Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Կեանքն Անո՛վ Էր, Եւ Կեանքը Լո՛յսն Էր Մարդերուն»…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, «Տեառնընդառաջ» է. այս տօնին դրուագը պատմող աւետարանը (Ղկ. 2,22-40) ոչ միայն շատ երկար ու հետաքրքրական է, այլ նաեւ կը բովանդակէ գիտելիքներ ու ճշմարտութիւններ: Անոնք օգտակար են մեզի ու նպաստաւոր` մեր առօրեային համար: Կը փորձեմ համադրել զանոնք` աւելի կեդրոնանալով տօնին անունին եւ անկէ թելադրուած քանի մը համոզումներու վրայ:

«Տեառնընդառաջ» կազմուած է «տեառն», «ընդ» եւ «առաջ» գրաբարեան բառերէն: Առաջինը եզակի սեռական կամ տրական հոլովն է «տէր» գոյականին: Երկրորդը` նախդիր է, նախադրութիւն է: Իբրեւ գոյական` երրորդը կը նշանակէ «առջեւի կողմ»: Իսկ «ընդառաջ» բառաձեւը յետադիր կամ յետադրութիւն է հոս, որ լռելեայն կը հասկցնէ «առջեւը ելլել, դէմը երթալ, դիմաւորել» իմացութիւնները:

Մարդկութեան արական ու իգական սեռերուն երկու ներկայացուցիչները` Սիմէոն Ծերունի (Ղկ. 2,25-35) եւ Աննա Մարգարէուհի (Ղկ. 2,36-38) «տեառնընդառաջ»-ի տիրական դէմքերն են, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսը` քառասնօրեայ նորածին Տէրը դիմաւորեցին Աստուծոյ տաճարին մէջ:

Սիմէոն` «արդար ու բարեպաշտ», եւ Աննա` «աղօթքով ու ծոմապահութեամբ», ինչպէս նաեւ առաջինը` «Ս. Հոգիէն մղուած», ու երկրորդը` «մարգարէուհի», ունին հոգեկանութիւնն ու փորձառութիւնը մեզի թելադրելու, թէ մենք ալ ընդառաջ երթալու ենք Տիրոջ ոչ միայն եկեղեցիին մէջ, այլ նաեւ դիմաւորելու եւ հրաւիրելու ենք Տէրը մեր առօրեայէն ներս:

Երկուքին թելադրանքին մե՛ր հաւատարիմ գործադրումը թէ՛ կը գոյացնէ այն հոգեմտաւոր մթնոլորտը, ուր «ճշմարտութեան Հոգին մեզի հետ կը բնակի` մեր մէջն է» (Յվհ. 14,17), ինչպէս «Ս. Հոգին կը բնակէր Սիմէոնի մէջ» (Ղկ. 2,25), եւ թէ՛ կ՛առթէ մեզի  «նախանձաւորութիւնը հոգեւորներուն» (1 Կոր. 14,12) հանդէպ` նմանելով Աննային, որ «տաճարէն չէր հեռանար, կը ծառայէր Աստուծոյ» ու կը փառաբանէր Տէրը` խօսելով Յիսուսի մասին (Ղկ. 2,37,38):

«Տեառնընդառաջ»-ի ըմբռնումէն` պատգամներով լեցուն եւ խոկումներու առաջնոր՛դող այս տօնին համար քրիստոնեայ ժողովուրդներու քով յառաջացած են տարբեր անուններ, որոնց առումները, սակայն, կը ձուլուին նոյն տէրունական խորհուրդին մէջ:

Օրինակ` հայերուս համար «Տեառնընդառաջ»-ը է «Տօն քառասնօրեայ գալստեան Քրիստոսի ի տաճարն»: Յովսէփ եւ Մարիամ, բծախնդիր կանոնապահները, գործադրեցին օրէնքը, որ կը հրահանգէր. «Ամէն անդրանիկ մանչ զաւակ, որ իր մօր արգանդը կը բանայ, պիտի նուիրուի Տիրոջ» (Ել. 13,2): Նաեւ կ’ըլլար ծննդաբեր մօր «մաքրութիւնը»:

Երանի՜ հայ ազգին, եթէ մեր ծնողներն ըլլային հաւատարիմ օրինապահներ, որոնք աստուածահաճոյ մաքրութեամբ ու նուիրումով դաստիարակէին եւ ամէն կիրակի իրենց զաւակները տանէին «Աստուծոյ տաճարը», ուրկէ տուն դառնային «զարգացած իմաստութեամբ, հասակով ու շնորհքով` Աստուծոյ եւ մարդերուն առջեւ» (Ղկ. 2,52):

Օրինակ` յոյները Ե. դարէն սկսեալ տօնուած «Տեառնընդառաջ»-ը կը խորագրեն «Հանդիպում», քանի Սիմէոն «ծերունի»-ին եւ Յիսուս «մանուկ»-ին, ինչպէս նաեւ Աննա «ութսունչորս տարեկան այրիին» ու Մարիամ «կոյսին» մէջ իրարու կը հանդիպին Հին Ուխտն ու Նոր Ուխտը:

Ինչպիսի՜ պատմական ու սրբազան պահ, որուն դիպումին հեռանկարով` «Ս. Հոգին յայտնած էր Սիմէոնին, թէ պիտի չմեռնէր, մինչեւ չտեսնէր Տիրոջ Օծեալը» (Ղկ. 2,26):

Յիսուսի հետ մեր սերտ հանդիպումը, ամէն տեղ, բայց յատկապէս եկեղեցիին մէջ, եւ ամէն ատեն, բայց մասնաւորապէս` Ս. պատարագին ժամանակ, կը շնորհէ մեզի «սփոփանքը» տխրութեան, «օծումը» տառապանքին, «լոյսը» առօրեային, «փրկութիւնը» յաւերժութեան ու «փառքը» Տիրոջ արքայութեան մէջ:

Օրինակ` «Տեառնընդառաջ»-ը լատիններուն համար «Տիրոջ ընծայումն» է իր սուրբգրային պարունակով ու պատմական ընթացքին մէջ:

Մեր ծնողներուն` Աստուծոյ իրենց զաւակներուն ընծայումէն կը ծագի արշալոյսը «հայոց աշխարհին», ինչպէս ալ Տիրոջ մեր անձերուն նուիրաբերումով մասնակից կը դառնանք մարդկութեան Փրկչին ազատագրական ու հոգեսէր առաքելութեան…

Օրինակ` գերմանացիներուն քով կայ նաեւ այսօր կիսապաշտօնական, բայց միշտ ժողովրդական յորջորջումը «Mariä Lichtmeß»,  «Մարիամի լուսատօն»(ավաճառ), որ կը համապատասխանէ ֆրանսերէն` «Chandeleur» եւ անգլերէն «Candlemas» անուններուն:

Անոնց պատմական ծագումը կու գայ այն իրողութենէն, թէ 1000 թուականէն սկսած է լոյսերու եւ մոմերու օրհնութիւնը, որ կ՛աւարտէր հաւատացեալներու բռնած լուսասփիւռ մոմերու թափօրով: Անկէ ետք օրհնուած-վառուած մոմերը կը տարուէին տուները` զանոնք լուսաւորելու համար Քրիստոսով:

Հոս ալ կը հանդիպինք քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու հասարակաց «հաւատքի ինչք»-ի մը, երբ նկատի կ՛առնենք հայերուս քով առկայ հոգեւոր բարեպաշտական հրահանգներէն հինաւուրց մոմավառութիւնը, մոմօրհնէքն ու անդաստանի հրավառութիւնը:

«Ես եմ Լոյսն աշխարհին» (Յվհ. 8,12) յայտարարած Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող օրհնուած-վառուած մոմը երբ կը տանինք մեր տունը, իր լռասէր բոցով կ՛ուզէ յիշեցնել մեզի մեր Աստուածային Վարդապետին հաւատաւորները հրահրող ծանուցումը. «Դուք էք աշխարհին լոյսը: Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդերու աչքերուն, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր Երկնաւոր Հօր» (Մտթ. 5,14,16):

Մարիամ, մեր շարակնոցէն հռչակեալ «Մայր սուրբ սքանչելի Լուսոյն», թող բոցավառէ մեր սրտերն ու մտքերը` Ս. Ներսէս Շնորհալիին հետ հայցելու համար Յիսուսէն, որով` «կեանքն էր, եւ Կեանքը լոյսն էր մարդերուն» (Յվհ. 1,4).«Լո՜յս, ի Լուսոյ ծագումն` Արեգակն արդար, անճառ Ծնունդ, Հօր Որդի, յառաջ քան զարեւ անուն քո գովեալ ընդ Հօր, ի ծագել լուսոյ առաւօտուս` ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»:

 

Այնճար, 2 փետրուար 2014

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )