Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Կը Միջամտէ Արցախեան Հակամարտութեան
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ուշագրաւ է, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) միաժամանակեայ լսումներ կ՛իրականացնէ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ ներկայացուած երկու հակադիր հայցերով: Արդեօք ասիկա լոկ զուգադիպութի՞ւն է, թէ՞ դատարանին կողմէ փորձ` միջամտելու կնճռոտ հարցի մը, զոր քաղաքական գործիչները չեն յաջողիր լուծելու աւելի քան 25 տարիէ:
Այս շաբաթ ՄԻԵԴ-ը պիտի լսէ «Սարգսեանը` ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործը` քննութեան առնելով Մինաս Սարգսեանի բողոքը ընդդէմ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան, որով ան կը պնդէ, որ բռնի արտաքսուած է Շահումեանի շրջանի Գիւլիստան գիւղի մէջ գտնուող իր տունէն, որ կործանուած էր 1992 թուականի յունիսին ազրպէյճանական բանակին կողմէ: Սարգսեանի գործը առաջին անգամ ՄԻԵԴ-ին ներկայացուած է 11 օգոստոս 2006-ին: Հետաքրքրական է, որ Եւրոպական դատարանը հայկական եւ ազրպէյճանական բողոքներուն վերաբերեալ լսումները իրականացուցած է միեւնոյն օրը. 15 սեպտեմբեր 2010-ի առաւօտեան դատարանը լսած է «Չիրակովն ու միւսները` ընդդէմ Հայաստանի» գործը, իսկ նոյն օրուան երկրորդ կէսին` «Սարգսեանը` ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործը:
14 դեկտեմբեր 2011-ի նախնական որոշումով ՄԻԵԴ-ը Սարգսեանին բողոքը նկատեց մասամբ ընդունելի: Դատարանը մերժեց Ազրպէյճանի վիճարկումը, թէ գործը պէտք է դադրեցնել, քանի որ անոր մէջ ընդգրկուած դէպքերը տեղի ունեցած են մինչեւ Ազրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական համաձայնագիրի վաւերացումը 2002 թուականին: Ցաւօք, խնդրարկու Մինաս Սարգսեանը մահացած է 2009 թուականին, բայց անոր երկու զաւակները կը շարունակեն դատական գործընթացը: ՄԻԵԴ-ը պիտի զբաղի Սարգսեանի գործին քննութեամբ 5 փետրուար 2014-ին:
Երկու շաբաթ առաջ ՄԻԵԴ-ը լսեց «Չիկարովն ու միւսները` ընդդէմ Հայաստանի» հակադիր գործը, որով վեց ազրպէյճանցի քիւրտեր բողոք ներկայացուցած էին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ: Անոնք կը պնդէին, որ կարելիութիւն չեն ունեցած վերադառնալու իրենց տուները եւ սեփականութիւնները, որոնք կը գտնուին Լաչինի շրջանին մէջ, 17 մայիս 1992 թուականէն ի վեր, որովհետեւ ստիպուած եղած են հեռանալու արցախեան պատերազմին պատճառով:
Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական առաջին բողոքը ներկայացուած է ՄԻԵԴ 6 ապրիլ 2005-ին: 4 դեկտեմբեր 2011-ին նախնական որոշումով ՄԻԵԴ-ը համաձայն գտնուեցաւ գործին քննութիւնը կատարելու, նկատել տալով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող բանակցութիւնները չեն արգիլեր Եւրոպական դատարանին` զբաղելու այս վիճելի հարցով: ՄԻԵԴ-ի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 22 յունուար 2014-ին` քննութեան առնելով հետեւեալ հարցերը.
1.- Արդեօք Հայաստանը ունի՞ իսկական հակակշիռ Արցախի տարածքներուն վրայ:
2.- Ազրպէյճանցի վեց քաղաքացիները ունի՞ն բաւարար փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն անոնց ինքնութիւնը եւ սեփականութեան իրաւունքը հայցով ներկայացուած գոյքին նկատմամբ:
3.- Պէ՞տք է արդեօք ազրպէյճանցի հայցուորները սպառէին բոլոր տեղական դատական ատեանները (ՄԻԵԴ-ի պահանջը) հայց ներկայացնելով Արցախի դատարաններ` մինչ ՄԻԵԴ բողոք ներկայացնելը, նկատի ունենալով մանաւանդ այն բարդութիւնը, որ Արցախը չճանաչուած պետութիւն է:
Ահա որոշ մտորումներ ՄԻԵԴ-ի վճռորոշ դերին մասին այս երկու հակասական բնոյթ ունեցող գործերուն մէջ.
1.- Երկու բողոքներն ալ ՄԻԵԴ ներկայացուած են գրեթէ տասը տարի առաջ եւ անոնք կը պարունակեն մարդու իրաւունքներու ենթադրեալ խախտումներ, որոնք տեղի ունեցած են երկու տասնամեակ առաջ: Քանի որ հայ հայցուորը եւ ազրպէյճանցի վեց հայցուորներէն մէկը մահացած են անցեալ տարիներուն, անոնցմէ ոչ մէկը այլեւս կը տեսնէ Եւրոպական դատարանէն ակնկալուող արդարութիւնը: Ինչպէս կ՛ըսէ յայտնի ասացուածքը` «Արդարութեան ուշացումը արդարութեան մերժում է»…
2.- ՄԻԵԴ-ի ակնյայտ փորձը` միաժամանակեայ քայլեր ձեռնարկելու այս երկու առանձին, բայց հակադիր գործերու վերաբերեալ, ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական դատարանը կը փորձէ լուծել ոչ միայն այս երկու բողոքները, այլ նաեւ` հող նախապատրաստել արցախեան հակամարտութեան լուծման համար, առնուազն փախստականներու` իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի մասով:
Նկատի ունենալով ՄԻԵԴ-ի մինչեւ այսօր անաչառ վերաբերմունքը հայկական եւ ազրպէյճանական հայցուորներու նկատմամբ, կարելի է ենթադրել, որ Եւրոպական դատարանը ի վերջոյ վճիռ կը կայացնէ յօգուտ երկու գործերուն, ատով իսկ դուռ բանալով երկու կողմերու փախստականներու հազարաւոր լրացուցիչ բողոքներուն առջեւ, որոնք նոյն բախտին արժանացած են արցախեան պատերազմի ընթացքին: Քանի որ Եւրոպական խորհուրդի անդամ բոլոր պետութիւնները պարտաւոր են կատարելու ՄԻԵԴ-ի որոշումները, Եւրոպական դատարանը կրնայ սահմանել, որ այդ փախստականներուն թոյլատրեն վերադառնալ իրենց հայրենի տուները, այսպիսով մասնակի մարդասիրական լուծում պարտադրելով անզիջում հակամարտութեան, որ երկու երկիրներու ղեկավարներն ու միջազգային միջնորդները ի զօրու չեն լուծելու աւելի քան 25 տարիէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

