ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ

Երէկ` կիրակի, 26 յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ` կատարողութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Նարեկացի» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քարոլին Գազեզեանի, նուիրուած Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի աբեղայական ձեռնադրութեան 30-ամեակին:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան: Ան նկատել տուաւ, որ 21 յունիս 1981-ին առաջնորդ սրբազան հայրը աբեղայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի` աւելցնելով, որ սրբազանը զանազան պարտականութիւններ ստանձնած է դպրեվանքի, կաթողիկոսարանի, Թեսաղոնիկէի, ապա Լիբանանի մէջ, ուր 16 տարիէ ի վեր կը վարէ առաջնորդի պաշտօն: Տէր հայրը հաստատեց, որ սրբազանին մնայուն նպատակը եղած է հոգեւոր ծառայութիւնը:

Այնուհետեւ «Նարեկացի» երգչախումբը մեկնաբանեց հոգեւոր երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Ուրախ լեր», «Սուրբ սուրբ», «Գովեա Երուսաղէմ», «Տէր կեցո դու զհայս», «Որք զարդարեցին», «Տօնեմք», «Քրիստոս պատարագեալ», «Գոհանամք», «Ամէն-Հայր սուրբ»:

Յայտագիրին նուագով իրենց մասնակցութիւնը բերին Կարօ Սվաքճեան` սրինգ, Նարեկ Հեքիմեան` սրինգ, փոքրիկն Մերի Վարդանեան` ջութակ, իսկ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան արտասանեց այս առիթով բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Շահանդուխտի գրած բանաստեղծութիւնը:

Աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ տարեդարձները առիթներ են անդրադառնալու, կանգ առնելու եւ մտածելու: «Աբեղայական կոչումը կուսակրօն կոչում է», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ աբեղան ամբողջովին կը նուիրուի իր կեանքի կոչումին եւ կրնայ բարձրաստիճան պաշտօններ ստանձնել: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ բացատրեց, որ հայ եկեղեցին միայն հոգեւոր տուն չէ, այլեւ` հայ ժողովուրդի հայկականութիւնը պահող եւ հայկականութեան համար աշխատող հայկական հաստատութիւն մըն է: «Հայ եկեղեցին հայկական ապահով միջավայրն է եւ այն տեղն է, ուր հայ երիտասարդը կը դաստիարակուի պահելով իր ինքնութիւնը», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր հոգեւոր ծառայութեան ընդմէջէն մեծագոյն եւ առաջին ծառան է: Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գրող Շահանդուխտին, որ այս առիթով ձօնած է իր բանաստեղծութիւնը: Ան նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երգչախումբի անդամներուն եւ ղեկավարին` սոյն համերգին համար, ինչպէս նաեւ փոքրիկն Մերի Վարդանեանին, որուն յանձնեց յուշանուէր մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով:

Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES