ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱՓԹԻԹ ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

Շաբաթ, 18 յունիս 2011-ին` երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականներու բաշխումը:

Շրջանաւարտներու մուտքով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնը, որուն առաջին բաժինով մանկապարտէզի աշակերտները բարի գալուստի խօսքերով եւ երգերով սկսան գեղարուեստական յայտագիրը:

Ապա խօսք առաւ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան: Ուսուցիչներուն գործունէութիւնը գնահատելէ ետք, ան շեշտեց, որ աշակերտներուն յաջողութիւնները միայն վարժարանի անձնակազմին տարած աշխատանքին արդիւնքը չէ, այլ գործակցութեան` ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք եռեակին, որ կը կազմէ մէկ ամբողջութիւն:

Պոյաճեան ծնողներուն ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ անտեսեցիք օտար վարժարաններու բոլոր հրապուրիչ երեւոյթները եւ ձեր զաւակը առաջնորդեցիք հայկական օճախ մը: Վստահ եղէք, որ վաղն ալ յուսախաբ պիտի չմնաք»: Ռիթա Պոյաճեան աւելցուց, որ այս շրջանաւարտները ապագային պիտի ըլլան մեր հայ դաստիարակները, արուեստագէտները, վարժարաններու տնօրէնները, բժիշկները, փաստաբանները եւ եպիսկոպոսներն ու կաթողիկոսները:

Իր կարգին, երաժիշտ Կի Մանուկեան, իբրեւ հանդիսութեան հովանաւոր, նշեց, թէ ինք հպարտ է, որ յաճախած է հայկական դպրոց, որովհետեւ հայկական դպրոցները հայկական ընկերութեան հիմքը կը կազմեն:

Մանուկեան ըսաւ, որ նիւթական կարողութիւն ունեցողները պէտք է օգտակար դառնան հայկական դպրոցներուն, որպէսզի արձանագրուին յաւելեալ զարգացումներ: Այս առիթով, Կի Մանուկեան յայտնեց, որ ինք եւ իր եղբայրները յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի նորոգեն վարժարանի պասքեթպոլի դաշտը, ինչպէս նաեւ տարեկան դրութեամբ նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրեն կարիքաւոր սաներուն:

Վկայականներու բաշխման արարողութենէն ետք,  Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան յայտնեց, թէ 18 շրջանաւարտներու ծնողներուն աշխատանքը գնահատելի է, որովհետեւ անոնք մեծ զոհողութիւններ կը կատարեն: Եպս. Թէյրուզեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները ապագային պատիւ բերեն հայութեան եւ եկեղեցւոյ:

Երեք խօսքերուն յաջորդեց մանկապարտէզի առօրեան նկարագրող տեսաերիզի ցուցադրութիւն: Գեղարուեստական յայտագիրի Բ. մասով մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ եւ հաճելի գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն նիւթն էր փոքրիկներուն իրաւունքները: Աշակերտները երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով արտայայտեցին իրենց կարծիքները եւ ներկայացուցին իրենց կարողութիւններն ու գիտելիքները:

Օտար երգերուն եւ պարերուն կողքին հնչեղ էր հայկական շունչով եւ մթնոլորտով հանդէսին աւարտը, երբ ներկաներուն բաժնուած եռագոյն դրօշներու ծածանումով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն՝  հաստատելով, որ պիտի շարունակուի նախորդ սերունդներու սկսած ուղին եւ պահպանուի հայութեան պատմութիւնն ու դարաւոր ժառանգութիւնը:

2010-2011 տարեշրջանի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի շրջանաւարտներն են` Յարութ Արզումանեան, Գէորգ Բորբոսեան, Սելին Գոգեան, Սերժ Թասլաքեան, Ճէսի Թիւթիւնճեան, Լեւոն Մարաշլեան, Յակոբ Ուրֆալեան, Միսաք Պաղտասարեան, Ռալֆ Պասթրմաճեան, Ներսէս Պետրոսեան, Արեւ-Մարիա Պոյաճեան, Գէորգ Պոյաճեան, Լիանա Սիմոնեան, Մարինէ Փամպուքեան, Սարին Քիւրքճեան, Սէրլա Օհաննէսեան եւ Թամի Ֆրէնկիչեան:

 

Share this Article
CATEGORIES