Գէորգ Ղազարեան Կը Վերադառնայ Մեթալուրկ

kevork-ghazarianArmSport.am հայկական լրատու կայքը կը հաղորդէ, որ Մեթալուրկ Տոնեցքի մարզական տնօրէն Վարդան Իսրայէլեան ակումբին մամլոյ ծառայութեան իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան կը վերադառնայ իր ուքրանական խումբին:

«Մենք Ղազարեանը փոխ տուինք Շախտիոր Քարաքանտայի` մինչեւ 2013 տարուան աւարտը` նկատի ունենալով, որ այդ ժամկէտը աւարտեցաւ, ան կը վերադառնայ եւ կը միանայ իր ակումբին խմբակիցներուն»:

25 տարեկան ֆութպոլիստը Հայաստանի հաւաքականին հետ ցարդ կատարած է 36 մրցում:

Share this Article
CATEGORIES