ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ Փ. ԵՒ Է. ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 17 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին  ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  Թորոսեան վարժարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Այս հանդիսութիւնը ունէր յատուկ բնոյթ, որովհետեւ անոր ընթացքին պիտի աւարտէր վարժարանիս 60-րդ հունձքը:

Թորոսեան վարժարանը այս տարի կ՛ոգեկոչէ իր  հիմնադրութեան 60-ամեակը. ան 60 երկար տարիներ դաստիարակած է տարբեր սերունդներ` անոնց  մէջ սերմանելով  հայեցի եւ քրիստոնավայել դաստիարակութիւն: Հանդիսութիւնը, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, տեղի ունեցաւ միացեալ: Բեմ բարձրացան վարժարանիս մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի շրջանաւարտները:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչելէն ետք Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան ըրաւ Աստուածաշունչի ընթերցումն ու աղօթքը: Ապա բեմ հրաւիրեց  օրուան բանախօսը` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետ. եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, թէ ձեր ծնողներն ու ուսուցիչները երբեք  ճիգ  չեն խնայած, որպէսզի դուք հասնիք եւ արժանի ըլլաք այս վկայականին: Վկայականը ցոյց կու տայ, որ դուք յաջողութեամբ աւարտած էք նախորդ տարիներու աշխատանքը, սակայն անոր իսկական իմաստը կը կայանայ այն երեւոյթին մէջ, որ այս վկայականով զինուած  նորանոր գիտելիքներ ընկալէք: Թորոսեան վարժարանը միշտ ձգտած է ուսուցանել ձեզի եւ բոլոր սերունդներուն, որ իրենք սորվողներ ըլլան: Կարողութիւնը ունիք, կը մնայ կամքը եւ պատրաստակամութիւնը: Ինչպէս նաեւ վարժարանս փորձած է ձեզի տալ նոր սկիզբը կարողութիւններու, սկիզբը մարմնաւոր, մտաւոր եւ հոգեւոր, որպէսզի սորվիք ըլլալ հաւասարակշռուած անձինք, եզրափակեց վեր. Գարակէօզեան:

Մանկապարտէզի աւարտական ծաղիկ դասարանը արտասանութիւններու եւ երգերու գեղեցիկ փունջով մը օրհնեց եւ փառաբանեց Աստուած: Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում` ձեռամբ վարժարանիս տնօրէնուհի Սեդա Գարակէօզեանի եւ հովիւ վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեանի: «Հրաժեշտի երգ»ի ներկայացումէն ետք ցտեսութիւն մաղթեցին մեր փոքրիկ շրջանաւարտները:

Վեցերորդ կարգի շրջանաւարտները ներկայացուցին երկու խմբերգներ` «Փառաբանութեամբ երգեցէք» եւ «Երազանք»: Իսկ աւարտական կարգէն Եղիա Աւետիքեան եւ Մորենա Խաչօ իրենց հայերէն եւ արաբերէն լեզուով արտասանած ուղերձներու ընդմէջէն երախտագիտութիւնը  յայտնեցին Թորոսեան վարժարանին, անոր տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին, որոնք ջանք չխնայեցին, որ այսօր իրենք գիտութեամբ զինուած թռչին աւելի վեր, նուաճելու աւելի բարձր վկայականներ: Ապա  հայկական գեղեցիկ պարով հանդէս եկաւ վարժարանիս պարախումբը, որուն անդամները իրենց հեզաճկուն շարժումներով գրաւեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը եւ  խանդավառեցին մթնոլորտը: Իսկ աւարտական կարգի աշակերտները ասմունքեցին «Դպրոցի ճամբան»:

Ապա տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան փոխանցեց իր խօսքը` շեշտելով, որ անցեալը կարելի չէ փոխել, իսկ ապագային համար կրնանք յուսալ, սակայն ներկան մեզի տրուած իբրեւ մեծ նուէրն է, որ ինքն ալ իր կարգին կ՛անցնի, սակայն  կը դրոշմուի մեր էութեան մէջ: Ան կոչ ուղղեց ներկային մէջ տարուած ամէն աշխատանք կատարել նուիրումով: Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ վկայականաց բաշխում` ձեռամբ վարժարանիս տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանի եւ հովիւ վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեանի:

Տնօրէնութեան խօսքով ու վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի առաքելական օրհնութեամբ փակուեցաւ հանդէսը:

Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները բոլոր  շրջանաւարտներուն ու անոնց ծնողաց անխտիր` ցանկալով բոլորին աւելի բարձր վկայականներ: Մեր սիրելի Թորոսեան վարժարանին կը մաղթենք նորանոր ամեակներ` շարունակելու համար իրեն վստահուած վսեմ առաքելութիւնը, որ է դաստիարակել նորանոր սերունդներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES