Հայկազեան Համալսարանի Վերելքին Նպաստող Հայավայել Նախաձեռնութիւն
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Աշխուժ համայնք ըլլալու համար կարեւորագոյնը ոչ թէ անփոփոխ վայրի անհրաժեշտութիւնն է, այլ` որոշ հարցերու նոր սահմանումներ բերելու, նոր ճամբաներ փնտռելու եւ գտնելու կարողութիւնը»:
Փրոֆ. Միհրան Տապպաղ
Գերմանիոյ Պոխում համալսարանի դասախօս,
Սփիւռքի եւ Ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն
Բարեբախտաբար, գաղութահայ կեանքը հիասթափեցնող հարցերն ու երեւոյթները, անհեռանկար գործելակերպերն ու տեղայնական մտմտուքները պահ մը պարտադրաբար կը լուսանցքայնանան` ի տես խոհուն, մեծարժէք, համայնակերտ, առաքինի մտայղացումներու եւ վեհանձն արարքներու:
Փաստօրէն, լիբանանահայ գաղութը պատիւը ունեցաւ իմանալու, թէ ազգային կեանքին ու տրոփումներուն հետ ապրող, հայ գրականութեան երկրպագու եւ համայնական արժէքներու ջատագով Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեան ամոլը ինքնեկ, ժուժկալ, առանց տաղտուկի եւ շուայտ ձեւակերպումի 250,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ մը հանդէս է եկեր` Հայկազեան համալսարանին մէջ հաստատելով հայ ուսանողներու կրթանպաստի անձեռնմխելի ֆոնտ մը:
Հայ մամուլի մէջ պատշաճ լրատուութեամբ (3 դեկտեմբեր, 2013) ներկայացուած է լուր մը, որուն հարկ է արձագանգել երախտարժանօրէն:
Յայտնենք, որ առաջին անգամ չէ, որ նման նուիրատուութիւններու վայելք մը կ՛ապրի մեր գաղութը, երբ տասնամեակներ շարունակ հայ բարեկեցիկ ընտանիքներ թէ անհատ բարերարներ միշտ ալ նեցուկ եղած են հայ վարժարանի առաքելութեան ամրապնդման, հայ գիրքի տպագրութեան ու տարածման, եկեղեցիի, միութեան եւ ակումբի շինութեան, վերանորոգման ու բարեզարդման:
Այլ ասած, սփիւռքահայութիւնը յաճախ սատար է կանգնած իր կառոյցներուն վերելքին եւ պահպանման: Մատնանշուածին լաւագոյն ապացոյցը ցեղասպանութենէ ճողոպրած ժողովուրդի մը վերապրումն ու ինքնակազմակերպման վաւերական արտայայտութիւնն է` բազմաթիւ ոլորտներու ու բնագաւառներու մէջ, ամբողջ սփիւռքի տարածքին:
Արդարեւ,
Այս պարագային իւրայատուկը եւ յոյժ գնահատելին այն խոր գիտակցութիւնն է` ժողովրդանուէրի տիպարով յատկանշեալ ամոլի մը կողմէ, որուն մտածումներուն առանցքն է եղած հայ կրթական օճախներու եւ ուսուցիչներու օժանդակութիւն բերելու առընթեր, նաեւ ժամանակի ոգիին ու պարտադրանքին համահունչ ազնիւ եւ վարակիչ մտածումը ունենալ օժանդակելու սփիւռքեան իրականութեան մէջ այն եզակի կառոյցին, հայկական շունչով ակադեմական կաճառին, որուն աւելի քան 58 տարիներու ծառայութիւնը, ներկայութիւնն ու առաքելութիւնը վաւերական ապացոյցներն են անոր անյեղլի կոչումին եւ հեղինակութեան:
Առհասարակ, խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն ինքզինք ամրօրէն հաստատած եւ իր շրջապատին (տեղական թէ միջազգային) կողմէ անշպար յարգուած ակադեմական կաճառի մը, այլ նաեւ անոր ունեցած հայկական դիմագիծին, մթնոլորտին եւ հայ սերունդներու գիտական բարձրագոյն ուսմունք ջամբելու նախանձախնդիր մօտեցումի յարատեւութեան:
Այս առումով, մենք չենք կրնար անտես թողուլ իրականութիւն մը, որուն տիրապետող ներկայութիւնն ու արձանագրած յաջողութիւնները (ազգային ու ակադեմական) միայն պատիւ կը բերեն ամբողջ հայութեան` ի հայրենիք եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Միւս կողմէ, այսպէս ասած քաղաքավար խօսքերն ու արժեզրկուած կարգախօսները չե՛ն, որ պիտի առաջնորդեն մեզ ըսելու այն, ինչ որ պէտք է յանդգնօրէն եւ առանց երկմտանքի արտայայտել, երբ մտահոգութիւնը կը վերաբերի գաղութահայ կեանքի պահպանման եւ անարգել զարգացման, որովհետեւ ժամանակն է հասեր, եթէ ուշ չենք, ըստ էութեան արժեւորելու, քննարկելու եւ համապատասխան իրաւ լուծումներ առաջադրելու` յանուն գաղութի վերաշնչաւորման, ինքնավստահութեան վերականգնման եւ ռազմավարական ուղղութիւններու յստակեցման:
Յայտնապէս, այս բոլորի մատնանշումը կը կատարենք, որովհետեւ քաջ կը հաւատանք անոնց յոյժ կարեւորութեան եւ այժմէականութեան, եւ որեւէ ժամանակէ աւելի, ներկայ կեանքի խայտաբղէտ եւ անորոշ կացութիւններէ ձերբազատելու հրամայական պահանջով:
Կը յաջողինք վերակերտել մենք մեզ, եթէ մեր սրտերն ու հոգիները, մտքերն ու հայածին էութիւնը պարուրենք համագաղութային եւ համահայկական արժէքներու մեծութեամբ, ազգային գիտակից ու սերնդակերտ համոզումներու գեղեցկութեամբ:
Արդ, եթէ երբեք գաղութ կ՛ուզենք պահել եւ կամ գաղութահայ կեանք ծաղկեցնել, արդեօք պէտք է գինովնա՞նք առկայ որոշակի կարգ մը յաջողութիւններով եւ այսպէս ասած «հեզասահ» կեանքի ընթացքով, թէ արիութիւնը ունենանք եւ կամք ցուցաբերենք մտածելու հետագայ տասնամեակներու մասին, իբրեւ պատուար, ապաւէն եւ ուղենիշ գալիք մարտահրաւէրներու դիմակալումին եւ յաղթահարման:
Անկեղծ ասած, ատենէ մը ի վեր պատեհ առիթի կը սպասէինք, վերյիշեցման կարգով յայտնելու, որ այլեւս ժամն է հասեր քար շինելու առընթեր նաեւ մարդը շինելու մասին մտածել, անյապաղ եւ առանց ոճաւորուած տարակարծութիւններու, որովհետեւ հաւաքական կեանքի մէջ լոկ նիւթական բաւարարութիւնները չեն, որ ազգին պիտի ապահովեն ազգային շունչով եւ ոգեւորութեամբ զրահաւորուած պատմաբան, ազնիւ օրէնսգէտ, հեղինակաւոր խմբագիր, բազմահորիզոն մտածումի տէր հրապարակագիր, արհեստավարժ լրագրող, որակեալ ու բանասէր ուսուցիչ, ազգային լայնամիտ գործիչ, հպարտ, ազատասէր եւ հայրենասէր հայորդի, հաւաքական կեանքի մէջ իր ուրոյն դերն ու տեղը ունեցող ծառայասէր գրող եւ մտաւորական, բայց մանաւա՛նդ` իր էութեան հաւատարիմ, հեռատես ու բազմաշնորհ ղեկավար առաջնորդ:
Երբ խորապէս կը քննենք գաղութահայ մեր կեանքի ընդհանուր պատկերը, առանձնաբար կ՛ուրուագծուի այն իրականութիւնը, որ մենք ուսանողութեան քանակի հարցը չէ, որ յաճախ կ՛ընդգծենք, այլեւ` իր ազգային արմատներուն կառչած, լուսամիտ, գաղափարապաշտ եւ ստեղծագործ ուսանող փաղանգներու մասին է խօսքը, որովհետեւ անոնք են, որ խիզախօրէն եւ առանց վարանումի պիտի ստանձնեն ազգային կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառի պատասխանատուութիւնը, հոգեփոխեն, խանդավառեն եւ իրենք զիրենք հաստատեն` իբրեւ սերնդափոխութեան ամէնէն տիպական արտայայտութիւն:
Իսկ ո՛ւր, ինչպիսի՛ եւ ի՛նչ պայմաններու եւ մթնոլորտի մէջ պիտի ծնին, աճին ու դաստիարակուին նման սերունդներ, եթէ ոչ հայաշունչ եւ մարդակերտի իր առաքելութեան հաւատարիմ ակադեմիայի մը մէջ, որ խորքին մէջ ստեղծուած է այս հասկացողութեամբ եւ հեռանկարով:
Առհասարակ չենք խօսիր ուսումնական-կրթական (հայագիտական) նիւթերու ոճաւորումին, ի հարկին բարեկարգումին, վերամշակման թէ այլ յանձնառութիւններու մասին, որոնք այլապէս պիտի զրահաւորեն այս հայատիպ համալսարանին միջավայրը, եւ որոնց մասին վստահաբար մտածած են համալսարանի պատկան մարմիններ, գործած են այդ ուղղութեամբ եւ ցարդ կը շարունակեն:
Այդուամենայնիւ, իբրեւ գաղութահայ իրականութիւն, սոսկական խօսքերէ անդին անցնելով մտածա՞ծ ենք հիմնական եւ հեռանկարային առաջադրանքներով թեւ եւ թիկունք կանգնիլ եզակի այս համալսարանին, որպէսզի առաւելագոյնս կարենանք օգտուիլ անկէ եւ վայելել անոր ընձեռած կարելիութիւնները:
Հայկազեան համալսարանի վաթսուն ամեակին ընդառաջ, գեղեցիկ ու յատկանշական նուէր էր նմանատիպ նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի տնտեսական ահաւոր այս պայմաններու մէջ հայ ուսանողին պաշտպան կանգնիլ:
Տակաւին կայ նաեւ այն մտածումն ու հարցադրումը, թէ ինչպիսի՛ որակ պիտի ունենար հայ իրականութիւնը, եթէ երբեք նման բարեխիղճ բարերարներու թիւը տասնապատկուէր եւ լիբանանահայութիւնը ունենար պատկառելի գումարով հայաշունչ ֆոնտ մը, որ իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին իր ծոցէն ծնունդ տար համալսարանաւարտ հայորդիներու, որոնք սպառազինուած ներկայ կեանքի համահունչ բարձրագոյն ուսումով` նետուէին ազգային կեանքի ծառայութեան:
Եթէ գաղութահայ կեանքի հզօրացման քայլերու մասին կը մտածենք, ի շարս այլ բնագաւառներու զարգացման եւ ամրակայման, պարտաւոր ենք համազգային գուրգուրանքի եւ աջակցութեան արժանացնել հայազգի այս ակադեմիան, մարդուժի որակական ոստում արձանագրելու դիտաւորութենէ մեկնած:
Ի դէպ, Հայկազեան համալսարանը իր տասնամեակներու գոյերթով վաստկած է գոյատեւելու իր իրաւունքը, ներշնչած եւ վստահութիւն տածած է ամբողջ շրջապատի մը համակ, որուն արձագանգն է տուեալ ազնիւ նուիրատուութիւնը:
Մեր կարգին, իբրեւ գաղութահայ հատուածներ, մեր այլազան եւ առանձնայատուկ պատկանելիութիւններու (յարանուանական, միութենական թէ գաղափարական) առընթեր, ջահակիր ըլլանք, վերականգնենք, մենք մեզ ֆինանսաւորենք եւ լծուինք մեր գաղութի առաւել շէնացման:
Առանձնապէս, եթէ երբեք կարողութիւն ունենանք համազգային մտածողութեամբ պարուրել մեր օրակարգերը, կամքերը կռանենք, յոյս եւ կորով ներշնչենք, բոլորի՛ն անխտիր ցոյց տուած կ՛ըլլանք հայաբորբ զգացումներու եւ միասնականութեան ամէնէն վառ օրինակը:
Այս առումով ալ, ստեղծուած ֆոնտերը ինքնանպատակ չեն կրնար ըլլալ, անոնք պարտաւոր են ներառել հայոց դարաւոր տենչերուն եւ երազներուն առհաւատչեայ իմաստն ու արժէքը:
Սփիւռքի տարածքին առկայ են բազմաթիւ հայագիտական ամպիոններ, գործած են եւ կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, սակայն, Հայկազեան համալսարանի պարագային անիկա պէտք է վերածուի ազգային յիշողութեան պահպանման, սփիւռքագիտութեան եւ գաղութահայ իրականութեան ուսումնասիրութեան եզակի, տրոփող եւ ղեկավարող կեդրոնի մը, ազգային հարցերու առաւել պայծառացման միտող եւ հունաւորող ակադեմական ժամանակակից միջավայրի մը:
Փաստօրէն, նման կենսական մտածումներու գնահատելի խայծեր են համալսարանի մէջ գործող «Տէրեան» հայաշունչ գրադարանը, աւելի քան երեսուն տարիէ անընդմիջաբար լոյս տեսնող Հայագիտական հանդէսի հաստափոր ու պատկառելի ներկայութիւնը, ազգային բովանդակութեամբ յատկանշուող գիտաժողովներու կայացումն ու ամէն պատեհ առիթի նուիրուած այլազան ձեռնարկներու կազմակերպումը:
Մեր կարգին, ամրագրենք ազգատիրութեան հաւատամքը եւ նոր շունչով վարակենք նորահաս սերունդը:
Ահաւասի՛կ, նշեալ նուիրատուութեան մէկ խորիմաստ ու կենդանի արժէքը:

