Սարգիսով Պիտի Վերադառնայ Վոլքա

sarkisovԻր լուրը քաղելով Sportbox.ru կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուրալի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով պիտի վերադառնայ Վոլքա:

Ակումբները գրեթէ համաձայնութեան եկած են իրարու հետ եւ մնացած է հարթել միայն որոշ մանրամասնութիւններ: Սարգիսով, որ նախորդ տարեշրջանին ելոյթ ունեցաւ Վոլքայի հետ, ընթացիկ տարեշրջանին Ուրալի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 13 մրցումի` նշանակելով միայն կոլ մը:

Նշենք, որ կարճ ժամանակ առաջ Ուրալ որոշեց ծախել իր հինգ ֆութպոլիստները, որոնց կարգին` Հայաստանի հաւաքականի յառաջապահներ Էտկար Մանուչարեանն ու Արթուր Սարգիսովը:

Share this Article
CATEGORIES