«ԷՐՄԵՆ ԷՏԻՄ»
Լիբանանահայ մեր գաղութին մէջ ունինք ծագումով հայ ընտանիքներ, որոնց կը տրուի «էրմեն էտիմ» անունը: Ինչո՞ւ արդեօք կը կոչուին «Հին հայեր», որովհետեւ, ըստ մեզի փոխանցուած ծանօթութեան, անոնք Լիբանան եկած են վաղ ժամանակներուն, նախքան Եղեռնը: Կը պատկանին հայ կաթողիկէ համայնքին: Զմմառու հայ կաթողիկէ վանքը, Լիբանանի Քեսրուանի մէկ լերան վրայ, ունի մօտ 300 տարուան կեանք, հետեւաբար անոնք իրենց հոգեւոր կեանքը եւ սնունդը ստացած են կաթողիկէ ժողովրդապետութեան շուքին տակ:
Այս ընտանիքները մեծ մասամբ գաղթած են Կիլիկիայէն` առեւտրական կամ այլ կարգի աշխատանքներու ձեռնարկած ըլլալով: Կը խօսին արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն, որովհետեւ հայկական դպրոց չեն գացած: Անոնք կը ճանչցուին միայն իրենց անունին ԵԱՆ մասնիկով, երբեմն այդ մասնիկն ալ կրճատուած է: Հայերէնախօսութիւնը մոռցուած է այս ընտանիքներուն յարկին տակ: Անոնց զաւակները, թոռները յաճախած են օտար վարժարաններ, հետեւաբար հայկական մշակոյթէն ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին: Ներկայ կ՛ըլլան հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներուն, եկեղեցի ներկայ կ՛ըլլան սուրբ պատարագին, նաեւ մայիսեան Աստուածամօր նուիրուած աղօթքներուն: Անոնք երբեք բարդոյթ չունին, թէ օտարացած հայեր են, իրենց այս վիճակը կ՛արդարացնեն «Մենք էրմեն էտիմ ենք» բացատրութեամբ: Անոնց զաւակներուն անուններն ալ օտար անուններ են:
Այսուհանդերձ… Այսուհանդերձ, կարելիութիւն չկա՞ր կամ չկա՞յ արդեօք այս դասակարգը հայացնելու գոնէ լեզուով, բարքերով, հայոց արժէքներուն մասին ծանօթութիւններ փոխանցելով: Արդեօք կաթողիկէ պատրիարքութիւնը երկար տարիներու ընթացքին միջոցի մը չէ՞ դիմած յատուկ դասերով, երեկոյեան ժամերուն փոխանցուած դասապահերու շարքով մը զանոնք մօտեցնելու մեր մշակոյթին: Գէթ նոր սերունդի զաւակները պէտք չէ՞ ծանօթանան հայ մշակութային արժէքներուն, նախ` հայ լեզուին…
Այս հարցադրումը կ՛ընենք` ակնկալելով, որ հայանուն բայց օտարացած մեր այս դասակարգը կ՛ունենայ զարթօնք մը` մօտենալու հայ մշակոյթին, լիբանանեան մեր վարժարաններուն, մեր կառոյցներուն: Արդեօք անկարելի՞ն կ՛ուզենք… Ու մտածել, որ լիբանանեան մեր բազմաթիւ հայկական վարժարաններէ հեռու մնացող մեծաթիւ զանգուած մը ունինք, որ ինքզինք կը հեռացնէ մեր ձեռնարկներէն:
Մենք այս դասակարգին պարբերաբար կը հանդիպինք հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ կատարուած սուրբ պսակի արարողութեանց, կամ` այս համայնքին կողմէ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, կը լսենք անոնց արաբերէն թրքերէն եւ ֆրանսերէն խօսակցութիւնը, յետոյ անոնց խօսքերը լսողները կը «վաւերացնեն» սա արտայայտութեամբ.
– Ասոնք էրմեն էտիմ են…» եւ վերջ: Ուրեմն իրաւունք ունին հայերէն չխօսելու…
Արդեօք ե՞րբ ուրախութիւն պիտի ունենանք իմանալու, թէ անոնք արդէն եղած են «Էրմեն ժետիտ», անոնց զաւակները սկսած են խօսիլ հայերէն: Անկեղծօրէն շատ պիտի ուրախանայինք, եթէ այսպիսի բարի լուր մը լսէինք: Հայոց ցեղասպանութենէն դար մը անցած է արդէն, տակաւին հայեր կան, որոնք չեն ուզեր արթննալ անհաճոյ այս կացութենէն, անտարբերութեամբ հետեւած են լիբանանահայ հայկական կեանքին: Մեղքը որո՞ւ է արդեօք:
Այս տողերը գրեցինք ցաւ ի սիրտ, բայց` գոնէ անգամ մը յիշեցնելու արաբախօս կամ ֆրանսախօս մեր հայրենակիցներուն, որ սիրեն մեր լեզուն, մեր մեսրոպաշունչ մշակոյթը:
Առիթը յարմար է քանի մը տող փոխ առնելու Գամառ Քաթիպայէն.
«Դուն խելօք հաշուով վաճառական ես
Միւլք, փող, ապրանք, կ՛ասեն շատ ունես,
Բայց թէ քու փողէդ շահ չունի Հայաստան…»:
Յուսանք մեր այս տողերը կարենան մեղմ զարթուցիչի հնչիւնը ունենալ:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

