ԼԻՊԻԱԿԱՆ ԴԺՈԽՔ. ՎԵՑ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ԹԷ` ԻՆՉՈ՛Ւ ԱՅԴՔԱՆ ԴԺՈՒԱՐ Է ՔԱԶԶԱՖԻԻՆ ՀՐԱԺԱՐԻԼ ՏԱԼԸ

Մինչ Լիպիոյ պատերազմը կը շարունակուի, Միացեալ Նահանգները կը դիմագրաւեն ծանօթ կացութիւն մը. հակառակ ոեւէ թշնամիի դէմ զինուորական հսկայական գերիշխանութիւն ունենալնուն, ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ դժուարութիւն կ՛ունենան ուժ բանեցնելու սպառնալիքը օգտագործելով իրենց կամքը պարտադրելու աւելի տկար բռնատէրերու վրայ:

Ասիկա նոր հարց մը չէ: 1990-ականներուն Միացեալ Նահանգները եւ անոնց դաշնակիցները իրենց ակնկալածէն շատ աւելի դժուարութիւն ունեցան Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնը համոզելու որ կասեցնէ ընդդիմադիր խումբերուն դէմ իր ճնշումները. անոնք դժուարութիւն գտան  ինչպէս նաեւ քննիչներու դիմաց բանալ կասկածելի զէնքերու գործարանները. անոնք դժուարութիւն գտան Պոսնիոյ քաղաքայինները պաշտպանելը, սոմալցի պատերազմի իշխանները համոզելու, որ չկողոպտեն մարդասիրական օժանդակութիւնները եւ Սերպիոյ նախագահ Սլոպոտան Միլոշեւիչին պարտադրելու, որ դադրեցնէ Քոսովոյի վայրագ ցեղային մաքրագործումը:

Մէկ տասնամեակ առաջ մենք ստորագրեցինք գիրք մը, որուն մէջ դարձեալ կ՛արծարծէինք այդ նոյն հանելուկը: Կարճ պատասխանը այն է, որ քաղաքական կաշկանդումները յաճախ շատ աւելի ամրօրէն կը կապեն Միացեալ Նահանգները եւ անոնց համադաշնակցային գործակիցները, քան իրենց թշնամիները այնպիսի ձեւերով, որոնք կը չէզոքացնեն զինուորական շահերուն օգուտը: Այդ ցաւով ընկալուած դասերը այսօր ամէնէն աւելի կը կիրարկուին Լիպիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ կ՛օգնեն բացատրելու, թէ` ինչո՛ւ Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազզաֆին տեղի չի տար աշխարհի ամէնէն արդիական ուժին դիմաց, հակառակ իր գրեթէ ամբողջական միջազգային մեկուսացումին:

ՕԹԱՆ-ի ուժերը եւ իրենց լիպիացի ըմբոստ դաշնակիցները նկատառելի յաջողութիւն ձեռք ձգած են Քազզաֆիի դէմ: Ութ բարձրաստիճան լիպիացի պաշտօնատարներ, ներառեալ հինգ զօրավարներ, յունիսի սկիզբը խոյս տուին դէպի Իտալիա: Ըմբոստ ուժերը նախորդ ամիս Միսրաթայէն ետ մղեցին Քազզաֆիի զօրքերը` վերջ դնելով այդ ռազմավարական քաղաքի խեղդող պաշարման: Բայց այդ յառաջխաղացքներով հանդերձ, կողմերէն ոչ մէկը կը թուի դուրս գալ արեւմտեան Լիպիոյ մէջ ամիսներէ ի վեր տիրող անել կացութենէն:

ՕԹԱՆ չի փորձեր զինուորական ամբողջական պարտութեան մատնել Քազզաֆին, ինչ որ պիտի կարօտի շատ աւելի մեծ բանակային ուժի, այլ` փոխարէնը կը փորձէ զայն դնել բաւարար ծախսի տակ, որպէսզի անոր վարչակարգը կա՛մ յանձնուի, կա՛մ ալ փլի: Օդային յարձակումները` թիրախ ունենալով Թրիփոլիի ղեկավարութեան կառոյցը, մինչ յայտնապէս ծրագրուած ըլլալով նուաստացնել հրաման արձակելու եւ հակակշռելու լիպիական կարողականութիւնը, նաեւ հաւանաբար կը նպատակադրեն հարուածել Քազզաֆին եւ վարչակարգի բանալի դէմքերը: Միեւնոյն ատեն խուժան ըմբոստ ուժերուն տրամադրուող միջազգային ֆինանսական եւ զինուորական օժանդակութիւնը կը նպատակադրէ զարկ տալ վարչակարգին դէմ ներքին յեղաշրջումին: Բայց խուսափողական (կամ երբեմն պարզապէս լաւապէս պահուըտած) վարչակարգի ղեկավարներ օդէն իբրեւ թիրախ նշանակելը դժուար է, եւ ցարդ Քազզաֆի ցուցաբերած է շատ աւելի,  դիմացկունութիւն եւ վճռակամութիւն. քան ինչ որ կ՛ակնկալէին Լիպիոյ մէջ միջամտութեան ջատագովները:

Վերջին տասնամեակներու փորձառութիւններէն քաղուած վեց գործօններ կը բացատրեն ՕԹԱՆ-ի դժուարութիւնները, եւ թէ ինչո՛ւ Լիպիոյ պատերազմը կրնայ շատ աւելի երկար տեւել:

1. Ոչ-հաւասարաչափ վտանգներ– Հարկադրիչ դիւանագիտութեան մասին իրենց դասական հատորին մէջ միջազգային յարաբերութիւններ ուսումնասիրողներ Ալեքսանտր Ճորճ եւ Ուիլիամ Սիմընզ կ՛եզրակացնեն, թէ զինուորական սպառնալիքներու ռազմավարութիւն մը աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի յաջողութեան եթէ «զայն կիրարկող կողմը աւելի բարձր մղում ունի, քան իր հակառակորդը ինչ կը վերաբերի տագնապին համար վճարուելիք գինին»: Միացեալ նահանգներուն եւ ՕԹԱՆ-ի պարագային, ասիկա մարդասիրական առաքելութիւն մըն է, մինչ Քազզաֆիի եւ անոր հետեւորդներուն համար անիկա կեանքի եւ մահուան հարց է: Ո՞ր կողմը աւելի բարձր մղում ունի:

Այնքան ատեն որ ՕԹԱՆ-ի նպատակը վարչակարգի փոփոխութիւն է, ինչպէս կը թուի, Քազզաֆիի վարչակարգին հետ որեւէ սակարկութիւն ամբողջութեամբ անընդունելի է: Առաւել, Միջազգային ոճրադատ ատեանի դատախազին կողմէ Քազզաֆիի ձերբակալման արտօնագիրի պահանջը զայն աւելի կը տանի  դէպի այն անկիւնը, ուրկէ ան պատերազմելով դուրս ելլելէ բացի որեւէ լաւ այլընտրանքներ չի տեսներ: Այդ բոլորը կը նշանակեն, թէ Քազզաֆի իր ամբողջ ունեցածը կը դնէ այդ պայքարին մէջ, մինչ Միացեալ Նահանգները եւ իրենց դաշնակիցները` ոչ, եւ Քազզաֆին գիտէ ատիկա:

2. Յեղաշրջման դէմ նախազգուշութիւն – Ի տես այն կործանման, զոր ՕԹԱՆ կը պատճառէ Լիպիոյ զինեալ ուժերուն, ինչպէս նաեւ Քազզաֆիի վարչակարգի բարձրագոյն անդամներու փախուստները, եւրոպացիներն ու ամերիկացիները կրնայ ըլլալ կը յուսան, որ Լիպիոյ ղեկավարին ներքին շրջանակի անդամները կը տապալեն զինք իր իշխանութենէն: Մի՛ աճապարէք..

Մէկ բան, որ բռնատէրեր լաւապէս կ՛ընեն (կամ այլապէս բռնատէր չեն մնար երկար ատեն), իրենք զիրենք ներքին սպառնալիքներէ պաշտպանելն է: Չորս տասնամեակներ շարունակ Քազզաֆի կաշառեց ցեղային եւ բանակային ղեկավարներ, իր ազգականները դրաւ ղեկավարի դիրքերու վրայ, մրցակցող խումբեր իրարու դէմ լարեց եւ հաստատեց զիրար ամբողջացնող բանակային մասնիկներ` վստահ ըլլալու համար, որ որեւէ բաժանմունք կարողութիւն չունենայ առանձինն յեղաշրջում մը կազմակերպել: Լրտեսներ թափանձեցին ամէն բանակային բաժանմունքի եւ վերնախաւին պատկանող կառավարական շրջանակներուն մէջ` տեղեկացնելով անհամախոհութեան որեւէ տարաձայնութեան մասին: Ամենակարեւորը, Քազզաֆի սպաննեց, չարչարանքի ենթարկեց եւ բանտարկեց. հաւատարմութիւնը ունէր իր վարձատրութիւնը,  մինչ անհամախոհութիւնը վայրագօրէն կը պատժուէր:

Հեգնական է այն, որ քաղաքացիական պատերազմը ամէնէն անհաւատարիմ (կամ պատեհապաշտ) ղեկավարներուն կու տայ ելքի միջոց մը, որ նման է յեղաշրջումի. անոնք կրնան միանալ ըմբոստներուն: Ատիկա կը բազմացնէ ընդդիմութեան շարքերը, բայց չ՛ըլլար այն որոշիչ ապտակը, որուն հետամուտ է Ուաշինկթըն: Յանձնուող վարչակարգի հաւատարիմ ուժերուն ներում շնորհելու ըմբոստներուն խոստումը լաւ քայլ մըն է նուազեցնելու Քազզաֆիին հաւատարիմ մնալու անոնց մղումը, բայց յաւելեալ փախուստներ ապահովելու մեծագոյն բանալին զինուորական յաղթանակներն են, որոնք ցարդ շատ մեծաթիւ չեն:

3. Համադաշնակցութեան ղեկավարումը – Համադաշնակցութիւն մը կառուցելը եւ պահելը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ Արաբական լիկային պէս այլ միջազգային խումբերու նեցուկը շահելուն կողքին, դիւանագիտական դժուար գործ մըն է, եւ անիկա ընդհանրապէս կը սահմանափակէ քանակը այն ուժերուն, զորս համադաշնակցութիւնը կրնայ գործածել: Իբրեւ համադաշնակցութեան մաս կազմելու գին, համադաշնակցութեան անդամները կը ստանան որոշում կայացնելու մէջ ձայնի իրաւունք` գործողութիւններուն կիրարկումին, հարուածելի թիրախներուն եւ իրենց ուժերուն գործածութեան ձեւին շուրջ:

Լիպիոյ առաքելութեան մասնակցող ՕԹԱՆ-ի երկիրները բացառութիւն չեն: Բոլորն ալ քարտէսին շուրջն են եւ կ՛որոշեն ի՛նչպէս վարուիլ Քազզաֆիի հետ: Ֆրանսա եւ Բրիտանիա կ՛ուզեն ընդարձակել միջազգային միջամտութիւնը, մինչ Նորվեկիա կ՛ուզէ գտնել քաղաքական լուծում մը: Ուրիշ երկիրներ, ինչպէս Չինաստանը, պարզապէս կոչ կ՛ուղղեն քաղաքայիններուն պաշտպանութեան, առանց վարչակարգի փոփոխութիւնը քաջալերելու:

Քազզաֆի փորձած է բաժնել ՕԹԱՆը կամ յառաջացնել դիւանագիտական շարժում մը` աւելի խիստ միջոցները ետ մղելու համար: Լիպիոյ ղեկավարը, օրինակի համար, յայտարարեց, թէ «խաղաղութեան դարպասը բաց է» եւ ողջունեց Հարաւային ափրիկէի նախագահ Ճէյքըպ Զումայի նման միջնորդները. անոնք անիմաստ հռետորութիւն եւ շարժումներ են անշուշտ, բայց կրնան բաժանում պատճառել համադաշնակցութեան մէջ կամ կապել ՕԹԱՆ-ը ներքին մտորումներու մէջ:

4. Վնասներու հանդէպ զգայնութիւն – Ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները, յատկապէս անուանականօրէն մարդասիրական պարունակի մէջ, կը վարուին այնպիսի ձեւով մը, որ առաւելագոյնս կը նուազեցնէ  ամերիկեան վնասները: 1993-ին Սոմալիոյ մարդասիրական առաքելութեան ընթացքին տասնութ ամերիկացի զինուորներ մահացան տխրահռչակ «Պլաք հոք տաուն» դէպքին ընթացքին: Հակառակ անոր որ հարիւրաւոր եւ նոյնիսկ հազարաւոր սոմալցիներ եւս սպաննուեցան նոյն բախումներու ընթացքին, անիկա գրեթէ բոլորին կողմէ համարուեցաւ ջախջախիչ պարտութիւն մը եւ արագացուց Միացեալ Նահանգներու քաշուիլը:

Ամերիկեան հանրային կարծիքը ամբողջութեամբ չի կանգնիր Լիպիոյ գործողութեան ետին: Վերջերս կատարուած վիճակագրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ ամերիկացիներուն յիսունչորս առ հարիւր տոկոսը նեցուկ կը կանգնի միջամտութեան եւ քառասուներեք առ հարիւր  տոկոսը դէմ է անոր: Գործողութիւններուն շարունակման հետ նեցուկի հաւանական նահանջով, նոյնիսկ քանի մը զոհը կրնայ ռիսքի տակ դնել հանրային եւ քոնկրէսական նեցուկը: Ուստի վարչամեքենան պատրաստ չէ իր զօրքերը տեղաբաշխելու կամ առնելու ուրիշ քայլեր, որոնք կրնան նկատառելիօրէն սաստկացնել զինուորական ճնշումը, բայց նաեւ անոնց կրնայ ընկերանալ յաւելեալ վնասներու ռիսքը:

ՕԹԱՆ-ի ծրագրողները նաեւ շատ զգայուն են կողմնակի վնասի նկատմամբ` տրուած ըլլալով, որ քաղաքայիններու տառապանքը կ՛ականահարէ քաղաքական եւ դիւանագիտական նեցուկը գործողութիւններու, յատկապէս պատերազմի մը պարագային, որ արդարացուեցաւ մարդասիրական հիմքով: Մինչ այդ Քազզաֆիի նման բռնատէրեր յաճախ կը շահագործեն կողմնակի վնասի նկատմամբ միջազգային մերժումը` քաղաքայիններ դնելով վտանգաւոր վայրերու մէջ` իրենց սեփական քաղաքական եւ դիւանագիտական շահերուն համար, ինչպէս նաեւ իրենց զիրենք ազատելու նպատակով: Միսրաթայի մէջ Քազզաֆիի ուժերը իրենց հրասայլերը եւ ուրիշ ծանր զէնքեր խառնեցին քաղաքայիններու հետ` արգելք հանդիսանալու համար ՕԹԱՆ-ի հարուածներուն: ՕԹԱՆ-ի պաշտօնատար մը դիտել տուաւ, թէ` «Երբ մարդ արարածներ կը գործածուին իբրեւ վահան, մենք չենք յարձակիր»: Արդիւնքը դարձեալ չէզոքացումն է ՕԹԱՆ-ի զինուորական կարողականութեան:

5. Սպասելու խաղեր – Երբ Միացեալ Նահանգներ եւ իրենց դաշնակիցները շեղեցին Լիպիոյ գործողութեան նպատակը` այնպէս ընելով, որ անիկա ներառէ Քազզաֆիի իշխանութեան գլուխէն հեռացումը, տագնապին ուժաբանութիւնը եւս փոխուեցաւ: Հաւասարութիւնը, նոյնիսկ եթէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի «քաղաքայիններ պաշտպանելու» յանձնարարութիւնը իրագործուի, կը նշանակէ դաշնակիցներուն պարտութիւնը: Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց դաշնակիցները պէտք ունին կոտրելու անշարժութիւնը. Քազզաֆին միայն պէտք ունի պահելու զայն: ՕԹԱՆի ղեկավարներուն հաշուարկներով, այդ սպասողական վիճակն ու ճնշումը պիտի յոգնեցնեն Քազզաֆին, բայց ան հաւանաբար ժամանակը իր կողքին կը տեսնէ. եթէ բաւարար ժամանակ դիմանայ, ամերիկացիներն ու եւրոպացիները կը յոգնին տագնապէն:

Ինչպէս որեւէ կամք պարտադրելու պատերազմի մը պարագային, ըմբռնումը ամէն բան է: Որպէսզի Քազզաֆիի վարչակարգը տեղի տայ, բաւարար չէ, որ համադաշնակցութիւնը պահէ ճնշումը: Քազզաֆի պէտք է հաւատայ, որ համադաշնակցութիւնը պիտի ընէ այդ մէկը: Նաեւ բաւարար չէ, որ Քազզաֆիի ռազմավարութիւնները չյաջողին բաժնել համադաշնակցութիւնը կամ տկարացնել ամերիկեան քաղաքական կամքը: Քազզաֆի պէտք է հաւատայ, որ անոնք պիտի ձախողին: Երբ Քազզաֆի հրաժարեցաւ իր կորիզային ծրագիրէն եւ համաձայն գտնուեցաւ արտօնելու, որ լիպիացի պաշտօնատարներ դատի ենթարկուի Արեւմուտքին մէջ, ահաբեկչութեան համար, ան ըրաւ ատիկա, որովհետեւ հաւատաց, որ չունէր շատ այլընտրանքներ` եթէ կ՛ուզէր, որ իր վարչակարգը խուսափէր մեկուսացումէ: Ներկայիս վտանգը աւելի մեծ է Քազզաֆիի համար, ուստի ճնշումը պէտք է շատ աւելի մեծ ըլլայ:

6. Ներքին քաղաքականութիւնը – Այնպէս,  ինչպէս նախագահ Պիլ Քլինթըն ըրաւ 1999-ի Քոսովոյի տագնապի սկիզբը, նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ Լիպիոյ մէջ ցամաքի ուժերու տեղաբաշխումը բանակցելի նիւթ մը չէ: Կարեւոր Բան մըն է հաշիւ ընելը, որ ցամաքի ուժերը անհրաժեշտ չեն, շատ ծախսալից են կամ ուրիշ տեղ անոնց կարիքը կայ, բայց ինչո՛ւ թշնամիին յայտարարել, թէ կացութեան բարդացման համար կարգ մը ընտրութիւններ բնաւ նկատի առնելի չեն:

Որովհետեւ ներքին քաղաքականութիւնը երբեմն կը պարտադրէ այդ մէկը: Տրուած ըլլալով, որ իր վարչամեքենան կը փորձէ արձակել Միացեալ Նահանգները Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն, Օպամա գրեթէ բնաւ հետաքրքրուած չէ երրորդ ծախսալից դաշտի մը մէջ միջամուխ ըլլալու: Բայց անոր տուած խոստումը նաեւ Քազզաֆիին կը թելադրէ, թէ սահման կայ միջազգային ճնշումի սաստկացման եւ անիկա նշան է ամերիկեան զգուշացման ու ծախսէ խուսափումի:

Որովհետեւ ասիկա ազատօրէն ընտրուած պատերազմ մըն է Միացեալ Նահանգներուն համար եւ պարտադրուած չէ ներքին քաղաքական զսպումները աւելի խիստ են: Նախագահ Ճորճ տապըլեու Պուշ դիմագրաւեց միայն որոշ զսպումներ, երբ 2001-ին Միացեալ Նահանգները առաջնորդեց Աֆղանիստանի դէմ պատերազմի. գրեթէ բոլոր ամերիկացիները նեցուկ էին տագնապին, եւ ամերիկեան կենսական շահերը յստակ էին: Իրաքի պարագային աւելի խիստ զսպումներ կային 2003-ին, բայց որովհետեւ Միացեալ Նահանգներուն համար վտանգին սաստկութիւնը ճանչցուեցաւ, նախագահը աւելի կողմնակի շարժումներու առիթ ունեցաւ: Եւ որովհետեւ լաւագոյն պարագային սահմանափակ ռազմավարական պատճառներ կան Լիպիոյ միջամտութեան արդարացման, Օպամայի ընտրանքները աւելի քիչ են:

Նկատի ունենալով, որ ըմբռնումները այդքան կարեւոր են, յաջողութեան մէկ բանալին կը գտնուի ներքին դաշտին մէջ: Քազզաֆի պէտք է հաւատայ, թէ Ուաշինկթընի եւ դաշնակիցներու մայրաքաղաքներուն մէջ ղեկավարները պիտի վճարեն զինք տապալելու գինը: Համադաշնակցութիւնը պէտք է վստահելիօրէն հաստատէ գործողութիւններու սաստկացման սպառնալիքը, եւ ատիկա կը նշանակէ ժողովուրդին առջեւ պաշտպանել կարգ մը դժուար եւ (քուէներու իմաստով) ծախսալից ընտրութիւններ: Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ այլ տեղերու մէջ Միացեալ Նահանգներու հակառակորդներ գիտակից են ամերիկեան քաղաքական պայմանաժամերէն: Վերջին օրերու աւելի ծանր ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ մէջ ուղղաթիռներ տեղաբաշխելու Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի որոշումները դիտել կու տան, թէ ՕԹԱՆ եւս կը շարժի այդ ուղղութեամբ: Սակայն հաւանական չէ, որ այդպիսի աստիճանական փոփոխութիւններ, ցնցեն վարչակարգի ընտրանիները, որպէսզի լքեն Քազզաֆին:

Օպամայի վարչամեքենան պէտք է իր միտքը պահէ այդ վեց գործօնները մինչ կը կշռէ իր յաջորդ քայլերը: Այս հանգրուանին Միացեալ Նահանգները եւ իրենց դաշնակիցները պէտք է որոշեն եթէ իրապէս պիտի վճարե՞ն գինը Քազզաֆին տապալելու. եթէ այո, պէտք է բարձրացնեն գրաւը: Քազզաֆիի վարչակարգը միլիառաւոր տոլարի գումարներ ունի սառած ունեցուածքի ձեւով. անոնցմէ ոմանք պէտք է դրուին ըմբոստներուն տրամադրութեան տակ, կամ համադաշնակցութեան ուժերը պէտք է առնուազն փոխատուութիւններ կատարեն անոնց` այդ ունեցուածքը իբրեւ երաշխիք նկատի առնելով: ՄԱԿ-ի որոշում մը պէտք է վաւերացուի` կարելի դարձնելու համար ըմբոստներուն հասցուելիք զինուորական օժանդակութեան մատակարարումը: Այդ քայլերը աւելի ազդու կը դարձնեն ըմբոստները, պատգամ մը կը ղրկեն Քազզաֆիի հաւատարիմներուն, թէ իրենց պարտութիւնը անխուսափելի է, եւ վերջ ի վերջոյ կ՛օգնեն Լիպիան կայունացնելու գործին մէջ, երբ անոր վարչակարգը վերջապէս տապալի:

ՏԱՆԻԷԼ ՊԱՅՄԱՆ ԵՒ ՄԱԹԻՈՒ ՈՒԱՔՍՄԱՆ

«Ֆորեն փոլիսի»

 

Share this Article
CATEGORIES