Թախիծը Հենրիկ Մալեանի «Եռանկիւնին»-ին Մէջ
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Եռանկիւնին»-ը (1967) հայկական շարժապատկերի անկիւնադարձային ստեղծագործութիւններէն մէկն էր: Թերեւս եւ` գլխաւորը: Այդ շրջանի ազգային խլրտումներուն մասին յաճախ հրապարակաւ խօսուած է, յատկապէս` Սօս Սարգսեանի նուիրուած ձեռնարկներուն ընթացքին: Այստեղ կ՛ուզեմ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ժապաւէնի գեղարուեստական յատկանիշներուն վրայ: Յօդուածը ընդլայնումն է այն գաղափարներուն, որոնք արտայայտուեցան Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին:
«Եռանկիւնին»-ը նկարուած է սեւ ու ճերմակ, հակառակ անոր որ գունաւոր ժապաւէններ արտադրելու հմտութիւնը զարգացած էր արդէն տարիներէ ի վեր: Այս կրնայ միջոց մը ըլլալ Ա. Այվազեանի յօրինած պատումին (1) տալու վաւերագրական վկայութիւն մը ըլլալու պատրանքը: Քննադատական ըլլալու համար պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ «Եռանկիւնին» ի բնէ պատկերաւոր պատում մըն է: Մալեանի պատումը արտասանուած է մանուկ Յովիկին «բերնով»:
Մուտք
Ժապաւէնը կը սկսի դիտուած երկինքէն, հեռուէն: Գիւմրին կը տեսնենք լայն պաստառի վրայ: Այդտեղ կը տիրապետեն իրարու վրայ անկանոն դարձուած հիւղակները: Կը տեսնենք հին, տոհմիկ քաղաք մը, ուր տուները իրար մերուած են «օրկանիք» կապերով: Մալեան չէ անտեսած հպանցիկ ցոյց տալ «Ղարա Ղուլ»-ը, բլրան գագաթէն հսկող ցարական ամրոցը: Այդ մռայլ կառոյցը պատկերաւոր ակնարկ մը` ռուսական ակնբախ ներկայութեան «Ալեքսանտրապոլ»-ի մէջ (2): Լայն ոսպնեակով առնուած այդ պատկերին մէջ հատուկենտ կը ցցուին համեմատաբար բարձրայարկ նոր շէնքեր եւ գործարաններ: Այսինքն` նոր աշխարհի տակաւին ոչ տիրական ներխուժումը Գիւմրի:
Քամերան դանդաղ կը մօտենայ «գետնին»: Եւ մենք ի վերջոյ կրնանք զատորոշել փոքրիկ գորշ եռանկիւն մը: Դարբնոցը, որ թաղուած է Գիւմրիի հանրածանօթ «Վարպետաց» թաղի մէջ, եւ մաս կը կազմէ Գիւմրիի օրկանիք հիւսքին, անոր «կենսաձեւին»:
Դարբնոցին մէջ կը տիրէ սենեկային կիսամութը: Երբեմն կը տեսնենք քուրայի բոցը: Թերեւս կը խորհրդանշէ այն սրբազան «կրակ»-ը, որ վարպետները իրենց հետ բերած են կորուսեալ Երկրէն: Բայց բոցը փոքր է: Անոր պլպլոցը կը դողայ, երբ դարբնոցին հոգեկան աշխարհը փոթորկի: Դարբնոցին հոգեկան աշխարհը անառիկ բերդ մը չէ:
Դարբնոցին մէջ կեանքի կշռոյթը հանգիստ է: Դանդաղ թերեւս, բայց` ոչ միապաղաղ, ոչ ձանձրալի: Իրադարձութիւնները շատ սովորական են: Ոչ մէկ արտակարգ պատկեր: Դէպքերն ու պատկերները սովորական են, այո՛, բայց` ոչ աննշան կամ անիմաստ: Այս մօտեցումը կամ ոճը Մալեանի արուեստին հիմնական յատկանիշներէն մէկն է:
«Եռանկիւնին»-ին ներքին տարածութիւնը շատ փոքր է: Դերակատարներուն թիւը` միայն 5: Եօթը` նկատի առած Լիւբայի եւ որմնազդ զետեղող տղուն կարճ միջամտութիւնները: Սահմանափակ տիպարներու եւ փոքր ոլորտի (միքրոքոզմ) ընդմէջէն լայն ընդհանրացումներու հասնելու ձգտումը նոյնպէս բնորոշ է Մալեանի ոճին:
Դարբնի արհեստը շեշտուած առնական է: Գլխաւոր հինգ դերակատարները եւ իշխող բարոյականը բացառապէս արական են: «Եռանկիւնին» թերեւս կ’ուզէր այդպիսով ցոլացնել տիրող նիստ ու կացի նահապետական բնոյթը:
Յաջորդական գրոհներ եւ կորուստներ
Դարբնոցի այդ փոքր աշխարհ առաջին «ներխուժողը» կ՛ըլլայ ջութակը, որ թերեւս կը մարմնաւորէ եւրոպական մշակոյթն ու արուեստը: Բայց ժապաւէնի պատգամաբեր հերոս երեխան «լսողութիւն» չունի: Յովիկին երաժշտական խլութիւնը կրնայ թարգմանուիլ որպէս մերժում (3): «Նոթաներով» նուագուած այդ խորթ երաժշտութիւնը ոչինչ կ՛ըսէ նաեւ վարպետներուն: Ջութակը կ՛անհետանայ առյաւէտ: Կը մնայ դարբիններուն տխուր «Շաբաթ իրիկուն»-ը: Երգ մը, որ յստակ համքեարական, ծիսական բնոյթ ունի: Ես նոյնիսկ կ՛ակնկալէի, որ վարպետները շաբաթ իրիկուն թափուր սալը ծեծեն Արտաւազդի շղթաները ամրացնելու համար:
Միով բանիւ, առաջին ռաունտին մէջ տոհմիկը կը վտարէ օտարամուտը:
Երկրորդ գրոհը կու գայ արդիականութենէն: Դարբնոցին կից վեր կը սլանայ նոր կառուցուած գործարանին ամրանիստ ծխնելոյզը: Առաջին օդանաւը յոխորտացող աղմուկով կը ճեղքէ Գիւմրիի երկինքը: Վարպետները դուրս կ՛ելլեն եւ աչքերը յառած երկնքին` հարց կու տան. արդեօք հարկ կա՞յ ձեւափոխելու իրենց խեղճուկ բուխերիկը: Իմա` նոյնինքն եռանկիւնը: Ժամանա՞կն է յարմարելու նոր պայմաններուն …
Կը սկսինք զգալ, թէ հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ անտեսել արտաքին աշխարհի ներխուժումը: Օդանաւը քիչ ետք կ՛առեւանգէ Գասպարը: Այդ կ՛ըլլայ դարբնոցին առաջին նիւթա-բարոյական կորուստը: Գասպարը առասպելական լուղորդի համբաւ ունէր: Այդ մասին` աւելի ուշ:
Երրորդ գրոհողը կ՛ըլլայ օտարազգի աղջիկը, Լիւբան(4) , որ կը դիւթէ դարբնոցին ամէնէն հուժկու անդամը: Իմա՛ երիտասարդութիւնը: Մկոն կը հեռանայ Գիւմրիէն (իմա հայութենէն): «Եռանկիւնին» կրէ իր երկրորդ նիւթա-բարոյական պարտութիւնը: Թերեւս հետաքրքրական է նշել, որ Մալեան Գիւմրին լքող Մկոյի կերպարին համար ընտրած է ոչ հայ դերասան մը` Պաւել Արսիանոֆ:
Ապա կու գայ մեծ ալիքը, համաշխարհային պատերազմը: Այդ մասին աւելի ուշ:
Արտաքին աշխարհի հմայքը
Առ ի հակադրութիւն դարբնոցի կիսամութ ներքինին եւ դարաւոր ատաթի յամր ռութինին, արտաքին աշխարհը միշդ լուսաւոր է, եռուն եւ այժմէական: Այդտեղ տեղի կ՛ունենան աղմկոտ տօնակատարութիւններ, պատերու վրայ փակցուած այլազան որմազդները ստէպ կը նորոգուին: Կեանքը արագ կ՛ընթանայ դէպի ապագայ:
Յովիկը հմայուած է Հոլիվուտի զաւեշտական թամաշայով: Մենք նոյնիսկ կը տեսնենք այն «պլազէ» բազմաչարչար պատկերը, ուր ամերիկացի բազմավաստակ կատակերգակ Հարոլտ Լոյտ կախուած է ժամացոյցի սլաքէն (1923, Սէյֆթի Լասթ): Հեգնա՞նք, հաւանաբար:
Վարպետ Մկրտիչը, որ «մաքուր հայերէն » կը խօսի, կարօտաբաղձ յուշեր ունի իր Ամերիկայի մէջ անցուցած իր տարիներէն: Յուշերը կը պատմէ Յովիկին: Երեխայ մը, որուն դաստիարակութիւնը հաւաքաբար ստանձնած են վարպետները:
Ժապաւէնի «առասպելական հերոս» Գասպարը կ՛երազէ օդանաւով թռչիլ դէպի օտար ափեր: Արդիական ճարտարագիտութիւնն ու արտաքին աշխարհը կը հմայեն զինք: Գասպար անշուշտ «Մկրտիչ» մը չէր: Մնացեալ երկու Մկրտիչները կը մնան պատնէշին վրայ:
Առասպելին փլուզումը
Այս դրուագը կը ներկայացնէ «Եռանկիւնին» ժապաւէնին մէջ ամէնէն պատկերաւոր լեզուով արտայայտուած գաղափարը: Գասպար, որ կը վայելէր լուղորդի առասպելական համբաւ, կը տեսնենք վարէն վեր դիտուած, դէպի երկինք բարձրացող աստիճաններու գագաթին: Ձեւով մը` դրուած բարձր պատուանդանի վրայ: Գասպար բարձրաձայն, յոխորտալից կ՛երգէ եւ կը գովէ իր գլուխը: Բայց երբ կը մտնէ գետին մէջ, անմիջապէս կը պարզուի, որ լողալ իսկ չի գիտեր: Յովիկը զինք կը փրկէ խեղդուելէ: Գասպար խեղճացած կ՛երդնու, թէ Սեւ ծովը իսկապէս անցած է: «Շատ դժուար օրերէ անցանք», կ՛աւելցնէ Գասպար` առանց երդուելու: Արհաւիրքը վաւերական է, սուտ երդումի հարկ չկայ (5):
Քամերան, որ աստիճաններու պատկերին մէջ անշարժ էր եւ հերոսը կը դիտէր վարէն վեր, կը սկսի դառնալ թրջուած եւ խեղճացած Գասպարին շուրջ, Գասպարի մակարդակին վրայ: Այսինքն պատահարին կը փորձէ նայիլ իրապաշտօրէն եւ զայն դիտել բոլոր անկիւններէն: Քամերայի այս պտոյտը գեղարուեստական գեղեցիկ գիւտ մըն է: Բայց քամերայի շարժումներու եւ քատրերու կառոյցին գեղարուեստական որակը եւ ոճը նոյն մակարդակին վրայ չէ պահպանուած ժապաւէնի ընթացքին: Մալեան յաճախ կը դիմէ բանաւոր պատումի, մինչդեռ ժապաւէնի լեզուն հարկ է որ ըլլայ պատկերաւոր:
Պատկերաւոր է սակայն Գասպարին «առասպելակիր» դերակատար ըլլալու խորհրդանիշը: Գասպարը յաճախ իր ձեռքին ունի խոշոր պայտ մը: Ձիու սմբակին վրայ չկարենալ տեղաւորուելու չափ խոշոր: Այդ պայտը յատկապէս կ՛երեւայ վարպետներու խմբանկարին մէջ: Խմբանկարը վաւերագրական պատմագրութեան պատրանքն է, որ վերածուած ժապաւէնի պաշտօնական որմազդին: Ֆրունզիկ պայտը բարձր բռնած է, որ բոլորը անպայման նկատեն: Ինչպէ՞ս հասկնալ այդ … Բայց չէ՞ որ պայտը կ՛ամրացնեն տան մուտքին որպէս թալիսման: Մեզմէ շատեր կը պահեն ձիթենիի ճիւղ եւ կամ` կապոյտ աչք: Սնոտի միջոցներ, որոնք կրնան տալ հոգեկան հանգստութիւն: Գասպարին պատիր հերոսութեան առասպելը կը պատկանի այդ դասին: Բայց պիտի ուզէի՞ր, որ քու կախած պայտդ մէկը յանկարծ աղբաման նետէր …
Վերադառնանք դէպի ապաառասպելացման թատր: Յովիկ դառնօրէն յուսախաբուած է: Բայց կը պահպանէ երեւոյթները, այսինքն` պատրանքը: Գասպարը չի դիմակազրկեր նոյնիսկ իր սրտակից ընկերոջ քով: Յովիկին ընկերը (որմազդ փակցնող անանուն տղան, Ժիրայր Աւետիսեան), շատ կը փափաքէր սորվիլ ծովեր ճեղքող լողաձեւի գաղտնիքը: Ի տարբերութիւն Գասպարին, ընկերը շատ դիւրին կը խոստովանի, թէ ինք կը լողայ «ինչպէս որ պատահի»: Ընկերոջ սուտ-պատրանքը անհատական է: Անոր խոստովանութիւնը ծանր հետեւանքներ չէր կրնար ունենալ: Մինչդեռ Գասպարին առասպելի պատրանքը հաւաքական է, մաս կը կազմէ Գիւմրիի էթոսին: Կը խորհրդանշէ գոյատեւութեան ոգին: Գոյատեւելու կամքը կարելի կը դարձնէ «ծովեր ճեղքել»: Խոստովանութիւնը կրնայ տանիլ հաւաքական յուսալքման:
Գասպար-առասպելը շուտով տառացիօրէն կը թռչի ու կը հեռանայ եռանկիւնէն: Այսինքն կը զեղչուի Յովիկին դաստիարակութիւնը հաւաքաբար ստանձնած վարպետներու շարքէն: Յովիկ պատրանաթափ է: Բայց պատրանաթափ չէ՛ Գիւմրին: Այլ խօսքով, Գիւմրին (իմա՛` տոհմիկ հայը) կը շարունակէ հաւատալ առասպելներու, որոնք պատմականօրէն չեն հիմնաւորուած: Խիզախ նկատողութիւն մը` վաթսունական թուականներու մթնոլորտին մէջ:
Խիզախ` գուցէ եւ այսօր: Թուրիտական համալսարանաւարտ ուղեցոյցներէն մէկը տակաւին երէկ կը պնդէր, թէ Հայկ Նահապետ պատմական անձնաւորութիւն է: «Մենք այդպէս կը հաւատանք» , պատասխանեց իմ առարկութեանս:
«Հիմնադրական առասպելներու» քննական ուսումնասիրութիւնները թափ առին յատկապէս Պենետիքթ Անտերսոնի 1983-ին հրատարակուած «Երեւակայական հաւաքականութիւններ» աշխատութենէն ետք: Մալեան որպէս արուեստագէտ կրնար միայն զգալ հարցին գոյութիւնը եւ ցոյց տալ անոր անդրադարձը մանուկ հերոսի հոգեկան աշխարհին վրայ: Յովիկ աւելի սիրեց Գասպարը, երբ վերջինը իջաւ պատուանդանէն եւ այդպիսով աւելի «մարդացաւ»: Մանուկը չէր կրնար մտահոգուած ըլլալ ազգային առասպելներու ընկերա-պատմա-փիլիսոփայական ստուգաբանութեամբ: Այդ տառապանքը սահմանուած է չափահասներուն:
