Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահին Տուած Մամլոյ Ասուլիսը

PROFOTO

PROFOTO

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար ներկայացուց նոր տարեշրջանին ֆետերասիոնին իրագործելիք ծրագիրները:

Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի սեփականատէր Փիեռ Տահեր, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները, «Նիւ Լուք Փրոտաքշըն» ընկերութեան սեփականատէր Պուտի Մաալուլի, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մեծ թիւով մարզական լրագրողներ:

Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ղասսան Ֆարես ողջունելէ ետք բոլորը շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ ֆետերասիոնին նոր նախագահը` Ուալիտ Նասսար, բոլորէն կը կենայ նոյն հեռաւորութեան վրայ եւ կ՛աշխատի ի շահ լիբանանեան պասքեթպոլին:

Ապա խօսք առնելով Նասսար շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց նախ եւ առաջ մարզական լրագրողներուն, որոնք ֆետերասիոնին ձայնը լսելի կը դարձնեն բոլորին եւ հանրութեան կը տեղեկացնեն այս մարզին վերաբերող լուրերը:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Լիբանանի չորս ազգային խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս տարի տեղի ունենալիք բարեկամական եւ պաշտօնական մրցաշարքերու:

Իր խօսքը եզրափակելով` Նասսար ըսաւ, որ «երբ այս նոր ֆետերասիոնը ստանձնեցինք, անիկա ունէր 700 հազար ամերիկեան տոլարի պարտք մը: Մեր ամէն կարելին պիտի ընենք այդ պարտքը զերոյի իջեցնելու»:

Խօսք առին նաեւ Տահեր եւ Մաալուլի, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին նոր ֆետերասիոնին:

Աւարտին բոլոր ներկաները ընթրիքի հիւրը եղան ֆետերասիոնին:

Share this Article
CATEGORIES