ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ . ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ` ԼԵՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ, 25 փետրուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երեկոյ մը` մասնակցութեամբ երկրորդական տարբեր վարժարաններէ աւելի քան 300 աշակերտներու:

Յայտագիրը սկսաւ ԼԵՄ-ի խօսքով, զոր փոխանցեց Յարութ Պոյաճեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին ու շեշտեց, որ ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն ի վեր անոր նպատակը եղած է իր շուրջ համախմբել ու կազմակերպել առողջ ու գիտակից սերունդ մը, որ պիտի ըլլայ գաղութային կեանքին շարունակութիւնը երաշխաւորողը: Ուստի, դիտել տուաւ ան, այս ձեռնարկով լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը համախմբուի մէկ սրահի մէջ, հայկական մթնոլորտի մէջ, ուր ամէն բան հայկական է` մշակութային ծրագիր, ճաշեր եւ այլն: Յ. Պոյաճեան աւելցուց, որ ԼԵՄ-ի համար հայութիւնը, անոր շահերն ու հայապահպանման աշխատանքը ամէն բանէ աւելի վեր ու բարձր են:

Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց կառչած մնալու ամէն ինչի, որ հայկական է, շեշտելով, որ ԼԵՄ-ը թիկունքն է ու կը մնայ հայ աշակերտին ու ժողովուրդին: «Միացէ՛ք ԼԵՄ-ին եւ միասնական ուժով ու բռունցքով շարունակենք Հայ դատի երկարաշունչ պայքարը` աւելի մեծ յաղթանակներու կերտման տեսլականով», եզրափակեց Յ. Պոյաճեան:

Ապա տեղի ունեցաւ տեսաերիզի ու սահիկներու ցուցադրութիւն. ներկայացուեցաւ ԼԵՄ-ը իր ընկերային ու դաստիարակչական կեանքով` սկսելով ընկերային խրախճանքներէն մինչեւ բողոքի հաւաքներ, հայապահպանման աշխատանք եւ «Անուշ հայրենիք» ծրագիր, որ նախորդ տարի իրականացաւ Հայաստանի մէջ:

Քաջ գիտնալով, թէ ամէն բան, որ հայկական է, պատուական է, ԼԵՄ-ի կազմակերպած երեկոն հայկական էր, զուտ հայկական: Սեղանները լի էին հայկական աւանդական ճաշատեսակներով, սրահը զարդարուած էր հայկական մշակութային գործերով, մթնոլորտը իսկապէս հայկական էր, իսկ հնչած երգերն ու թնդացող պարերը հայկականէն բացի ոչ մէկ բանի տեղ տուին:

Աշակերտութեան մօտ ուրախութիւնն ու հրճուանքը շատ յստակ էր ու շօշափելի, մինչեւ առաւօտեան ժամերը տեւող շուրջպարերը չդադրեցան ու լիբանանահայ աշակերտներուն դէմքերէն ժպիտը չանհետացաւ:

ԼԵՄ-ի կազմակերպած այս հայկական երեկոն անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ ԼԵՄ-ը ճիգ պիտի չխնայէ այս գաղութի ամրապնդման ու հայկական սերունդներու պատրաստութեան ի խնդիր իր կարելին ընելու:

 ՀՅԴ ԼԵՄ

Share this Article
CATEGORIES