Համաշխարհային Պատերազմ
«Եռանկիւնին»-ին մէջ կը լսենք պատերազմի ոտնաձայնը միայն: Կը տեսնենք տագնապը մարդոց դէմքերուն վրայ: Յովիկի ննջարանի պատուհանէն կ՛երեւի սեւ մուխը, որ կը պատէ եկեղեցւոյ գմբէթը (Գիւմրիի Եօթը Վէրքը): Կը լսենք Յովիկին հօր ձայնը` «Պատերազմը խաղ չէ, որդի՛»: Մալեան ժուժկալ է: Հանդիսատեսը գիտէ, թէ կորուստը այնքան մեծ էր, որ Հայաստան պարտադրուեցաւ հապճեպ մարդուժ ներածել սփիւռքէն …
«Եռանկիւնին» ցոյց կու տայ յստակ հակասութիւն ռուս զինուորներու եւ գիւմրեցիներու կեցուածքներուն միջեւ: Ռուսական ջոկատը կը մօտենայ դարբնոցին խանդավառ երգերով, մարտական կուռ, միահամուռ եւ վստահ քայլերով: Անոնք կը հաւատան յաղթանակին:
Հայ զինկոչիկներու թափօրը անկազմակերպ է: Քայլերը` անհաստատ եւ պարտադրուած: Առաջնորդ սպան ստէպ կը ստուգէ ներկայութիւնը: Մտահոգութիւնները զուտ անձնական են: «Քլօխդ ցած պահի վուրդի», կ՛ըսէ մայր մը: «Լաւ հագնուէ, յանկարծ չմրսես», կ՛ըսէ միւսը: Դէպի անորոշութիւն եւ աղէտ քալելու մտավախութիւնը ակնյայտ է բոլոր դէմքերուն վրայ, ի բացառեալ այն տարիքոտ սպայէն, որ երիտասարդ տղաքը կ՛ուղարկէ ճակատ, բայց ինք կը մնայ իր տան վառարանին մօտ:
Ռուբիկ Մաթեւոսեան յանկարծ կը սկսի խանդավառ երգել «Զարթիր լաօ»-ն, բայց ոչ ոք կ՛ընկերակցի իրեն: Այնպէս կը թուի, թէ ոչ ոք նոյնիսկ կը լսէ զինք:
Այս կէտը չէր կրնար վրիպած ըլլալ Մոսկուայի աչքէն: Կարելի չէ հաւատալ, ինչպէս քննարկման ընթացքին թելադրուեցաւ, թէ ռուս քննիչը չէր հասկցած հայերէն ռազմերգին նշանակութիւնը:
Մալեան պատերազմը կը պատկերէ որպէս համատարած աղէտ: Ռուբիկին երգը կը լսենք հեռուէն` որպէս «ձայն բարբառոյ յանապատի», մինչ շոգեկառքը հայ ռազմակոչիկներու փոքրիկ խումբը կը տանի դէպի անդիմագիծ ունայնութիւն: Պատկերին մէջ ոչինչ կայ բացի շոգեկառքէն, գորշ հողէն եւ մոխրագոյն երկինքէն: Միայն երեք կառք քաշող հզօր վայրաշարժը պէտք էր, որ կարենար սուրալ: Մինչդեռ անոր ընթացքը դանդաղ է: Մեքենան չի շտապեր «թնդանօթի միսը» հասցնել ճակատ:
Հումորը
«Եռանկիւնին»-ին հումորը ծանր է, նոյնիսկ` սեւ: Առ երեւոյթ ծիծաղաշարժ պատկերներու ենթախորքին մէջ կայ ողբերգական կացութիւն: Կու տամ երեք ակնառու օրինակներ.
Երաժշտական ականջ չունեցող Յովիկին ելոյթը տառապալից է նախ իրեն, ապա վարպետներուն եւ մեզի համար: Երբ Գասպար դիտել կու տայ, թէ Յովիկ նուագելու սկսելէ առաջ չէր «լարած» ջութակը, «ինձ համար միեւնոյնն է» տխուր կ՛ըսէ երեխան: Յովիկ խոր ցաւով կը գիտակցէր, թէ ջութակը իրեն համար չէր: Պատրանքը այստեղ ալ վարպետներն են, որ կը պահպանեն: Մանաւանդ Գասպարը պատրանք-հերոսը: Տխուր է վարպետներուն ճիգը` պահելու համար իրենց «տգիտութիւնը»: Նշանակալից է այն, որ իր ձանձրոյթը ծածկելու յատուկ ճիգ ցոյց չի տար միայն վրացի վարպետը: Այդ տեսարանը ձեւով մը նախերգանքն է աւելի ուշ եկող մեծ պատրանաթափման:
«Հարստեսի» տեսարանին մէջ հսկայ Մկոյին կողքին կը յայտնուի կարճուկ Լիւբան, որ ոչ միայն ճերմակ բադիկի պէս կը քալէ, այլեւ շպարուած է քոմիք ժապաւէններու հերոսուհիներու նմանութեամբ: Տիտան-թզուկ զոյգը ծիծաղաշարժ կրնար ըլլալ այլուր: Բայց այստեղ ոչ ոք կը խնդայ: Մթնոլորտը ծանր է որովհետեւ միութիւնը խորթ է: Յովիկ ի զուր կը փորձէ փրկել կացութիւնը: Մթնոլորտը ծանր է, նաեւ անոր համար, որ բարի, անոք, աման լուացող խեղճ աղջիկ մը կ՛ենթարկուի վարպետներու լուռ դատապարտութեան:
Վարպետները դժուար ընտրանքի առջեւ են: Անոնք պէտք է որ շարժին սովորութեան հակառակ: Այս գաղափարը արտայայտուած է վարպետներու դանդաղ քայլերով Վարպետաց փողոցի ցից զառիվերն ի վեր: Գեղագիտական պատկերաւոր այլ լուծում մը:
Սեւ հումորը ներկայ է նոյնպէս Գասպարի անկման տեսարանին մէջ: Մատ մը երեխան խեղդուելէ կը փրկէ դեռ պահ մը առաջ յոխորտացող տղամարդը: Աստիճաններու գլխուն թառած պոռոտախօսը կը վերածուի գետի եզերքին ծուարած թրջուած մուկի: Բայց մթնոլորտը ծանր է: Խեղդուող Ֆրունզիկի զաւեշտական շարժումները խղճահարութիւն կը յառաջացնեն, ոչ ծիծաղ: Այդտեղ կը խեղդուի Գիւմրին ոգեւորող առասպելը:
Մթնոլորտը քիչ մը աւելի թեթեւ է զագսի տեսարանին մէջ, ուր բոլոր վարպետները կը յամառին իրենց ստորագրութիւնը դնել տոմարին մէջ: «Բաւական է» կը բողոքէ յառաջագած տարիքի, ոչ բարետես, տունմնայ պաշտօնեան (6): Բայց ինչո՞ւ էին վարպետները խանդավառ: Ինչ կը տօնէին տոհմիկ ֆայթոնները: Մկոյի անդարձ կորո՞ւստը: Չէ՞ որ այդ ամուսնութիւնը պիտի հեռացնէր Մկոն Գիւմրիէն (7) :
Այս թախծոտ մթնոլորտին մէջ հարց կու տամ. ո՞ւր է Լենինականցիի առակի կարգ անցած հումորը : Այսքան խոշոր բացակայութիւն կարելի չէ պատահական մոռացկոտութեան վերագրել: Ջիգեարխանեանի եւ Վանոյի առօրեայ խօսակցութեան մէջ կան սրամիտ դարձուածքներ: Բայց անոնք աւելի դառն ժպիտ կը յառաջացնեն, քան` լիաթոք ծիծաղ: «Մաքուր հայերէն» խօսող Սօս Սարգսեանի տիպարը չափազանցեալ լուրջ է: «Եռանկիւնին»-ին մէջ ոչ մէկ պատկեր կամ խօսք կը յառաջացնէ լիաթոք ծիծաղ: «Եռանկիւնին» էլեկիա մըն է, ողբերգ մը, նուիրուած երբեմնի Գիւմրիին:
Յովիկ կը լքէ «Եռանկիւնին»
Գիւմրին եղած է մշակութային եւ մտաւորական եռուն կեդրոն: Տուած է բազմաթիւ անուններ: «Եռանկիւնին»-ին մէջ այդ կողմը պատկերաւոր արտայայտուած է որմազդներու միջոցով: Գիւմրին լեռներու ետին կորած հիւղաւան մը չէր: Այլ խօսքով, երկրորդական, նոյնիսկ համալսարանական ուսում ստանալու համար որեւէ երեխայ պարտադրուած չէր հեռանալ: Յովիկին հեռացումը ունի խորհրդանշական իմաստ:
Յովիկ ոչ միայն կը հեռանայ Գիւմրիէն, այլեւ` դարբիններէն (8): Պատկերաւոր լեզուով արտայայտուած ան չի գիտեր, թէ ճիշդ ո՞ւր անոնք դադրեցան հետեւելէ իրեն, այսինքն` հովանաւորել զինք: Հեռացումը տեղի կ՛ունենայ աստիճանաբար, որպէս արդիւնք Յովիկի հասունացման: Պատանին կ՛արժանանայ անկախութեան, իր կեանքը տնօրինելու իրաւունքին: Կը վայելէ դարբիններուն օրհնութիւնը, որովհետեւ չի մերժեր տոհմիկ ժառանգը: Այդ ժառանգը պիտի կազմէ իր հոգեւոր աշխարհին ենթահողը: Յովիկ թախիծով կը պատմէ Գիւմրիի մասին, որովհետեւ այդ գեղեցիկ աշխարհը դատապարտուած էր դառնալու անցեալի յուշ:
Նոթեր
(1) «Հայֆիլմ սթիւտիօ». 84 վայրկեան. բեմագրութիւնը` Ա. Այվազեան, քամերա` Ս. Իսրայէլեան, երաժշտութիւն` Է. Բաղդասարեան: Ուստա Մուկուչ` Ա. Ջիգեարխանեան, Գասպար` Մ. Մկրտչեան, Մկրտիչ` Ս. Սարգսեան, Մկօ` Փ. Արսիանոֆ, Յովիկ` Մ. Յովսէփեան, Լիւբա` Ի. Ալապինա, եւ որմազդ փակցնող տղայ` Ժիրայր Աւետիսեան
(2) Առանց մեկնաբանութեան. կը լսենք, թէ ամրոցը սեփականաշնորհուած է եւ պիտի շահագործուի որպէս զբօսավայր:
(3) Կարելի՞ է արդէօք հաւատալ, թէ երաժշտութեան դասատուն չէր նկատած Յովիկին այդքան ակնյայտ երաժշտական խլութիւնը:
(4) Լիւբա միակ իգական կերպարն է: «Լիւբա» ռուսերէնով գրեթէ տառացիօրէն կը նշանակէ «սէր»: Բայց սիրող աղջկան ներկայութիւնը կարճ է եւ աղէտալի: Սիրոյ ժխտական դերին եւ առհասարակ ժապաւէնին մէջ կիներու բացակայութեան կարելի է տալ անախորժ մեկնաբանութիւններ:
(5) Խորհրդային Հայաստանի շարժապատկերին մէջ Եղեռնի թերեւս առաջին ուղղակի ակնարկութիւնները: Ձորի Միրոն, Նահապետը եւ այլ գործեր եկան աւելի ուշ:
(6) Իգական սեռի ժխտական կերպար մը եւս: Պաշտօնեան անբարեհաճ տղամարդ մը չէ՞ր կրնար ըլլալ …
(7) Շարք մը առասպելական եւ հեքիաթային հերոսներ հմայուած են օտար կիներով: Այդ կապը ներկայացուած է որպէս աղէտալի հետեւանքներ ունեցող մոլորութիւն:
(8) Կը հեռանայ նոյնպէս զինք հմայած աղջիկէն: Ո՞վ չէ ունեցած պատանեկան անցողիկ ցնորքներ: Նկատելին այն էր, որ գեղեցկուհին դուրս չեկաւ պատշգամ գոնէ վերջին անգամ տեսնելու համար Յովիկը: Իգական տիպարը` նորէ՞ն ժխտական… Այդ տարիքի՞ն իսկ…
Ծանօթ.- Համազգայինի թատերական յանձնախումբը պատրաստած է «Սինէ քլապ»-ի ծրագիր մը, որ պիտի սկսի այս ամիս: Ցոյց պիտի տրուին հայ եւ օտար, գեղարուեստական եւ վաւերագրական ժապաւէններ: Ցուցադրութիւններէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում: Կը յուսանք, որ շարժապատկերի պատկերաւոր լեզուն հաւաքաբար վերծանելու ունակութիւնը տեղ գտնէ մեր մշակութային կեանքին մէջ:

