53 Տարի Առաջ. Այցելութիւն` Կամալ Ապտել Նասըր Հիւսէյնի
ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ
Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ

Աջէն ձախ՝ Անթուան Սաատէ, Կամալ Ապտել Նասըր, Սապրի Համատէ, Թալհուք, Ահմետ Ասաատ, Վարդգէս Շամլեան
Դամասկոս 18 փետրուար 1961 – Քասըր տիաֆէ «Հրաւիրեալներու պալատ»
1961-ին Լիբանանի երեսփոխանական խորհրդարանին կողմէ Լիբանանի քաղաքական հոսանքները ներկայացնող երեսփոխաններէն յանձնախումբ մը կազմուեցաւ` այցելութիւն մը տալու համար Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան նախագահ Կամալ Ապտել Նասըր Հիւսէյնի:
Այդ յանձնախումբին մաս կը կազմէի նաեւ ես` իբրեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ:
Անցողակի ըսեմ, որ 1960-1964 երեսփոխանական քառամեայ շրջանին խորհրդարանին երկու կրտսերագոյն անդամներէն մէկը ես էի` 31 տարեկան: Նմանապէս, միւս հայ պաշտօնակիցներուս ալ փոքրը ես ըլլալով, զիս քաղաքական կեանքին վարժեցնելու համար, «որոշ» տեղեր, կ՛ուզէին, որ ես երթայի… ու ես ալ կը վազէի…

Նոյն այցելութեան ընթացքին առնուած այն նկար մը
Անշուշտ, այդ այցելութիւնը պաշտօնական, քաղաքական բնոյթ ունէր եւ որոշուած էր նախապէս ամիսներ տեւած դիւանագիտական բարձր մակարդակի բանակցութիւններէ ետք:
Լիբանանի ժողովուրդին եւ քաղաքական դէմքերուն մէջ Ապտել Նասըրին կողմնակիցներուն թիւը մեծ էր: Անոնցմէ կային նաեւ մեր յանձնախումբին մէջ:
Ուստի, ակնբախ է, որ Ֆուատ Շեհապ խոհեմ նախագահին օրով կազմակերպուած այս այցելութիւնը առողջ եւ իմաստուն նախաձեռնութիւն մըն էր, որ կը միտէր, եթէ ո՛չ բոլորովին վերացնելու, գոնէ մեղմացնելու ա՛յն թշնամական տրամադրութիւնները եւ դիրքորոշումները, որոնք Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունէին Նասըրի կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն միջեւ:
Ուրեմն, 18 փետրուար 1961-ին, պաշտօնական ինքնաշարժներով Պէյրութէն մեկնելով, այս պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Նասըրի հետ, Դամասկոսի «Հրաւիրեալներու պալատ»-ին մէջ (Քասըր տիաֆէ):
Հանրայայտ իրողութիւն է, որ այդ օրերուն արաբական աշխարհը եռեւեփի մէջ էր: Լիբանանի մէջ եւս կը տիրէր ճնշիչ-պայթուցիկ կացութիւն մը:
Կցեալ նկարներուն մէջ երեւցող երեսփոխաններէն ոմանց արտայայտութիւններէն իսկ կարելի է եզրակացնել, որ վերապահութեան, անվստահութեան զգացում մը կը պատէր մեզ: Կը զգայինք, որ Սուրիան Եգիպտոսի կցուելէն ետք կարգը պիտի գար Լիբանանին…
Թէեւ անձնապէս չէի տեսած Նասըրը, սակայն տարիներով ամբոխավարական իր երկարաշունչ ճառախօսութիւնները ունկնդրած էի ձայնասփիւռէն: Տեղին է յիշել, որ պատմաբան Էօժեն Ռոկան գրած է, որ Նասըր արաբական աշխարհը ձայնասփիւռով նուաճեց:
Եւ ահա, հիւրասրահէն ներս կը մտնէր այդ վիթխարի քաղաքական անձնաւորութիւնը:
Հասակաւոր, զինուորականի կազմուածքով, վայելուչ եւ անթերի զգեստով ժպտուն անձ մը, ինչպէս կ՛երեւի նկարներուն մէջ:
Նասըրի եւ մեր պատուիրակութեան պետ` Լիբանանի խորհրդարանի մնայուն նախագահ Սապրի Համատէի քաղաքավարական եւ բարի գալուստի փոխադարձ խօսքերէն ետք, Նասըր արաբական ազգայնասիրութեամբ առլցուն երկարաշունչ ու հետզհետէ հրահրիչ դարձող սրտառուչ եւ հմայիչ ճառով մը շշմեցուց, «կախարդեց» մեզ այդ վայրկեանին: Սակայն, հետագային, անոր յաջորդեց վերապահութեան, անվստահութեան միշտ առկայ զգացումը թէ՛ Եգիպտոսի եւ թէ՛ Սուրիոյ հանդէպ:
Ձայնասփիւռէն արտասանած բանախօսութիւններուն բնաբանով, ներշնչումով, յուզումով արտասանած իր խօսքը հայ յեղափոխականներուն սրտաբուխ եւ ներքին կրակով տոգորուն խօսքերուն կը նմանցնէի:
Ըստ էութեան, ինչպէս միշտ, արաբական ազգայնականութեան խորքով, օտար պետութիւններու ազդեցութենէն ազատ, անկախ, արաբական ինքնավար աշխարհ մը կերտելու փառաբանութեամբ սահմանափակուած էին իր խօսքերը:
Եւ իրօք, իրեն յատուկ ամբոխավարական ոճով Դամասկոսի մէջ խօսած ճառի մը մէջ կը յայտարարէր. «Արաբ ազգի սրբազան երթը, մեզ յաղթանակէ յաղթանակ պիտի առաջնորդէ: Այո՛, ազատութեան դրօշը, որ կը ծածանի այսօր Պաղտատի վրայ, պիտի ծածանի նաեւ Ամմանի եւ Ռիատի վրայ:
Այո՜, ազատութեան դրօշը, որ կը ծածանի այսօր Գահիրէի, Դամասկոսի եւ Պաղտատի վրայ, պիտի ծածանի նաեւ Միջին Արեւելքի մնացեալ մասին վրայ… Այո՜, արաբական ազատութեան դրօշը…»:
Իմ կարծիքովս, Նասըր, արաբական ազգայնականութեան ախոյեանի դերը ստանձնելով, ներշնչումով նմանօրինակ ճառերով արաբական երկիրներու ժողովուրդներուն մեծ մասը կը հրահրէր եւ անոնք «Նասըրը կը նկատէին արաբ միակ ղեկավարը, որ կրնար ասպարէզ կարդալ Իսրայէլի»:
Այս բոլորով հանդերձ, Նասըրի ճառերը, ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան, նուազ ծայրայեղական եղած են` բաղդատմամբ Ֆիտել Քասթրոյի խուժանավարական ճառերուն, որոնցմով նոյնիսկ այս վերջինը փորձեց Խորհրդային Միութիւնը հիւլէական պատերազմի մղել` վասն միջազգային ընկերվարութեան յաղթանակին:
Եւ իրօք, մինչ Քասթրոյի ծրագիրներուն եւ նպատակին հորիզոնը անպարագիծ էր ու կը միտէր «համաշխարհային յեղափոխութիւն» յառաջացնել, Նասըրի հորիզոնը եւ «ախորժակը» աւելի համեստ էին ու կը պարփակէին արաբական երկիրները միայն:
Խրուշչեւ Քասթրոյի դիտաւորութեան ակնարկելով ` ըսած է. «Ընկերվարական աշխարհը պաշտպանելու համար կ՛ուզէ երկրագունդը քանդել, նոյնիսկ եթէ Քուպան ալ պիտի քանդուի»:
Մտքերու զուգորդութեամբ, Ֆիտել Քասթրոյի մտադրութիւնը` քուպացի զինուոր ղրկելու աշխարհի ա՛յն երկիրը, ուր ազատագրական պայքար կը տարուէր բռնապետներու դէմ ընկերվարութիւն հաստատելու համար, ինծի կը յիշեցնէ Պուլկարիոյ եւ Պարսկաստանի ազատագրական, յեղափոխական պայքարներուն ՀՅ Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւն բերելը (զոհաբերելով աննման կտրիճներ), Պուլկարիոյ մէջ նոյնիսկ, 1906-ին սեփական զինուորական վարժարան հիմնելը:
Այս ընդհանրական հարցերը, թէեւ մեր բուն նիւթէն դուրս եւ «պարապ վախտի խաղալիք» ըլլալով` մեզ շատ հեռուները տարին, սակայն վերյիշումներ ըլլալով` յետգրութեան մէջ հետաքրքրական ամփոփ նոթեր ալ առած եմ այս մասին:
Մեր այցելութիւնը (որ նախագահական եւ խորհրդարանական մակարդակներու խորհրդակցութիւններու որոշումով տեղի ունեցաւ, նպատակ ունենալով, ինչպէս ըսի, թեթեւցնել երկու երկիրներուն միջեւ տիրող անհանդուրժողութեան մթնոլորտը), մինչեւ լիբանանեան սահման պաշտօնական ինքնաշարժներու առաջնորդութեամբ յառաջանալով, վերջ գտաւ, եւ նոյն օրը վերադարձանք Պէյրութ:
Այնճարի մօտէն երբ կ՛անցնէինք, քովիններուս առաջարկեցի, որ երթանք եւ աղբիւրին մօտիկ ճաշարաններէն մէկուն մէջ, հայկական հիւրասիրութեամբ, համադամ աղանդերներով օղի մը խմենք:
Ժպտելով` քաղաքավարութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին, ուրիշ անորոշ թուականի յետաձգելով առաջարկիս գործադրութիւնը:
Այո՛, վերադարձին, ինծի նման շատեր եւս, թէեւ արտաքուստ անհոգ երեւոյթ մը կ՛առնէին, նոյնիսկ կը կատակէին, սակայն մտատանջութեան ալիք մը լո՜ւռ սողոսկած էր հոգիներէն ներս.
«Այո՜, արաբ ազգի ազատութեան դրօշը պիտի ծածանի նաեւ Ամմանի, Ռիատի… Միջին Արեւելքի մնացեալ մասին վրայ…»:
Այ՜ո, անշուշտ Լիբանանն ալ մաս կը կազմէր Միջին Արեւելքին…
Այդ բառերուն արձագանգը կը մրճահարէր ու կը պրկէր ուղեղները. եւ Լիբանանի անորոշ քաղաքական գոյավիճակը երեւակայելով, երկիւղախառն մտածումներու մէջ մխրճուած, շատեր, ինչպէս ես, կ՛ուզէինք շուտով տեղ հասնիլ, երթալ զեկուցում տալու օրուան անցուդարձին մասին` առ որ անկ էր:
* * *
Յետգրութիւն:
ա) Լիբանանի եւ Կամալ Ապտել Նասըրի յարաբերութիւններուն մասին, պարբերութիւն մը յատկացուած է «Wikipedia», «The free encyclopedia»-ի մէջ, Gamal Abdel Nasser անուան տակ:
Անցողակի յիշենք, որ այդ գրութեան պատրաստութեան համար իբրեւ սկզբնաղբիւր օգտագործուած են տասնեակներով աղբիւրներ, որոնց մէջ կը հանդիպինք նաեւ երկու հայ գրողներու գործերուն (Richard Hrair Dekmejian (1971) Egypt Under Nasser եւ Asterjian Henry D.-ի գիրքը 2007):
Ստորեւ` վերեւ յիշեալ պարբերութեան ազատ թարգմանութիւնը:
«Սեպտ. 1958-ին, Ֆուատ Շեհապի նախագահ ընտրուելէն ետք, Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան յարաբերութիւնները մեծապէս զարգացան: 25 մարտ 1959-ին Շեհապ եւ Նասըր հանդիպում մը ունեցան Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ (Շթորայի մէջ – Վ. Շ.) եւ երկու երկիրներուն միջեւ տիրող քաղաքական յարաբերութիւններուն շուրջ հանգամանօրէն բանակցելով` վերջ դրին այն տագնապին, որ կը տիրէր Լիբանանի մէջ:
Նասըր հաւանեցաւ վերջ տալ Լիբանանը Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան կցելու գործողութիւններուն:
«Իսկ Շեհապ համաձայն գտնուեցաւ չթոյլատրելու, որ Լիբանանը գործածուի իբրեւ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան դէմ գործող խարիսխ: Համաձայնութիւններ, որոնք յարգուեցան երկու նախագահներուն ալ կողմէն (ընդգծումը` ինձմէ – Վ. Շ.): «Իբրեւ արդիւնք այս համաձայնութեան` Լիբանանի մէջ պայքարը վերջ գտաւ: Նասըր հրահանգեց Ապտել Համիտ Սարրաժին (որ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարն էր եւ հետագային` փոխնախագահը), որ դադրեցնէ Լիբանանի իր կողմնակիցներուն տրուող «օգնութիւնները» (դրամ, թեթեւ զէնքեր, սպաներու մարզում եւ այլն):
«Եւ, հոկտ. 1958-ին Միացեալ Նահանգները արդէն քաշուած էին Լիբանանէն:
«28 սեպտ. 1970-ին Նասըր մահացաւ սրտի կաթուածի իբրեւ հետեւանք (նախապէս սրտի երկու տագնապներ ունեցած էր արդէն, եւ կ՛ըսուի նաեւ, որ ընտանեկան, ժառանգական էր այդ հիւանդութիւնը):
«Եգիպտոսը եւ արաբական աշխարհը ցնցուեցան: «Նասըրի յուղարկաւորութեան թափօրին հետեւողներուն թիւը առնուազն 5 միլիոն էր»:
Նշելի է նաեւ, որ Լիբանանի մահմետական շրջաններուն մէջ օդը արձակուած փամփուշտներու, այլազան զէնքերու դղրդիւնը պատերազմի դաշտ կը յիշեցնէր, իսկ երկինքը օրերով սեւցած մնաց` փողոցներու մէջ հրկիզուող անիւներուն ծուխին պատճառով:
բ) Վերեւ յիշուած իրողութիւններէն հետեւեալ խորհրդածութիւնները եւ դիտողութիւնները կարելի է ընել:
Ի հարկէ, պատմաբանը մերկ իրողութիւնները առարկայական ձեւով կը ներկայացնէ:
Այսպէս, ան կը բաւականանայ` ըսելով, որ Շեհապ- Նասըր հանդիպումը տեղի ունեցաւ Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ` առանց բացատրելու կամ պատճառաբանելու այն, որ ինչո՞ւ ատիկա տեղի չունեցաւ Դամասկոսի կամ Պէյրութի մէջ: Շեհապ ինչո՞ւ չգնաց Դամասկոս` հակառակ Նասըրի հրաւէրներուն: Եւ կամ` ինչո՞ւ Նասըր Լիբանան չեկաւ:
Սակայն լիբանանցիները, որոնք տարիներով ապրեցան այդ դժոխային օրերը, քաջ գիտեն ատոր ակնյայտ պատճառը:
Եթէ Շեհապ երթար Նասըրի մօտ, այդ քայլը անոր ենթակայութիւն պիտի նշանակէր: Նմանապէս, եթէ Նասըր Պէյրութ գալու ըլլար, մահմետական եւ պաղեստինեան կողմերը պիտի զօրանային, իսկ քրիստոնեաները պիտի նուաստանային եւ քաղաքական գետնի վրայ տկարանային: Երկու պարագաներուն ալ, թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ՛ գետնի վրայ, նախատեսելի էին աղէտալի հետեւանքները, նկատելով, որ երկու կողմերն ալ զինուած էին:
Հետեւաբար, նկատելի է, որ Միջին Արեւելքի մէջ երկու նախագահներ (որոնք իրենց երկիրներու բանակներուն զօրապետերը եղած են), համախոհութեամբ իմաստուն որոշում մը տուած են, որ սահմանի վրայ տեսնուին` այդպիսով յարգելով եւ հաստատելով երկու երկիրներուն հողային ամբողջականութիւնը:
Աւելի՛ն. առանց գրութեան, պարկեշտօրէն քաղաքական-դիւանագիտական համաձայնութեան մը յանգած են` վերջ դնելու երկու երկիրներու միջեւ տիրող տագնապին եւ ակնյայտ պայքարին: Եւ յարգա՛ծ են` իրենց յանձնառութիւնները` միաժամանակ ապացուցելով, որ բարի դրացնութեան պայմաններուն մաս կը կազմէ աներեւոյթ սահմանաքարերով իրարմէ բաժնուած ըլլալը, ինչպէս է, օրինակ, Եւրոպայի երկիրներուն եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի նահանգներու պարագան:
Միամտութիւն կարելի է համարել աւելցնելը, որ պատմական այս դէպքը կրնայ նմանողութեան օրինակ ծառայել արեւմտեան աշխարհին, պայմանաւ որ այս վերջինին իշխանաւորները հրաժարին աշխարհակալական եւ նիւթապաշտական իրենց տենչէն: Բան մը, որ ափսո՜ս, անկարելի է:
գ) Բացորոշ է նաեւ այն, որ, պարզ ըսած, մօտիկ անցեալի իրադարձութիւնները կ՛ապացուցեն, որ Լիբանանի սահմանակից կամ մօտիկ երկիրներու իշխանապետներէն հասնողը Լիբանանի ներքին գործերուն կը միջամտէ` իր կողմնակիցներուն քաղաքական ազդեցութիւն բանեցնել տալով եւ կամ, պարզապէս, յարմար ատենին զայն իր երկրին կցել կը փորձէ:
(Այստեղ փակագիծ մը բանալով մտաբերենք, որ դիւանագիտական, քաղաքական այդ անշօշափելի, աներեւոյթ գործելակերպին առընթեր, գետնի վրայ կործանիչ արարքներ եւս կը կիրարկուէին:
Եւ իրօք, մօտիկ անցեալին Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու չարաղէտ ժամանակաշրջանին, ստեղծուած դժոխային մթնոլորտին խորքի գորշ պաստառին վրայ այդ օրերը ապրողներուս հոգիներուն, ենթագիտակցութեան մէջ կուտակուած խռովքներ կան: Ականուած ինքնաշարժներու ուրուականներուն ստուերները կը թափառին: Անոնց մահասփիւռ պայթումներուն արձագանգը կը թնդայ տակաւին մեր ուղեղներուն մէջ: Մեր հոգիներուն մէջ ներմղուած այդ տեսիլքները չենք յաջողիր վերջնականապէս արտամղել:
Իսկ, ասկէ ետք եւս, Լիբանանի առկայ անորոշ իրավիճակին պատճառով անոնց կրկնուելու հաւանականութիւնը երբ երեւակայենք, պարզապէս կը սոսկանք:
Ցուրտի ալիք մը կը սողոսկի մեր ողնասիւնին մէջ, կսկիծ մը կը խոցէ մեր սրտերը): Գոցենք այս ցաւալի փակագիծը եւ վերջացնենք այս խորհրդածութիւնները` վերադառնալով… Նասըրին:
Այսպէս, Նասըր Լիբանանի ներքին գործերուն ազդու կերպով միջամտեց եւ պատճառ եղաւ, որ նախագահ Քամիլ Շամուն (1952-1958) չվերընտրուի: Եւ իրօք, Նասըր նեցուկ կանգնելով իրեն համախոհ Լիբանանի քաղաքական դէմքերուն (որոնք իրենք եւս դէմ էին Շամունի վերստին նախագահ ընտրուելուն յաջորդ վեց տարուան շրջանի մը համար), եւ միաժամանակ, զօրավիգ ըլլալով ժողովուրդի մէկ մասին իրեն կողմնակիցներուն, պատճառ եղաւ, որ այս երկու հոսանքներու միջեւ տեղի ունենան բախումներ, որոնք ի վերջոյ յանգեցան 1958-ի քաղաքացիական կռիւներուն եւ Շամունի չվերընտրուելուն (եւ անոր յաջորդեց Ֆուատ Շեհապը, 1958-1964, որ ընդունելի էր երկու կողմերուն համար ալ):
Գալով իր երկրին` Եգիպտոսին, ան, «արաբական գարնան» (որ «ձմեռուան» վերածուեցաւ) առաջին զոհը դարձաւ, քայքայուեցաւ եւ, դժբախտաբար, այնտեղ մնացած հայերէն արտագաղթողներու նոր ալիքներ ծայր առին:
Ապա, Սուրիան, «Մեծն Սուրիոյ» երազով, (որ կ՛ընդգրկէր Լիբանանն ալ, Կիպրոսն ալ), իշխել ուզեց Լիբանանին, բայց ո՛չ միայն ձախողեցաւ, այլ ներկայիս (2012-2013) թէեւ պետութիւնը ուժգին կերպով կը պաշտպանէ երկիրը ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ, սակայն վերջինները, դժբախտաբար, երկրի քանդուելուն պատճառ կ՛ըլլան եւ կը փորձուի նոյնիսկ կոտորակել զայն (որ այլազան ժողովուրդներու խմբաւորումներէ բաղկացած ճոխ երանգապնակ մըն է. սիւննի, շիի, ալեւի, տիւրզի, քիւրտ, չերքեզ, յոյն, հայ, ասորի եւ այլն…):
Եւ ահա, այստեղ եւս, հայ մտաւորականութեան կեդրոններու մէկէն` «Երազային Հալէպ»-էն հայեր սփռուեցան աշխարհի վրայ (այդպիսով հաստատելով Վահրամ Մավեանի «Ամէն տեղ հայ կայ» գրութիւնները): Իսկ մնացածները հարկ է որ ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ձեռք առնեն դիմագրաւելու համար որեւէ աղէտալի հաւանականութիւն. Պուրճ Համուտի փորձառութիւնը վկա՛յ:
(Տես Պուրճ Համուտի 1976-ի Դաշնակցութեան եւ ժողովուրդին մարտիկներուն զինեալ պաշտպանութենէն դրուագ մը. «Ուխտագնացութիւն դէպի Պերլին» Վ. Շամլեան, տպարան «Մշակ», Քալիֆորնիա, 1991):
դ) Բարեբախտաբար Լիբանանի պարագային ազգային կառոյցները եւ հաստատութիւնները (կուսակցութիւններ, կաթողիկոսարան, առաջնորդարան, ազգային վարժարաններ, համազգային քոյր միութիւններ` ԼՕԽ, ՀՄԸՄ), ինչպէս այլ առթիւ եւս ըսած եմ, կը շարունակեն հայահոտ բարկ շունչով եւ կորովի կերպով գործադրել ազգայնականութեան, հայապահպանման իրենց առաքելութիւնը քաղաքական անորոշ եւ դժուարագոյն պայմաններու մէջ` դրամագլուխ ունենալով իրենց անյողդողդ հաւատքը. երբ ներկայիս միջինարեւելեան ապակայունացումը կը շարունակուի իր բոլոր բացասականութիւններով եւ կ՛անդրադառնայ նաեւ Լիբանանի ուժական հայ համայքին վրայ:

