Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերու Յիշատակի Հաւաքին Շահան Գանտահարեանի Արտասանած Խօսքը

Shahan-Kandaharian_SumgayitՍումկայիթեան եղեռնագործութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ ներառելը քաղաքական որոշ տրամաբանութիւն ունի անշուշտ:

Պատմականօրէն իրարմէ բաւական հեռու թուականներ են այն, ինչ որ պատահեցաւ շուրջ դար մը առաջ, եւ այն, ինչ որ իբրեւ մանրապատկեր կրկնուեցաւ շուրջ քսան տարի առաջ միայն: Ժամանակները տարբեր են, միջավայրերը տարբեր են, գործադրողները տարբեր են, տարողութիւնները` նոյնպէս: Միեւնոյնն է սակայն մղումը, սպաննելու փաստը, ցեղի տեսակ մը բնաջնջելու ո՛չ միայն բնազդային մղումը, այլ նաեւ այդ մղումին ետին կանգնած պետական ամբողջ քաղաքականութիւն մը:

Եւ խորքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնալու, միջազգային դատապարտումի արժանացած չըլլալու իրականութիւնն է, որ մինչեւ այսօր կը քաջալերէ պետութիւնները` նոյն մղումներով կազմակերպելու ջարդեր, սպանդներ, ցեղային մաքրազտումներ:

Սումկայիթ քաղաքին մէջ ապրող հայ ազգաբնակչութեան հետքը չձգելու որոշումով միայն կը բացատրուի, եւ ազրպէյճանական իրաւապահ մարմիններու թոյլտուութեամբ եւ մասնակցութեամբ նոյնիսկ համոզիչ կը դառնայ, որ Սումկայիթեան եղեռնագործութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Պաքուի համապատասխան ծառայութիւններու ծրագրած ցեղային մաքրազտման հակամարդկային ոճիրը:

Միջազգային օրէնքը պատերազմական ոճիր կամ մարդկութեան դէմ  ոճիր կը նկատէ Սումկայիթի նման կանխամտածուած, պետական մակարդակի վրայ ծրագրաւորուած եւ տեսքով խուլիկանական, բայց խորքին մէջ պետական մակարդակի վրայ գործադրուած սպանդը:

Երբ սպաննելու շարժառիթը ազգային պատկանելիութիւնն է, երբ ատելութիւնը հիմնուած է զուտ ցեղային ինքնութեան իրականութեան վրայ, երբ թիրախը պիտակաւորուած է սոսկ հայկական անուն ունենալու փաստով, արդէն իսկ կ՛ամբողջանան այն բոլոր նախադրեալները, որոնք կը փաստեն, թէ քաղաքի մը  իշխանութիւնները ցեղային հիմունքի վրայ մարդկութեան դէմ ոճիր կը գործեն: Սումկայիթը, ցեղային մաքրազտումի սահմանած կարգը լրիւ կ՛ամբողջացնէ նաեւ պատերազմական ոճիր  միջազգային հասկացողութեան  առումով, միայն այն պատճառով, որ Ղարաբաղեան բախումնային իրավիճակի սկզբնաւորութեան իսկ եւ օգտուելով անկէ Պաքուն կ՛որոշէր շատ արագ անցնիլ անզէն բնակչութեան կոտորածներուն:

Սումկայիթը բաւարար էր, որ հայկական կողմը գիտակցէր, որ եթէ չկազմակերպուէր Արցախեան ինքնապաշտպանութիւնը, եթէ չազատագրուէր Արցախը, հայ ժողովուրդին կը սպառնար երկրորդ ցեղասպանութիւն մը: Եւ ինչպէս որ Սարդարապատը  Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք դէմ դրաւ հայ ժողովուրդի արեւմտահայ հատուածը բնաջնջելէ ետք արեւելահայ հատուածի գոյութեան սպառնացող թրքական բանակներուն, այնպէս ալ Արցախեան ազատամարտը փրկեց արցախահայութիւնը` Սումկայիթի հայութեան ճակատագիրին ենթարկուելէ:

Պատմական եւ ժամանակակից փաստերը կը վկայեն, որ Պաքուն չէ հրաժարած հայասպանութեան իր ծրագիրէն: Տասը տարի առաջ Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի միացեալ զօրավարժութիւններուն ընթացքին քնացած պահուն անասնաբար կը կացինահարուէր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը` ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ: Հունգարական դատական իշխանութիւնները ցկեանս բանտարկութեան վճիռ կ՛արձակէին մարդասպանին դէմ: Երկու տարի առաջ, ցկեանս բանտարկուած մարդասպանը կը վերածուէր ազգային հերոսի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ կ՛արժանանար հերոսի կոչման համապատասխան վերաբերումին, երբ ազրպէյճանական-հունգարական գործարքներու եւ համաձայնութիւններու իբրեւ հետեւանք Սաֆարովը կը յայտնուէր ազատութեան մէջ: Արտայանձնումի օրէնքը ոտնակոխուած էր: Այստեղ եւս միջազգային յարաբերութիւններով սահմանուած կարգը հիմնովին կը խախտուէր Պաքուի կողմէ: Արտայանձնումը եթէ արտօնուած է միջպետական համաձայնութիւններու շրջանակներուն մէջ, ապա բանտարկութիւնը իբրեւ վճիռի գործադրութիւն պիտի շարունակուէր Ազրպէյճանի մէջ: Պաքուն ո՛չ միայն միջագզային համաձայնութիւնը կը խախտէր, այլ կը բեկանէր նաեւ Պուտափեշտի վճիռը:

Այս բոլորով հանդերձ, ո՛չ Սաֆարովի գործողութիւնը, ո՛չ հայ զինուորներուն դէմ արձակազէններու կրակոցները, ո՛չ խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ բացուող կրակահերթերը, ո՛չ ալ գիշերը թաքուն կազմակերպուած հետախուզական յարձակումը եւ փախուստները կրցած են խնդրոյ առարկայ դարձնել Արցախի եւ ընդհանրապէս ազատագրուած  տարածքներու սահմաններուն վրայէն հայկական ուժերուն հսկողութիւնը:

Ազրպէյճան կը շարունակէ հակադրուիլ միջազգային համաձայնութիւններու, կը շարունակէ ուռճացնել իր ռազմական պիւտճէն, թափ կու տայ իր ռազմատենչ հռետորաբանութեան,  քնացած պահուն կրնայ նենգաբար սպաննել հայ սպան կամ ներքին սպառումի համար յարձակիլ հայկական դիրքերու վրայ եւ համարժէք պատասխան ստանալէ ետք փախուստ տալ:

Որեւէ արդիւնք չկայ ազրպէյճանական այս մոլուցքին մէջ: Հետեւցնելիք կայ անշուշտ. այն, որ հայկական կողմը պիտի շարունակէ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ պահել  իր սահմանները, միշտ զգօն մնալ հակառակորդին կողմէ կազմակերպուելիք ոտնձգութիւններուն դիմաց եւ շարունակել միջազգային որոշումներու հիման վրայ ընթացող գործընթացներուն բերել կառուցողական մասնակցութիւն, միաժամանակ նոյն այդ կառոյցներէն պահանջելով համաձայնութիւնները խախտող կողմին, պատերազմական ոճիր գործածին եւ ցեղային մաքրազտման աքթ կատարածին, կացինահարողին եւ անմեղ բնակչութեան ուղղութեամբ կրակողներու նկատմամբ դատապարտում եւ համապատասխան վերաբերում:

Սումկայիթները չեն կրկնուիր: Հայոց սահմանները կը մնան ամուր: Պաքուն հաշուի կը նստի արցախահայութեան կամքին եւ Արցախի անդառնալիօրէն հայապատկանութեան փաստին հետ:

Յարգա՜նք Սումկայիթի զոհերու յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )