Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ-ի Օրուան Ժողովրդային Տօնակատարութիւն
Կիրակի, 12 յունուարին, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահին մէջ հաւաքուած 1600 հայորդիները իրենց ջերմ ծափողջոյններով, ելոյթներուն լուռ եւ ուշադիր ունկնդրումով եւ ընդհանրապէս սրահին մէջ թեւածող ոգեւորութեամբ արտայայտեցին իրենց զօրակցութիւնը` 123-րդ տարեդարձը տօնող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Նշենք, որ կազմակերպող յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը ներում հայցած էր այն հարիւրաւոր հայորդիներէն, որոնք դահլիճի տնօրէնութեան ցուցմունքով շարժող պաշտօնեաներուն միջամտութեամբ` անկարող եղան սրահ մուտք գործելու:
Տօնակատարութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութեամբ, որմէ ետք կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան քայլերգները, ապա Բալաբէկ Պարսամեան ու Բալիկ Տէմիրճեան, կազմակերպող յանձնախումբին անունով բացումը կատարեցին հանդիսութեան:
Ձեռնարկին իրենց գեղարուեստական ելոյթներով մասնակցութիւն բերին Համազգայինի «Անի» (ղեկավարներ Եղիա Հաշօլեան եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեան) եւ «Նայիրի» (ղեկավարներ Քեթրին Հայրապետեան եւ Արի Լիպարիտեան) պարախումբերը, Շամլեան Ազգային վարժարանի երգչախումբը (ղեկավարութեամբ` Նորա Ռումեանի), երգիչներ Քրիստափոր Արապեան (ընկերակցող նուագախումբի ղեկավար Կրեկ Հօշարեան), Յարութ Փամպուքեան եւ Արաքսիա Վարդերեսեան, ինչպէս նաեւ ասմունքողներ` Սոնա Մատարեան, Արա Եագուպեան, Մարալ Վարժապետեան, Սեդա Մարդիր եւ Անի Ղազարեան:
Հանդիսութեան ընթացքին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ անցեալ երկու տարիներուն մեզմէ հեռացած դաշնակցականներուն` յիշատակելով անոնց անունները: Այս բաժինին պատշաճ երգով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արթուր Յակոբեան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Ան դիտել տուաւ, որ նման հանդիսութիւններ առիթ են ժողովուրդին հետ անկեղծանալու, նշելու նաեւ թերութիւնները` նպատակ ունենալով վատը սրբագրել, եւ լաւ կերտել, մանաւանդ որ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն հայեացքներն ու նպատակները նոյն տեղը ուղղուած են` աւելի հզօր հայ ազգի, միաբանուած հայ ազգի, հզօր հայրենիքի, առողջ, արդար եւ պայծառ հայրենիքի, ամբողջական հայրենիքի նպատակին:
Բանախօսին համաձայն, 2013-ը լաւ տարի չեղաւ մեր ազգին համար: «Սկսելով Հայաստանէն, հոն, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ որոշ բարոյահոգեբանական խնդիրներ ծանր կշռեցին մեր ազգային շահերուն առումով եւ շարունակեցին լրջագոյն մտահոգութիւններ պատճառել մեզի»: Ապա ան նշեց Հայաստանի դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:
Խօսելով սփիւռքի մասին` ան դիտել տուաւ, որ հոն եւս դրական չեղաւ անցեալ տարին` յատկապէս յիշելով սուրիահայութիւնը, որոնց նկատմամբ կատարածով գոհ ըլլալով հանդերձ պէտք է ընել շատ աւելին, որովհետեւ կատարուածը միայն կաթիլ մըն է սուրիահայութեան ծով կարիքներուն դէմ յանդիման: Ապա ան յատուկ կերպով խօսեցաւ ամերիկահայ գաղութին մասին` յայտնելով, որ երկրին մշակութային, հոգեմտաւոր, ընկերային, կենցաղային եւ բազմաթիւ այլ ազդեցութիւններու լոյսին տակ` «մեր համայնքի ուսերուն ինկած է շատ մեծ բեռ ինքնակազմակերպուելու, աւելի եւս հայանալու, ամերիկահայու նոր եւ ազգասէր տեսակը կերտելու, եւ սա ո՛չ որպէս ինքնանպատակ, այլ որպէսզի իբրեւ համայնք կարողանանք ստանձնել մեր վրայ դրուած բեռը եւ առաքելութիւնը` պատմական այս պահուն»: Վիգէն Յովսէփեան մանրամասնեց ամերիկահայ կեանքին վերաբերող մարտահրաւէրները, զանոնք դիմագրաւելու համար ի գործ դրուած ճիգերը:
Ան նաեւ խօսեցաւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին` ներկայացնելով «Ազգային փրկութեան ծրագիր»-ի կէտերը, որոնք կրնան համախմբել ազգի բոլոր ուժերը: Վ. Յովսէփեան շեշտը դրաւ Դաշնակցութեան կատարելիք գործին եւ ստանձնելիք պատասխանատուութեան վրայ` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը եւս պէտք է վերանայի, վերարժեւորէ մեր ազգային կեանքի ընթացքը` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, կատարէ համապատասխան արժեւորում եւ վերանորոգուի, վերազինուի, վերակազմակերպուի ու անցնի գործի` յանուն մեր իտէալներուն:
Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց «Քոլոմպիա» համալսարանէն մագիստրոսի վկայական ստացած Սանան Շիրինեանը:
«Դաշնակցութեան յեղափոխական նկարագիրի կրողները մե՛նք պէտք է ըլլանք, յանդուգն ձեռնարկներէ չխուսափող երիտասարդներս», ըսաւ Շիրինեան, որ ՀԵԴ-ական իր փորձառութեանց անփոխարինելիութիւնը ընդգծելով` անդրադարձաւ այն հարուստ կազմակերպական առօրեային, ժողովներուն, սեմինարներուն ու բանակումներուն, որոնք անջնջելի դրոշմ պիտի ձգեն իր կեանքին մէջ:
Շեշտելով ուսման վրայ մեր շրջապատին դրած կարեւորութեան` Շիրինեան յայտնեց, որ` «ՀԵԴ այն միջավայրն է, ուր պարզապէս խելացիները կը դառնան իմաստուն, ուր երիտասարդները կը դառնան մտածողներ եւ դասագիրքերէն ստացած գիտութիւնը կը հարստացնեն կեանքի փորձառութիւններով»:
Ան անդրադարձած է ՀԵԴ-ի կողմէ եօթներորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող ամառնային պատանեկան ճամբարներուն` Հայաստանի Եւ Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ, ինչպէս օրինակ` Շուշի, Ասկերան, Պռոշեան եւ Գիւմրի:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով:
Օշականի Լուսանկարները
Համացանցային Լուսարձակի Տակ
Յունուար ամսուան ընթացքին ընկերային հարցեր լուսարձակի տակ առնող վաւերագրական աշխատանքներու յատուկ «SocialDocumentary.net» կայքը ցուցադրեց լուսանկարիչ Արա Օշականի Քալիֆորնիոյ բանտային համակարգին նուիրուած լուսանկարները: Լուսանկարներու շարքը ունի «Մահուան վատ կապկում» խորագիրը:
Արա Օշական 1995-էն ի վեր նաեւ կը լուսանկարէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներ ու կ՛արձանագրէ անոնց վկայութիւնները: Անոր լուսանկարները լոյս տեսած են շարք մը հրատարակութեանց մէջ ու ցուցադրուած են թանգարաններու եւ ցուցադրասրահներու մէջ: Ան իր հօր` Վահէ Օշականին հետ գործակցաբար հրատարակած էր Արցախի նուիրուած հատորը` «Ֆատըր լենտ»-ը:
Տարօն Աճեմօղլուին Գիրքը Թարգմանուած Է
Յունարէնի`
«Լիվանիս» Հրատարակչատան Կողմէ
Հայազգի տնտեսագէտ, Մասաչուսեցի արհեստագիտական համալսարանի դասախօս փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլու վերջերս Ճէյմզ Ռոպինսընին հետ հրատարակեց «Ինչո՞ւ կը ձախողին ազգերը» խորագրով գիրքը, որ լոյս տեսաւ յունական «Լիվանիս» հրատարակչատան կողմէ:
519 էջերէ բաղկացած գիրքը, երկու դասախօսներու 15 տարուան վրայ երկարող աշխատասիրութիւն մըն է, որ կարեւոր հարցականի մը պատասխանը կը հանդիսադրէ. թէ` ինչո՞ւ կան ազգեր որ հարուստ են, մինչ այլ ազգեր կը մնան աղքատ: Թէ` ո՞ր պատճառներու հիմամբ կրթութիւնը, սնունդը, առողջապահական մակարդակը, հիւանդութիւնները բաժանարար կէտեր կը հանդիսանան ազգերուն միջեւ: Գիրքին մէջ տեղ գտած են մանրամասն վերլուծութիւններ` առանձին եւ ընդհանրական օրինակներու վրայ, սկսելով Հռոմէական կայսրութենէն մինչեւ մայաներու երկիր-քաղաքները, միջնադարեան Վենետիկը, Խորհրդային Միութիւնը, Լատին Ամերիկան, Մեծն Բրիտանիան, Եւրոպան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ափրիկէն:
Երկու հեղինակները իրենց այս փորձագիտական մօտեցումով տնտեսութեան քաղաքականութեան նոր հիմքը փորձած են ստեղծել:
Արա Կիւլերի Աշխատանքները
Կը Ներկայացուին Ուաշինկթընի Մէջ
Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ յայտնի հայազգի լուսանկարիչ 85-ամեայ Արա Կիւլերի գործերուն ցուցահանդէսը` «Ուշադրութեան կենդրոնը Արա Կիւլերի Անատոլիան» խորագիրով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայկական եւ սելճուկեան շինութիւններու լուսանկարները, զորս Կիւլեր հեղինակած է 1960-ականներուն:
Արա Կիւլեր յայտնի է Պոլսոյ իր պատկերներով, ինչպէս նաեւ շատ մը աշխարհահռչակ անհատականութիւններու` Փապլօ Փիքասոյի, Սալվատոր Տալիի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Ուինսթըն Չըրչիլի եւ կարգ մը այլ նշանաւոր մարդոց լուսանկարներով:
Քանատա
Թորոնթոյի Հայ Համայնքին Նուէրը
Արցախցի Պատանիներուն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինը կը շարունակէ աջակցիլ Թորոնթոյի հայ համայնքին հովանաւորութիւնը վայելող կրթական հաստատութիւններու աշակերտներուն: Այս անգամ արտերկրի մէջ բնակող հայազգի դերձակներու ընտանիքը համազգեստներ նուիրած է Շուշիի Դ. Ղազարեանի անուան հանրակրթական երաժշտական դպրոցի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ նոր ձմեռային հագուստ եւ կօշիկ` Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս եւ Մարտունի շրջանի Սպիտակաշէն գիւղերու 165 աշակերտներուն համար: Նուէրները արցախցի պատանիներուն հասան Ամանորի նախաշեմին` մեծ ուրախութիւն պարգեւելով անոնց:
Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կը հանդիսանայ Դ. Ղազարեանի անուան երաժշտական դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, հպարտութեամբ կը խօսի աշակերտներուն յաջողութեան մասին` նշելով, որ անոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր երաժշտական փառատօներու, մրցումներու, ախոյեանութիւններու, որոնց իբրեւ արդիւնք դպրոցին շնորհալի աշակերտները մրցանակներ ու պարգեւներ կը շահին եւ կը բերեն դպրոց:
Ուինսթըն Չըրչըլի եւ կարգ մը այլ նշանաւոր մարդոց լուսանկարներով:
Գերմանիա
Ընտրութիւն` Գերմանահայոց
Կեդրոնական Խորհուրդի Նոր Վարչութեան
25 յունուար 2014-ին Ֆրանքֆուրթ-Մայն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի վարչութեան կանխահաս ընտրութիւնը:
Վերջին շրջանին գաղութին մէջ տիրող լարուած եւ ջլատիչ մթնոլորտին վերջ մը դրուեցաւ նախկին վարչութեան հրաժարումով եւ նորի մը ընտրութեամբ:
Ժողովին կը մասնակցէին աննախընթացօրէն մեծ թիւով անդամներ: Նոր վարչութիւնը ընտրուեցաւ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ: Անիկա կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն.
Տոքթ. Նազարէթ Աղէկեան` նախագահ
Մատլեն Վարդեան` փոխնախագահ
Սամուէլ Լուլուքեան, Վեհանուշ Դաւիթեան-Այնթապլեան, Թամար Համուշեան:
Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդը կը յայտնէ գաղութին մէջ տիրող լարուած եւ ջլատիչ մթնոլորտին վերացումը, Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդին նկատմամբ վստահութեան վերականգնումը, հայկական հաստատութիւններու եւ միութիւններու հետ խանգարուած յարաբերութիւններու վերականգնումը, Արցախի հիմնահարցի հետապնդման աշխուժացումը, Հայաստանի պետականութեան հզօրացումն ու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներու կազմակերպումը պիտի հանդիսանան նորընտիր վարչութեան գործունէութեան գլխաւոր առանցքը:
Վրաստան
«Կամուրջ» Տարեգիրքին Շնորհահանդէսը
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին աջակցութեամբ եւ «Կամուրջ» տարեգիրքի գլխաւոր խմբագիր Անահիտ Բոստանճեանին նախաձեռնութեամբ, 18 յունուարին կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի «Կամուրջ» գրական-մշակութային հասարակական կազմակերպութեան «Կամուրջ» տարեգիրքի հերթական համարի շնորհահանդէսը:
Անահիտ Բոստանճեան խօսք առնելով` ներկայացուց «Կամուրջ» գրական-մշակութային տարեգիրքին հիմնադրութենէն մինչեւ օրս անցած ուղին` շեշտելով բարութիւն, սէր, եղբայրութիւն սերմանելու, աշխարհասփիւռ հայութիւնը գրականութեան միջոցով համախմբելու, սերունդները իրարու մերձեցնելու առաքելութիւնը:
Վրաստանի գրողներու միութեան նախագահ Մաղվալա ոնաշվիլի Անահիտ Բոստանճեան բանաստեղծին, գլխաւոր խմբագրին, թարգմանիչին եւ ստեղծագործողին հայ-վրացական գրականութիւններու մերձեցման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար փոխանցեց Նիկօ-Նիկոլածէի անուան գրական մրցանակը:
Խօսք առին նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իր ելոյթին մէջ արժեւորեց գրականութեան եւ գիրքին դերը մարդու բարոյա-հոգեբանական ներաշխարհի ձեւաւորման, սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ եւ կոչ ուղղեց բարձրարժէք, հետաքրքրական եւ ուսուցանող գիրքերու միջոցով վերստին սէր ներշնչել դէպի գիրն ու գրականութիւնը, երիտասարդները դաստիարակել ընթերցասիրութեան ոգով:
Սպանիա
Խաչքարի Յիշատակի Օր
Սպանիոյ Ալիկանտէ քաղաքի Պալմերալ հանրային պարտէզին մէջ կանգնած հայ ազգի խորհրդանիշ ասեղնագործ խաչքարը 18 յունուարին բոլորեց իր վեց տարին: Խաչքարը վերածուած է հայերու ուխտատեղիի: Ամէն տարի 24 ապրիլին բոլոր հայերը կը հաւաքուին անոր շուրջ` յարգելու ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:
Գլխաւորութեամբ Յասմիկ Քոչարեանին, խաչքարի 6-ամեակին առիթով հայ գաղութը նշեց օրուան խորհուրդը:
Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ Ալիկանտէ քաղաքի քաղաքապետի տեղակալ Սոնիա Ալեկրիա Փոլոն, որ իր հիացմունքը արտայայտեց այս արարողութեան համար:
Փոլոն յայտնեց, որ խաչքարը կը հանդիսանայ հայ եւ սպանական բարեկամութեան խորհրդանիշ, եւ գոհունակութիւն ու հպարտանք յայտնեց, որ Սպանիոյ առաջին խաչքարը Ալիկանտէ քաղաքին մէջ տեղադրուած է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեւոս Սաֆարեանին` իր բարեգործութեան համար:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Շուէտ
Հրանդ Տինքի Յիշատակին
Նուիրուած Երեկոյ
Յունուար 20-ին Սթոքհոլմի «ԱԲՖ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած երեկոյ:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Շուէտի կարգ մը անձնաւորութիւններ:
Երեկոյի պատուաւոր հիւրն էր թուրք անուանի մտաւորական, իրաւապաշտպան Ռագըփ Զարաքօլուն, որ ներկայիս ապաստանած է Շուէտ:
Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեան նկատել տուաւ, որ Հրանդ Տինքի անունը ջերմ զգացմունքներ կ՛արթնցնէ իր ընկերներուն եւ հետեւորդներուն սրտերուն մէջ, որոնք կը պայքարին ազատութեան եւ հաւասարութեան համար, ընդդէմ` խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան:

