2012-Ի ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ. ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
ԻՐԱՔ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
ԴՈՒՐՍ ՁԳԵՑ ԻՐԱՆԸ
Յառաջիկայ տարի Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք 2012-ի Ամառնային ողիմպիականի ֆութպոլի մրցաշարքի բացականերէն պիտի ըլայ Իրան` նկատի ունենալով, որ անիկա Իրաքի դէմ կատարած իր դարձի մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք դուրս մնաց մրցաշարքէն: Երթին Իրան 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին Իրաքի երկու կոլերը նշանակեց Ամժատ Ռատհի:
Մրցումէն ետք Իրանի ֆութպոլի համակիրները իրենց բացագանչութիւններով պահանջեցին երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ալի Խաֆաշեանի հրաժարականը:
Նշենք, որ յառաջիկայ 7 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Գ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, որուն կը մասնակցին 12 խումբեր (Ասիոյ ցամաքամասէն):
CATEGORIES Մարզական