Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Միջեւ Փոփոխուող Փոխյարաբերութիւնները

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը անցեալ տարուան դեկտեմբերին խումբ մը մասնագէտներ եւ վերլուծաբաններ հրաւիրած էր Երեւան` քննարկելու սփիւռքի փոփոխուող դերը հայրենիքի նկատմամբ: «Յարափոփոխ աշխարհ, փոփոխուող սփիւռք» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկման մասնակիցները եկած էին` Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Արժանթինէն, Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Լիբանանէն եւ Հայաստանէն:

Քննարկումը նուիրուած էր սփիւռքի կազմութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեան կատարելագործման, աշխատանքի նոր ձեւերու եւ միջոցներու  փնտռտուքին ու հեռանկարներուն:

Ստորեւ կը ներկայացնեմ հատուածներ հանդիպման ժամանակ ունեցած իմ ելոյթէս.

Հայաստանի անկախացումէն ետք սփիւռքը կանգնեցաւ բոլորովին նոր կացութեան մը առջեւ: Շատ մը սփիւռքահայեր անակնկալի եկան ազատ Հայաստանի վաղեմի բաղձալի երազանքի յանկարծակի իրականացումէն: Նոր բառեր յայտնուեցան անոնց բառապաշարին մէջ. Արցախ, երկրաշարժ, շրջափակում, արձանագրութիւն, ընդդիմութիւն, համաձայնական կառավարութիւն, իշխանափոխութիւն:

Սփիւռքահայերու մեծ մասին համար շատ դժուար էր տարանջատել անհատի, համայնքի կամ կազմակերպութեան գործողութիւնները պետութեան իրաւասութիւններէն եւ պարտաւորութիւններէն: Միաժամանակ, Հայաստանի նոր ղեկավարները լիովին չըմբռնեցին սփիւռքահայերու հայրենասիրական զգացումները, փափաքներն ու իղձերը, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք` անախորժ խրամատ յառաջացաւ երկու կողմերուն միջեւ:

Հարցը աւելի բարդ է, քանի որ սփիւռքը միաձոյլ գոյութիւն չէ, այլ կազմուած է բազմաթիւ եւ բազմատեսակ սփիւռքներէ,  իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնները` հաստատուելով եւ ապրելով տարբեր ժամանակաշրջաններու, օտար երկիրներու մէջ եւ գոյատեւելով տարբեր լեզուամշակութային ազդեցութիւններու տակ:

Երբ Հայաստանի մէջ լրագրողները ինծի կը հարցնեն այս կամ այն հարցին վերաբերեալ սփիւռքի տեսակէտներու մասին, ես կը դժուարանամ պատասխանելու: Ինչպէ՞ս կրնայ ոեւէ մէկը ընդհանրական ներկայացնել եօթը միլիոն սփիւռքահայերու բազմաբնոյթ տեսակէտները: Սփիւռքի մեծամասնութեան կարծիքը արտացոլացնելու համար պէտք է կազմակերպել համահայկական կառոյց մը կամ ընդլայնել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործառոյթները հանգանակութենէն անդին կամ ալ ստեղծել բոլորովին նոր կառոյց մը, որ ներկայացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս ամբողջ աշխարհի հայութիւնը` «Մէկ հայ, մէկ քուէ» սկզբունքի հիման վրայ: Այս ձեւով ընտրուած ներկայացուցիչները իրաւասու կ՛ըլլան խօսելու սփիւռքահայերուն անունով եւ պարբերաբար հանդիպումներ ունենալու Հայաստանի ու Արցախի ղեկավարութիւններուն հետ` ճշդելու համազգային առաջնահերթութիւնները եւ խորհրդակցելու խնդրայարոյց հարցերու շուրջ:

Հայ ժողովուրդի բոլոր երեք թեւերու (Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք) ղեկավարները կրնան այնուհետեւ քննարկել իրենց դիրքորոշումները եւ համաձայնիլ դերերու բաժանումին շուրջ: Այսպիսի քաղաքակիրթ եւ ազգային շահերէ բխող մօտեցումը աւելի նախընտրելի է, քան` յարատեւ ներքին պայքարներն ու բախումները,  որոնք երբեմն տեղ կը գտնեն, ինչպէս եղաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան ատեն:

Նախընտրելի է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի նրբանկատ ըլլան սփիւռքահայերը յուզող կարեւոր հարցերու նկատմամբ եւ խորհրդակցին անոնց հետ նախքան այդ հարցերուն շուրջ վերջնական որոշումներ կայացնելը:

Հասկնալի է անշուշտ, որ Հայաստանի ղեկավարները պարտաւոր չեն ընդունիլ երկրի սահմաններէն դուրս գտնուող ոեւէ մէկուն հրահանգները: Բոլոր հարցերուն շուրջ վերջնական որոշում կայացնելու ատեն, այնուամենայնիւ, անոնք բարոյական եւ ազգային պարտաւորութիւն ունին` նկատի ունենալու սփիւռքահայ գլխաւոր կազմակերպութիւններու դիրքորոշումը` սփիւռքի ընտրովի կառոյցի բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Ամէն պարագայի, Հայաստանի իշխանութիւնները պատասխանատու են ազգին առջեւ իրենց տուած որոշումներուն համար: Անոնք կը գնահատուին, երբ ճիշդ որոշումներ կը կայացնեն եւ կը քննադատուին սխալներ գործելու պարագային:

Պէտք է նշել, որ սփիւռքի ընտրովի կառոյցի ստեղծումը թէեւ խիստ դժուար իրագործելի է, սակայն շատ աւելի ընդգրկուն եւ ներկայացուցչական է, քան` նշանակովի մարմինները կամ կազմակերպութիւնները, հակառակ անոնց ազգանուէր աշխատանքին, զոր կը ներկայացնեն սոսկ իրենց անդամներուն: Անհրաժեշտ է ներգրաւել մեր ժողովուրդին լայն խաւերը, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ դառնան մեր ազգային աշխատանքները, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան կը կազմակերպեն իրենց սփիւռքները եւ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն խոչընդոտելու համար մեր արդար պահանջները Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին:

Ինչպէս յաճախ կը սիրենք կրկնել` «Ազրպէյճանը քարիւղ ունի, Վրաստանը` ծով, իսկ Հայաստանը` սփիւռք»: Սակայն անկազմակերպ եւ հետզհետէ հիւծուող սփիւռքը շատ քիչ արժէք կը ներկայացնէ մեր ազգային հարցերուն մէջ, ո՛չ կրնայ ինքն իրեն պահել եւ գոյատեւել, ո՛չ ալ օգտակար ըլլալ հայրենիքին:

Բոլորս պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընենք, որպէսզի հզօր հայրենիք եւ ուժեղ սփիւռք ունենանք: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին գոյութիւնը ու գոյատեւումը կախեալ է միւսին կենսունակութենէն:  Հակառակ սփիւռքի նախարարութեան արդիւնաւէտութեան` պէտք է գիտակցինք, որ անհրաժեշտ աշխատանքը այնքան վիթխարի է, որ ան դուրս կու գայ մէկ նախարարութեան կարողութիւններու ծիրէն: Խիստ պահանջ կայ Հայաստանի ամբողջ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի մասնակցութեան եւ աջակցութեան համար, որպէսզի սփիւռքահայերը զգան հայրենիքի հետաքրքրութիւնը եւ հոգատարութիւնը իրենց հանդէպ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

 

Share this Article
CATEGORIES