներուն, ապա ձեր ընտրած պատասխաններուն նիշերը գումարելով` կարդացէք արդիւնքը` իմանալու համար, թէ ինչպիսի՛ ծնողք էք:

1

Ձեր երեխան տուն կը վերադառնայ աչքին տակ մեծ կապտուկով:

ա.- Կը յանդիմանէք: (0)
բ.- Անուղղակիօրէն կը փորձէք պարզել պատահածը:  (3)
գ.- Կարեւորութիւն չէք տար: (5)

2

Խաղի ժամանակ ձեր զաւակը չ՛ընդունիր իր պարտութիւնը:

ա.- Խաղին կանոնները կը խստացնէք, որպէսզի ստիպուած համակերպի երբեմն պարտուելու միտքին հետ: (5)
բ.- Կը հրաժարիք հետը խաղալէ: (3)
գ.- Հոգ չէ, կեանքը կը սորվեցնէ… (0)

3

Եթէ ձեր զաւակը չ՛ուզեր ձեր ճշդած ժամուն քնանալ…

ա.- Անոր կը բացատրէք բաւարար քունի առաւելութիւնները: (3)
բ.- Կը սպառնաք զրկել շաբաթավերջի պտոյտէն: (5)
գ.- Կը սպասէք, որ յոգնի եւ ինքնակամ քնանայ: (0)

4

Եթէ ձեր զաւակը անկիրթ վարմունք ցուցաբերէ:

ա.- Խստօրէն կը պատժէք: (0)
բ.- Կը բացատրէք, որ իր վարմունքը տգեղ էր: (5)
գ.- Կը խոստանաք զինք վարձատրել, եթէ վարմունքը փոխէ: (3)

5

Եթէ ձեր զաւակը կ՛ուզէ խաղալ ոչ քրիստոնեայ թաղեցիի մը մանչուկին հետ:

ա.- Կը քաջալերէք: (3)
բ.- Կը փորձէք արգիլել: (0)
գ.- Սովորական կը գտնէք: (5)

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ 3-6 կէտ հաւաքեցիք, ձեր երեխան կը դաստիարակէք առանց անհատականութիւնը հաշուի առնելու: Ձեզի համար շատ կարեւոր է, որ ան յարգէ եւ լսէ մեծերուն խօսքը: Անհրաժեշտ է, որ երեխային մէջ ինքնավստահութիւն սերմանելու հարցը չանտեսէք եւ աւելի ճկուն վերաբերում ցուցաբերէք:

***

Եթէ 7-15 կէտ հաւաքեցիք, կը փորձէք, որ ձեր զաւակը կուրօրէն չենթարկուի ձեզի: Այսուհանդերձ, ճիշդ չէ, որ ազատ ընտրութեան հնարաւորութիւն կը ստեղծէք անոր համար: Մինչդեռ շատ կարեւոր է, որ երեխան սորվի անձամբ, առանց կողմնակի օգնութեան լուծել իր հարցերը:

***

Եթէ 16-25 կէտ հաւաքեցիք, համոզուած էք, որ ձեր զաւակը պիտի ապրի աշխարհի մը մէջ, ուր գնահատուած է խելքը, տաղանդն ու աշխատասիրութիւնը. հետեւաբար կը փորձէք անոր մէջ զարգացնել ինքնուրոյն մտածելու ունակութիւնը եւ մարդասիրութիւնը:

 

Սննդագիտական

Տայեթ Փիցցա Հնարաւո՞ր Է

pizzaԳունեղ, անուշաբոյր, համեղ եւ արագ պատրաստուող փիցցան բոլորին սիրելի ուտելիքն է, անիկա ա՛լ աւելի քաշողական կը դառնայ յատկապէս սննդականոնի հետեւողներուն համար: Բայց արդեօք կարելի չէ՞ տայեթ փիցցա պատրաստել եւ բոլորովին չզրկուիլ անկէ. ահաւասիկ` քանի մը թելադրանք:

Փիցցայի հիմնական բաղադրիչներն են` խմոր, պանիր եւ թացան, մնացեալը ամէն անձ ըստ իր ճաշակին կ՛աւելցնէ:

– Սննդականոնի հետեւողները պէտք է խուսափին փիցցան պատրաստել խոզապուխտով, երշիկով եւ այլնով: Անոնք նախապատուութիւնը պէտք է տան հաւու կուրծքի միսին եւ բանջարեղէններուն:

– Ինչ կը վերաբերի պանիրին, պէտք է հրաժարիլ բարձր իւղի տոկոս ունեցող պանիրներէն եւ ընտրել ամէնէն թեթեւ տեսակները: Սննդականոնի հետեւող անձերը պէտք չունին ամբողջ փիցցան պանիրով ծածկելու, այլ պէտք է բաւարարուին տաշուած պանիրէն երեսը քիչ մը ցանելով:

– Ինչ կը վերաբերի խմորին, անիկա որքան բարակ ըլլայ, այնքան փիցցան թեթեւ կ՛ըլլայ սննդականոնի հետեւողին համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի ալիւրին, կարելի է գործածել ամբողջական ցորենի ալիւրը, որ աւելի առողջապահական է:

– Փիցցայի պատրաստութեան համար այլազան թացաններ կան, բայց բոլորն ալ բարձր ջերմուժ կը պարունակեն, հետեւաբար թելադրելի է թարմ լոլիկով խիւս մը պատրաստել եւ օգտագործել որպէս թացան:

– Վերջապէս, փիցցաներուն չափը թող ըլլայ շատ աւելի փոքր, քան այն, ինչ որ շուկան կը վաճառուի:

 

Շաբթուան Մարզանքը

Հուլա Հուփը Կամ
Սովորական Օղակը

hoola-hoopingԱւելորդ քիլոներէն ձերբազատելու հազար ու մէկ սննդականոն կայ, բայց անոնք բան չեն արժեր առանց մարզանքի: Եթէ մարզասրահ երթալու առիթ չունինք, ոչ ալ` առտուները մաքուր օդին վազելու առիթ, ուրեմն ամենայարմար տարբերակը օղակն է:

Օղակով մարզանքին առաւելութիւնները շատ են, անիկա մատչելի եւ աժան է, կարելի է տունը կիրարկել, հաճելի եւ դիւրին է, իսկ արդիւնքը` բաւական գոհացուցիչ:

Հուլա հուփը մասնաւորապէս կ՛օգնէ որովայնի շրջանի ճարպային շերտերու անհետացմանը. հետեւաբար հարթ որովայնի մասին երազողները պէտք է հետեւին այս մարզաձեւին:

Կան զանազան նիւթերէ պատրաստուած օղակներ, սկսելու համար կ՛արժէ ընտրել ամէնէն պարզն ու փափուկը: Օրական 15 վայրկեանը բաւական է լաւ արդիւնքի հասնելու համար, իսկ որպէսզի ժամանակը արագ եւ հաճելի անցնի, երաժշտութիւն ունկնդրելը լաւագոյն միջոցն է:

 

Ձեռային Աշխատանք

Զարդեղէնները Դասաւորելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ

Յաճախ կը պատահի, որ վերջին վայրկեանին փնտռենք մատանի մը, օղի մը զոյգը եւ չգտնենք, քանի որ բոլոր զարդեղէնները տեղաւորած ենք մէկ տուփի մէջ…

Բարեբախտաբար կան հնարամիտ մարդիկ, որոնք մեր մանր-մունր դժուարութիւններուն լուծումներ կ՛առաջարկեն: Ահաւասիկ հետաքրքրական եւ գործնական միջոցներ` մեր առօրեայ զարդեղէնները դասաւորելու համար:

Ornament

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նորաձեւութիւն

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Սփռոց Մը
Հագուստի Վերածել

Երգչուհի Լիլիթ Յովհաննիսեանը իր «Գնչու» երգի տեսահոլովակի զգեստներէն մէկու մասին յայտնած էր, որ անիկա պատրաստուած է սփռոցներէ: Խօսքը ճերմակ ժանեակաւոր զգեստի մասին էր:

Ժանեակը եւ յատկապէս քրոշէ հիւսուածքով հագուստներն ու պայուսակները տարիներ լուսարձակի տակ կ՛առնուին, տարիներ` ոչ: Կարելի է Լիլիթ Յովհաննիսեանէն օրինակ առնել եւ անձամբ պատրաստել ժանեակաւոր, գեղեցիկ զգեստ մը` օգտուելով մեծ մայրիկէն մնացած ժանեակաւոր սփռոցէ մը:

Ահաւասիկ` նկար մը, որ բաւական յստակ գաղափար մը կու տայ պատրաստութեան մասին:

j3_1

10591

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Ռեհանով Եւ Պանիրով
Հաւու Կուրծքի Լիցք

Բաղադրութիւն

chicken-breast– 6 հաւու կուրծք առանց մորթի
– 1/2 գաւաթ մանրուած թարմ ռեհան
– 2 գաւաթ խառն պանիրի տաշուք
– 1/4 թէյի դգալ ճերմակ փոշի պղպեղ
– 3/4-1 գաւաթ թարմ սեր
– Աղ, կարագ եւ ձէթ` տապկելու հաւու կուրծքը

Պատրաստութիւն

1.- Գրպանի նման ճեղք բանալ իւրաքանչիւր հաւու կուրծքին մէջտեղը:

2.- Լեցնել իւրաքանչիւր հաւու կուրծք` մանրուած ռեհանի, պանիրի, ճերմակ պղպեղի եւ թարմ սերի խառնուրդով:

3.- Թեթեւօրէն տապկել հաւու կուրծքը կարագին եւ ձէթին մէջը:

4.- Զետեղել հաւու կուրծքը ափսէին մէջ, ծածկել եւ եփել մինչեւ որ միսը կակուղնայ:

5.- Հանել փուռէն, շերտերու վերածել կամ լման ձեւով հիւրասիրել փասթայի, խորոված բանջարեղէնի եւ սոթէ եղած շոմինի կողքին:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ազատութիւնը

Եւ ա՛յն հասկացայ,
Ո՜վ Ազատութիւն,
Որ կարծեմ շատ ես դու նման աղի.
Երբ քեզ պեղում են`
Հանում ընդերքից:
Իրենց ձեռքերն են մարդիկ կտրատում,
Ինչպէս ապակուց..
Ու երբ լուծւում ես`
Ճիշդ աղի նման
Դու չես երեւում,
Դու համ ես դառնում…
Իսկ եթէ չկաս`
Անհամութիւն է,
Որ եւ կարող է կոչուել բռնութիւն…
Իսկ եթէ չկաս`
Կարող է հոտել
Ե՛ւ թանկ սնունդը,
Որ հոգեւոր է…
Իսկապէս, որ դու նման ես աղի:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Share this Article
CATEGORIES